«ԱՐԱՐԱՏ», 8-13 Դեկտեմբեր 1969
Հայրենի բանաստեղծ Գէորգ Էմինի (1919-1998) անունը ծանօթ է այսօր մեծին ու փոքրին։ Անոր քանի մը նշանաւոր քերթուածները տեղ գտած են սփիւռքեան մեր դասագիրքերուն մէջ անգամ ու կ՛արտասանուին բեմերէ (օրինակ՝ «Սասունցիների պարը»)։ 60-ականներուն եւս, Էմին բաւական հռչակ ունէր արտասահմանի մէջ՝ Սիլվա Կապուտիկեանի, Համօ Սահեանի, Պարոյր Սեւակի նման։
«Արարատ», 8 Դեկտեմբերի իր թիւով, տեղ տուած է իր աշխատակիցներէն Ս. Պալաթոնի մէկ յօդուածին՝ Էմինի ծննդեան 50-ամեակին առիթով։ Յօդուածագիրը նախ կը յիշեցնէ որ Էմինի քերթողական երախայրիքը լոյսին եկած էր 1940-ին։ Գրական այդ երթը շարունակուեր էր յաջորդ տարիներուն, նոր ստեղծագործութիւններով։ Ասոնց մէջ ուշագրաւ էր մա՛նաւանդ 1949-ին տպուած «Նոր ճանապարհ» ժողովածուն, ուր հայրենադարձութեան ձօնուած ոգեշունչ տաղեր կային եւ որոնց շնորհիւ «Էմին լայն ճանաչում գտաւ գաղթաշխարհի տարագիր հայութեան մէջ, իբրեւ անոր ցաւերուն եւ հայրենակարօտ զգացումներուն հարազատ արտայայտիչը»։
Վերոնշեալ միեւնոյն թիւով՝ Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) կ’արձագանգէ դրացի «Ազդակ»-ի մէջ իրաքահայ ազգային ծանօթ գործիչ բժ. Հասրաթ Միքայէլեանի (1908-1990) մէկ յօդուածին։ Վանիկ գոհունակութիւն կը յայտնէ որ դաշնակցական բժիշկը դաշնակցական մամուլի մէջ դրականօրէն կ’արտայայտուի Խորհրդային Հայաստանի նուաճած վերելքին մասին, ինչ որ շրջադարձ մըն է, ըստ իրեն։ Բժ. Հասրաթ Միքայէլեան գրեր է սա՛պէս. «Թէեւ համայնավար ժառանգով, բայց եւ այնպէս ազգային ոգիի շունչն ու արտայայտութիւնը իրապէս զգալի է ամէն մարզի մէջ։ Հայաստանի հայութեան հոգեկան ապրումներն ու ազգային հարցերու նկատմամբ ունեցած մտահոգութիւնները այսօր այնպէս չեն՝ ինչ որ էին ասկէ 10-15 տարի առաջ»։ Ան դրական նկատեր է նաեւ արտասահմանի հայութեան հետ անմիջական շփում հաստատելու Հայաստանի քայլերը, ներգաղթի ծրագրերը եւ այլն։
Հայրենի բանաստեղծ Հրաչեայ Յովհաննիսեան (1919-1997) յօդուածով մը կը նկարագրէ «Մայրաքաղաքի տօնական առաւօտը» (գրութեան խորագիրն է)։ Հոս «տօնական» բառը կ’առնչուի Հոկտեմբերին, 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 52-ամեակին։ Յօդուածագիրը, բնականաբար, նախ տուրք կու տայ սովետ գաղափարախօսութեան, այնուհետեւ կը շրջի Երեւանի քանի մը տեսարժան վայրերը (Արին-բերդ, Սասունցի Դաւիթի արձան, Լենինի հրապարակ) ու կը փորձէ ազգային ու հայրենական խորհուրդներ ջոկել հոնկէ…։
Վահրամ Փափազեան Նիւ Եորքէն թղթակցութիւն մը ղրկեր է թերթին՝ նկարագրելով պուքրէշաբնակ մեծանուն մտաւորական Յ. Ճ. Սիրունիի նուիրուած «Յարգանքի օր»-ը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիրունի (1890-1973) Եղեռնի վերապրողներէն էր, շրջան մըն ալ ճաշակեր էր Սիպերիոյ աքսորավայրերուն «բարիքներ»-ը՝ երբ Ռումանիան ինկեր էր համայնավարներու թաթին տակ…։ Զինք յա՛տկապէս կը յիշենք իր «Պոլիս եւ իր դերը» քառահատոր կոթողային գործով։ Արդ, Նիւ Եորքի հայութիւնը, նախաձեռնութեամբ պոլսեցիներու Էսայեան սանուց եւ ռումանահայերու ՐաՖՖի մշակութային միութեանց, առաջնորդարանի «Գաւուքճեան» սրահին մէջ մեծարած է Սիրունին (ի բացակայութեան)։ Բանախօսեր է Էսայեանի ատենապետ Յարութիւն Յովնանեան։ Գործադրուեր է գեղարուեստական յայտագիր։ Աւարտին, ներկաներուն բաժնուեր են «կամաւոր նուիրատուութեան պահարաններ, որոնց հասոյթը պիտի յատկացուի Սիրունիի անտիպ գործերուն հրատարակութեան»։
Թերթին յաջորդական չորս թիւերով՝ Մինաս Գանգրունի մանրամասն խօսեր է Յովհաննէս Թումանեանի նշանաւոր «Անոյշ» օփերային մասին, որուն երաժշտութիւնը մշակուած է երգահան Արմէն Տիգրանեանի կողմէ։ Գլխաւոր տիպարներուն՝ Անոյշի ու Սարոյի սիրային ամբողջ պատումը ներկայացուեր է հոս իր 5 արարներով ու 7 պատկերներով։ Վայրը՝ Լոռիի գիւղական շրջանն է, ժամանակը՝ ԺԹ. դարու վերջաւորութիւնը։ Օփերան կ’աւարտի ողբերգական դէպքերով. Սարօն կը սպաննուի, իսկ Անոյշ կը խելագարի ու ինքզինք կը յանձնէ փրփրադէզ գետի ջուրերուն…։ Յօդուածագիրը իր բացատրութիւններուն զուգահեռ՝ մէջընդմէջ կատարեր է մէջբերումներ պոէմէն, աւելի ցայտուն դարձնելով նկարագրութիւնները, մեներգերու, երգաձայն խօսքերու եւ խմբապարերու իմաստը։
Թերթին շաբաթական «Գրական էջ»-ը հիւրընկալեր է լայն հատուած մը Հայաստանէն Սերգէյ Ումառեանի (1920-1995) նորատիպ մէկ վիպակէն, որ կը կոչուի «Սարսափի ձայներ»։ Վիպակը կը խօսի եղեր «գերմանական համակեդրոնացման ճամբարներուն եւ բանտերուն մէջ հերոսաբար մաքառած հայրենասէրներու մասին»։
Նոյն էջին մէջ, Պէպօ Սիմոնեան գրախօսեր է Վեհանոյշ Թէքեանի անդրանիկ քերթողագիրքը՝ «Կապոյտ Ապրիլ»-ը (Պէյրութ, 1969)։ Յօդուածագիրը նշեր է որ երիտասարդ ու շնորհալի բանաստեղծուհին կազմաւորուեցաւ առաւելաբար «Սփիւռք» շաբաթաթերթի էջերուն մէջ, հո՛ն կատարելով իր նախափորձերը։ Յաջողութիւնը ակներեւ է, սակայն ենթական… «պէտք չէ մեծամտանայ»։ Իբրեւ նախաճաշակ՝ տրուած է Թէքեանի նոր հատորէն «Սիրտս սկիհ է» բանաստեղծութիւնը։
Դա՛րձեալ նոյն էջին մէջ, չափածոյ ստեղծագործութիւն մը տրուեր է Վարդերես Գարակէօզեանէն (հակառակ պոլսահայ ըլլալուն՝ Գարակէօզեանի քերթուածը արեւելահայերէնով է)։ Խմբագրութիւնը կը հաւաստիացնէ, թէ այս նոր անունը «խոստացաւ մնայուն կերպով աշխատակցիլ մեր գրական էջին»։
Սամօ (Սարգիսեան) արձանագրեր է Լ. Շանթի «Կայսր» թատերախաղէն ստացած իր տպաւորութիւնները (գործը բեմադրուած էր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ, ժորժ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ)։ Ան ամփոփեր է փիէսին նիւթը ու գնահատանքով խօսեր է դերակատարներուն մասին (Խաչիկ Արարատեան, Ժորժ Շահապեան, Գարմէն Տէր Կարապետեան, Գալուստ Ճանսըզեան, Զեփիւռ Շանթ եւ այլք)։ Շեշտեր է որ յապաւումներն ու խտացումները բնաւ չէին ազդած երկին վրայ։ Այս յօդուածը լաւ տպաւորութիւն կը գործէ (վստահաբար՝ լաւ տպաւորութիւն գործեր է օրի՛ն եւս, 55 տարի առաջ), քանի որ ենթահող մը կը ստեղծէր, որպէսզի ինչ-ինչ պատճառներով իրարու հակադրուած մեր կազմակերպութիւններն ու մամուլը զիրար գնահատէին, սկսէին զիրար «տեսնել»…։
Հալէպէն յղուած թղթակցութիւն մը կը խօսի գեղանկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հէճինեանի սարքած գծագրական մէկ ցուցահանդէսին մասին (պետական թանգարանի սրահը)։
«Արարատ»–ի Դամասկոսի թղթակիցը հարցազրոյց մը կատարեր է թեմին հոգեւորականներէն Տ. Պարգեւ քհնյ. Պարտագճեանի հետ, անոր Հայաստան կատարած այցելութեան թարմ տպաւորութիւնները արձանագրելով։ Երբ հարց կը տրուի իրեն, թէ ի՞նչ զգացումներով ոտք դրաւ հայրենի հողին, քահանան յուզումնահար կը պատասխանէ.
