Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայաստանեան լուրեր

December 21, 2024
in Հայաստան
0
Հայաստանեան լուրեր

* Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան-Յունաստան երկկողմ ու Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները: Քննարկուած են պաշտպանական համագործակցութեան ուղղութեամբ 2024 թուականին կատարուած աշխատանքները եւ 2025 թուականի ընելիքները։ Կողմերը արձանագրած են, որ համագործակցութիւնը թէ՛ ծաւալային, թէ՛ բովանդակային առումով զգալի յառաջընթաց արձանագրած է եւ ընդգրկած է այնպիսի կարեւոր ուղղութիւններ, որոնք աւելի երկարաժամկէտ, համակարգային աշխատանք կը պահանջեն։ Քննարկուած են նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ նոր մօտեցումներու եւ չափորոշիչներու ներդրման հարցերը։ Աւարտին ստորագրուած են Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական համագործակցութեան 2025 թուականի ծրագրերը, որոնք կ’ընդգրկեն քանի մը տասնեակ միջոցառումներ զինուած ուժերու կենսագործունէութեան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ։

* Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է շարունակելու իր ջանքերը՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան ցանկալի նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Ընդգծելով, որ «տարածաշրջանային երկխօսութիւնը փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման բանալին է»՝ Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեամբ, որ նպատակ ունի զարգացնելու տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը։ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան արդէն համաձայնած են համատեղ գնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանի անցման տեխնիկական պահանջները։ Կիւմրիէն Կարս տանող երկաթուղիով վերջին անգամ 1993 թուականին գնացք անցած է, երկու երկիրներու պետական սահմանը այդ տարի փակուեցաւ։

 

 

 

 

 

 

Share67Tweet42
Previous Post

ՎԵՐՋԻՆԸ(՞)…

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ԽԻԱՄԻ ՄԷՋ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ ԽԻԱՄԻ ՄԷՋ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»

ՄԻՔԱԹԻ ԽԻԱՄԻ ՄԷՋ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ՏԱԼ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.