Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶՈՒՏ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏՕՆԵՐ

December 21, 2024
in Լիբանանեան
0
ԶՈՒՏ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏՕՆԵՐ

 

Զբօսաշրջային ընկերութիւններու սենտիքաներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի ակնկալեց, որ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի տօնական ժամանակաշրջանը ըլլայ «զուտ լիբանանեան», նկատի ունենալով որ ամէնօրեայ դրութեամբ Պէյրութի օդակայան ժամանող աւելի քան 10 հազար ուղեւորներուն մեծամասնութիւնը լիբանանցիներ է, օտարազգիներու գրեթէ ամբողջական բացակայութեամբ: Ըստ Պէյրութիի, արտերկրէն ուղեւորներու հոսքի զարգացումը դրական ազդեցութիւն սկսած է ունենալ մասնաւորաբար ճաշարաններու ոլորտին վրայ, սակայն պանդոկներուն զբաղուածութիւնը տակաւին չի հատեր 20 առ հարիւրի սահմանը: «Երկիրը տակաւին կը գտնուի զինադադարի նախնական 60 օրերուն մէջ, ուստի օդանաւային ընկերութիւնները տակաւին չեն ամբողջացուցած իրենց վերադարձը Պէյրութ», ըսաւ Պէյրութի եւ ակնկալեց, որ յառաջիկայ օրերուն մնացեալ ընկերութիւններ եւս վերսկսին դէպի Պէյրութ ուղեւորութիւնները:

Հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ իր կարգին հաւաստիացուց, որ օդանաւային ընկերութիւններուն մեծամասնութիւնը վերսկսած է ուղղուիլ Պէյրութ, հետեւաբար օդակայանը տօնական օրերէն առաջ պատրաստ պիտի ըլլայ ծառայելու Լիբանան ժամանող ուղեւորներուն:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ ՈՐՈՇՈՒՄ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԿԱՅ

Next Post

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄԱԽՕՍԸ ՀԵՌԱՑԱՒ

Next Post
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄԱԽՕՍԸ ՀԵՌԱՑԱՒ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄԱԽՕՍԸ ՀԵՌԱՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.