Տոնալտ Թրամփի սերտ յարաբերութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ միշտ ալ տարակուսանք յառաջացուցած է ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ։ Ոմանք այդ վերագրած են Թրամփի ունեցած համակրանքին՝ բռնապետ ղեկավարներու նկատմամբ, ուրիշներու կարծիքով այդ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ մէջ Թրամփի ունեցած տնտեսական շահերով։
Թրամփի պաշտօնավարման առաջին շրջանին օտար երկիրներու ղեկավարներէն ան ամէնէն շատ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին հետ եւ որդեգրած է Թուրքիոյ ի նպաստ արտաքին քաղաքականութիւն, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ։ Հետեւաբար, անակնկալ չէր, որ ան շարունակէ շարժիլ նոյն ուղղութեամբ։
«Մարա ԼաԿոյի» իր ապարանքին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թրամփ պատասխանելով Սուրիոյ մասին իրեն ուղղուած հարցումին, ըսած է. «Ոչ ոք գիտէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ, բայց ես կը կարծեմ, որ Թուրքիան, ըստ էութեան, իր ձեռքին մէջ կը պահէ Սուրիոյ բանալին: Չեմ կարծեր, որ դուք այս մասին կը լսէք ոեւէ մէկէն, բայց ես այդ կը կանխատեսէի»։ «Թէեւ դեռ տարածաշրջանէն ներս իրավիճակը անորոշ է, սակայն տեղւոյն վրայ առանցքային դերակատարն ու հիմնական շահառուն Թուրքիան է», աւելցուցած է Թրամփ։
Թրամփ գովասանքով խօսած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Էրտողանի հասցէին, շեշտելով որ անոնք հասան հարիւրամեակներով իրենց փայփայած նպատակին. «Ես Էրտողանի հետ շատ լաւ լեզու կը գտնեմ, ու պատերազմը զինք չէ տկարացուցած։ Այս միջոցին շատ ուժեղ ու հզօր բանակ ստեղծած է։ Թուրքիան է Սուրիան գրաւած ուժերու ետին։ Էրտողանը շատ խելացի է, թուրքերը հազար տարի շարունակ ուզած էին վերահսկել Սուրիան, իսկ այն մարդիկ, որ իշխանութեան եկած են, այժմ կը վերահսկուին Թուրքիոյ կողմէ»։
Թրամփի այս բոլոր խօսքերուն մէջ մէկ ճիշդ բան կայ՝ «չեմ կարծեր, որ դուք այս մասին կը լսէք ոեւէ մէկէն»։ Այո՛ Ամերիկայի ոչ մէկ ղեկավար պատմական անճշդութիւններով համեմուած նման տխմար տեսակէտեր պիտի արտայայտէր, որոնք չեն բխիր Ամերիկայի շահերէն։
Այսպիսով Թրամփ կանաչ լոյս կը բանայ Թուրքիոյ առջեւ, որպէսզի ան իրեն կցէ սուրիական տարածքներ ու յարձակումի անցնի Սուրիոյ քրտական շրջաններուն դէմ։ Ասոնք այն քիւրտերն են, որոնք ամերիկեան զօրքերուն հետ կողք-կողքի կռուեցան «Իսլամական պետութիւնը» կամ «Տաէշը» պարտութեան մատնելու համար։
Ամերիկան ներկայիս Սուրիոյ կեդրոնական շրջաններուն մէջ ունի 900 բանակայիններ։ Էրտողանի նպատակը միշտ ալ եղած է, որ այդ զինուորները դուրս գան այդտեղէն, որպէսզի ինք ազատօրէն շարժի քրտաբնակ շրջաններուն դէմ։
Ինչպէս ասկէ առաջ ըսած ենք, Թրամփի հիացմունքը Էրտողանի նկատմամբ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ Հարաւային Կովկասի վրայ։ Ամերիկայի յաջորդ նախագահը նոյն իրաւունքը կրնայ շնորհել Էրտողանին, որպէսզի ան Ալիեւի հետ միասին փորձէ աքցանի մէջ առնել Հայաստանը եւ Թրամփի համաձայնութեամբ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պարտադրեն Երեւանին։
Թրամփ, չտիրապետելով միջազգային քաղաքականութեան ծալքերուն, կը խորհի, որ անձնական յարաբերութիւններու միջոցաւ կրնայ աշխարհաքաղաքական բարդ հարցերուն լուծումներ գտնել։ Ան, փաստօրէն Սուրիան յանձնելով Թուրքիոյ, կրնայ նոյնը ընել Կովկասի մէջ եւս։ Հայութիւնը մտահոգուելու պատճառ ունի Ամերիկայի յաջորդ նախագահով, եթէ իր շրջապատը չկարողանայ հսկողութեան տակ առնել անոր արտաքին քաղաքական անսովոր քայլերը։
ԳՐՒԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»