— Ա՜խ, ո՛րդի, ո՞վ կարողացած է գերագոյն պահերու հարազատ պատկերը տալ, երբ խռնուող զգացումները կը խանգարեն տեսողութեան ու դատողութեան աշխատանքը, երբ վերացման պահը մեզ կը դարձնէ դրախտ ինկած զգայազիրկ երջանիկը, որ կը խեղդուի լոյսերու, բոյրերու, խորհրդաւոր շշուկներու յորձանուտին մէջ…։ Չէի հաւատար աչքերուս…։ Ես՝ դժբախտ ազգի մը բեկորը, հայրենի գի՜րկն ըլլամ, մեծ մայրաքաղաքի մը օդակայա՜նն ըլլամ…։
Իբրեւ տեղական լուր՝ կը հաղորդուի, թէ13 Դեկտեմբերին Պէյրութէն դէպի Պերլին մեկներ է հնչակեան ղեկավար Վահրիճ Ճէրէճեան, որպէս մէկ անդամը Լիբանան-Դեմոկրատական Գերմանիա բարեկամութեան կոմիտէին։ Ճէրէճեան լիբանանցի երկու այլ պատուիրակներու հետ ԳԵրմանիա պիտի մնայ եղեր 15 օր, պիտի մասնակցի համագումարի մը, ունենայ հանդիպումներ, կատարէ զբօսաշրջական պտոյտներ։
Թերթին էջերուն, ինչպէս միշտ, հրատարակուեր են ծանուցումներ՝ ազգային-միութենական գործունէութեանց մասին։ Այսպէս, հանրութիւնը հրաւիրուեր է Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի Ա. խումբի մարզիկներուն հետ հանդիպումի մը, լսելու համար անոնց հայրենական տպաւորութիւնները (մարզիկները Հայաստան գտնուած էին քանի մը շաբաթ առաջ)։ Նոյն ձեռնարկին ընթացքին՝ Յովհաննէս Ճէրէճեանի կողմէ պիտի կատարուի եղեր հայաստանեան տեսարժան վայրերու լուսանկարներու ցուցադրութիւն, մոգական լապտերով (Հ.Մ.Մ.-ի տան մէջ, Դեկտ. 8)։
Քանի որ Հայաստանէն ժամանած մշակութային գործիչներու խումբ մը կը գտնուէր Պէյրութ, ուստի՝ Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը հրապարակային «Հարցազրոյց» մը պիտի կատարէ եղեր անոնցմէ ոմանց հետ։ Պիտի մասնակցին եղեր ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեան, գրող Կարէն Սիմոնեան, հասարակական գործիչ Արման Նաւասարդեան, երաժշտագէտ Գեղունի Չթճեան եւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեան (Հ.Մ.Մ.-ի տան մէջ, Դեկտ. 16)։
«Էրեբունի» ֆոլքլորի խումբը հանդէս պիտի գայ եղեր ժողովրդական պարերով։ «Սեւան» նուագախումբն ու երգիչ Լեւոն Գաթըրճեանն ալ պիտի ընկերանան եղեր խումբին (Գ. Կիւլպէնկեան սրահ, Դեկտ. 14)։
Հաննէսեան եղբայրներ, Կոմիտասի 100-ամեակին առիթով, հրատարակեր են «Շիրակ» ձայնագրեալ երգարանի թիւ մը՝ 44 անտիպ երգերով։
Հ.Մ.Մ.-ի համալսարանական թեւը պտոյտ մը կազմակերպեր է եղեր դէպի Եգիպտոս, 10 օրուան վրայ, կեցութեան ու ճաշի բոլոր ծախսերը ներառեալ՝ 275 լ.ո.։ Տէմիրճեան եղբայրներու կողմէ (Սին էլ-Ֆիլ) ուրիշ պտոյտ մըն ալ կազմակերպուեր է դէպի Հայաստան, 14 օրուան վրայ։ «Արաբկիր» պանդոկ կեցութիւնը՝ 575 լ.ո., իսկ «Արմենիա» պանդոկը՝ 695 լ.ո. է եղեր…։
Այս անգամուան իմ «պեղում»-ը կ’աւարտեմ «Տարօրինակութեան աշխարհէն» խորագրով կարճ գրութեամբ, ուր կը կարդանք.
— Վարդն ու յափրուկը (reseda) ոխերիմ թշնամիներ են։ Եթէ այդ երկու ծաղիկները դրուին մէկ ծաղկամանի մէջ, անոնց միջեւ մահացու պատերազմ կը սկսի։ Յափրուկը շուտով կ’իջեցնէ իր գլխիկը, կը թօշնի։ Բայց մահէն ետք չի դադրեցներ պայքարը. ան ջուրին մէջ կը կաթեցնէ մահացու կաթիլներ, որոնք կը փճացնեն վարդը։ Եթէ վարդն ու մեխակը մէկ ծաղկամանի մէջ դրուին, այլեւս չեն բուրեր։ Ուրիշ ծաղիկներու հետ չեն կրնար դրուիլ նաեւ զանգակածաղիկները, որոնք կը փճացնեն իրենց «դրացիներ»–ը՝ ջուրին մէջ կաթեցնելով թունաւոր հիւթ։
Ի՛սկապէս՝ տարօրինակ բայց իրաւ…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)