Կեանքի մէջ դէմ-յանդիման կու գանք դրուագներու, պատահարներու ու տակաւին անցուդարձներու եւ մարդոց-բարեկամներու հետ հանդիպումներու, քիչ մը ամէն տեղ, երբ չես մտածեր թէ երեւի մէյ մըն ալ կարելիութիւնը պիտի ունենա՞ս ապրելու այդ պատեհութիւնը։ Կեանքի յաջորդականութիւնը մեզ այդքան զբաղ կրնայ պահել, որ չմտածենք ապրուած այդ պահի կարեւորութիւնը եւ ջերմութիւնը։
Հոկտեմբեր 2024, Թորոնթօ, Գանատա, իմ հայերէն նոր գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացումին։ Խաչիկ Տէտէեան ըրաւ իր սիրտի խօսքը եւ Իրման իր գեղեցիկ ներշնչումով արտասանեց-ներկայացուց իմ յօդուածներէն մին։ Եւ Թորոնթոյի մէջ քանի մը այլ առիթներով դարձեալ հանդիպեցանք իմ կարճ այցելութեանս ընթացքին՝ բայց չկրցայ տեսնել, թէ այդ պիտի ըլլար իմ վերջին(՞) հանդիպումը Իրմային հետ…։ Եւ վրայ հասաւ մահուան գոյժը…։
Երկար տարիներու մեր ընտանեկան բարեկամութեան մէջէն ապրեցանք շատ գեղեցիկ օրեր։ Կերտեցինք բարեկամութիւն եւ նոյնքան նաեւ յիշատակներ, որ մեր կեանքերուն վրայ դրին դրոշմ, բայց մանաւանդ տուին ջերմութիւն։ Պէյրութ, Երեւան, Նիկոսիա եւ Թորոնթօ…։ Եւ Թորոնթօն երեւի եղաւ վերջինը՞…։
Իրման ապրեցաւ մշակոյթով։ Մշակոյթը դարձուց իր ինքնութիւնը։ Բայց Իրման չպահեց այդ ինքնութիւնը իր մէջ։ Ան բաժնեկցեցաւ գաղութին, հայութեան եւ մեր բոլորին հետ։ Սիրեց ու սիրցուց մեզի հայ գրականութիւնը, բայց մանաւանդ՝ բանաստեղծութիւնը։ Իրմային իւրաքանչիւր քերթուածի մը արտասանութեան մէջէն եթէ կար արուեստի յատուկ շունչով ներկայացում-ընկալում, բայց նոյնքան նաեւ զգաստութեան հրաւէր։ Զգաստութիւնը մեր բոլորին՝ ինծի եւ իւրաքանչիւրին։
Թէ հայը կ’ապրի իր մշակոյթով։ Եւ մշակոյթը՝ իր ամբողջական հասկացողութեան մէջէն՝ հայուն պատմութիւնը պիտի տանի շարունակականութեան գործընթացի մէջ։ Եւ Իրման՝ իր արուեստագէտի տաղանդով ու արտասանական յատուկ ձիրքով ու նուիրուածութեամբ մեզ միշտ զգաստացուց, թէ հայուն մշակոյթը պէտք է պահել եւ գուրգուրալ անոր համար։ Այս մշակոյթն է որ պիտի ապրեցնէ հայը։ Իրման չյոգնեցաւ այս սէրը մեզի փոխանցելէ։ Այս արուեստը, եւ այս արուեստին համար ապրուած նուիրական կեանքը չի մեռնիր…։ Կը շարունակուի…։ Այս ալ Իրմային շարունակուող կեանքն է…։
Սիրելի Խաչիկ,
Շատ հաւանաբար «ինչու» ներու տեղատարափ մը պիտի խճողեն քու բանաստեղծի զգայուն հոգին։ Բայց ես նոյնքան վստահ եմ, որ դուն հայ քրիսոտնեայ մարդն ես։ Դուն քու հաւատքդ դրոշմած եւ խարսխած ես Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցիի վրայ։ Այս հաւատքով պիտի գտնես մխիթարութիւնը…։ Եւ պիտի շարունակես քալել այս կեանքին մէջ նոյնինքն այս հաւատքին տուած ուժով եւ անոր մխիթարութեամբ։ Եւ պիտի շարունակես ստեղծագործել՝ քաջ վստահ ըլլալով, որ իւրաքանչիւր նոր բանաստեղծութիւն որ կը գրես, ունի իր ներկայացնող-արտասանողը։ Եթէ ոչ երկրի վրայ, բայց՝ երկինքէն։ Եւ արտասանողը՝ դարձեալ քու Իրման է…։
Սիրելիներ՝ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։ Ձեր մայրը ձեր մէջ դրոշմեց անսահման սէր։ Այդ սէրը ձեզ պիտի շարունակէ աճեցնել երբ դուք պիտի կերտէք ձեր անձնական ընտանիքները։ Իրման անպայմանօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ ձեր հետ։
Եթէ գիտնայի թէ Թորոնթոյի մէջ իմ վերջին հանդիպումը պիտի ըլլար Իրմային հետ, երեւի պիտի ըսէի.
«Շնորհակալութիւն, Իրմա, քու բարեկամութեանդ համար։ Շնորհակալութիւն քու արուեստիդ ու զայն ներկայացնելու քու տաղանդիդ։ Շնորհակալութիւն, որ այս բոլորը մեզի հետ բաժնեկցեցար եւ իւրաքանչիւր «բարի լոյս»-ի թէ այլ շատ մը առիթներու-ելոյթներու թէ յայտագիրներու մէջէն մեզ զգաստացուցիր։
Թէ հայը կ’ապրի իր մշակոյթով։ Սիրեցէք եւ պահեցէք զայն։
Աշխարհագրականօրէն շատ հեռու, բայց Արտան եւ ես ձեզի հետ ենք հոգիով, սրտով եւ մտածմունքով։ Մեր արցունքներուն կը միացնենք մեր աղօթքները եւ կը հայցենք Սուրբ հոգիին մխիթարութիւնը ձեր բոլորին։
Յարգանք Իրմային կեանքին եւ վաստակին։
Ցաւակցօրէն՝
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա