Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

December 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

 

Շաբաթ մը ետք կ’ամբողջանայ երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած զինադադարի համաձայնութեան յայտարարութեան առաջին ամիսը, սակայն տակաւին անոր յօդուածներուն գործադրութիւնը չէ կատարելագործուած: Իսրայէլեան ուժերը ոչ միայն դուրս չեն գար լիբանանեան ներթափանցուած տարածքներէն, այլեւ կը շարունակեն նաեւ իրականացնել յաւելեալ պայթումներ եւ ոտնձգութիւններ: Լիբանանի ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան բանակը բնակարաններ պայթեցուցած է սահմանամերձ Նաքուրայի հարաւային թաղամասին, ինչպէս նաեւ Այթարուն եւ Պլիտա գիւղերուն մէջ, պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ: Միաժամանակ, իսրայէլեան ուժերը երկօրեայ գործողութիւններէ ետք վերջապէս քաշուեցան Պանի Հայյան գիւղէն: Իսկ հարաւէն ապահովական տեղեկութիւններ նշեցին, թէ Ուատի Հուժէյր շրջանին մէջ գտնուած է ինքնաշարժը քաղաքացիի մը, որ նախանցեալ օր կորսուած էր իսրայէլեան ուժերու տեղակայումի շրջանին մէջ: Ըստ տեղեկութիւններուն, ինքնաշարժին վրայ գտնուած են կրակոցներու հետքեր:

 

Պատերազմի հետեւանքները վերացնելու աշխատանքներուն ծիրին մէջ, լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումներու ականատես դարձած շրջաններուն մէջ աշխատանքը կը շարունակուի՝ մաքրելու փողոցներն ու սեփականութիւնները, նաեւ պայթեցնելու չպայթած զինամթերքը, որպէսզի դիւրանայ ժողովուրդին երթեւեկութիւնը, քաղաքացիներէն պահանջելով չմօտենալ նշեալ աշխատանքներուն ականատես դաձող շրջաններուն, նկատի առնելով բազմաթիւ վտանգները:

Share64Tweet40
Previous Post

ՍԹԱՄՊՈՒԼԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Next Post

  ԵՐԵՔ ԶՈՀԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

Next Post
  ԵՐԵՔ ԶՈՀԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

  ԵՐԵՔ ԶՈՀԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.