Որքա՜ն դժուար է ցաւը, հիւանդութիւնը թաքցնել սրտին մէջ ու փարած մնալ կեանքին, ամրօրէն կառչիլ օրերուն, որոնք չես գիտեր թէ երբ պիտի հասնին աւարտին, քեզ երբ վերջնականօրէն պիտի փրցնեն կեանքէն ու պիտի դարձնեն յաւերժի ճամբորդ։ Այդպիսին էր նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեան։
Ամբողջ համայնքը կը սգայ իր մահը, ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն մէջ ամէնուրեք իր մասին գրառումներ են, զանազան հաստատութիւններու անունով վշտակցական գիրեր, յիշատակներ, զանազան առիթներով լուսանկարներ, որոնք հիմա այլեւս թանկագին մասունքներ են Թովմասեան ընտանիքի ու հարազատներու համար։
Համայնքային լայն շրջանակներու համար եզակի անձ էր, բարեկամ ու ընկեր, գործիչ՝ որու կեանքի վերջին տարիները արգասաւորուեցան յատկապէս «Արաս» հրատարակչատունէն ներս օգտաշատ եւ կենսական աշխատութիւններով։
Ծնած էր 1949-ին, Ետիքուլէ թաղին մէջ։ Ծնողները՝ Պետրոս եւ Մարի Թովմասեաններ, զինք հասցուցին որպէս աւանդապաշտ եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ անձ մը։ Եդուարդ Թովմասեան դեռահասութեան տարիներէն շրջապատուեցաւ մշակութային հարուստ միջավայրով մը, որոնք մեծ ազդեցութիւն գործեցին իր կեանքի վրայ։
Նախակրթութիւնը ստացաւ Ետիքուլէ-Սամաթիա, Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ, իսկ 1958-ին ընդունուեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանք, որ հիմնուած էր Անատոլուի մէջ մնացած հայ ընտանիքներու զաւակներուն հայերէն կրթութիւն ապահովելու նպատակով։ Ուսման տարիները մեծ դեր ունեցան իր անհատականութեան ձեւաւորման մէջ։ Դպրոցական տարիներուն է որ ստացաւ «Թոմօ» ծածկանունը (որ իր մականունի կրճատուած ձեւն էր) եւ զայն կրեց ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքին շնորհիւ ծանօթացաւ կրօնական կեանքին, իսկ շրջանի երիտասարդութեան զանազան հոսանքներու պատճառով՝ ձախակողմեան գաղափարներու։
Միջոց մը որպէս ուղեցոյց ուսուցիչ աշխատեցաւ Հալըճըօղլու Ներսէսեան վարժարանի մէջ, եղաւ Գնալըի Կազդուրման կայանի տնօրէն։ Լիսէէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, միջոց մը գիշերօթիկ դրութեամբ կրթութիւն ստացաւ Պատրիարքարանի Ընծայարանին մէջ, եղաւ Շնորհք պատրիարքին թիկնապահը (քաւաս)։ Սթամպուլի համալսարանի Գրականութեան բաժանմունքի դասական լեզուներ ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, սկսաւ ուսուցչագործել համայնքի զանազան վարժարաններու մէջ։
1968-ին կեանքը միացուց ուսուցչուհի Փայլինէ Թովմասեանի հետ։ Երկուքը միասին աշխուժօրէն մասնակցութիւն բերին համայնքային կեանքին, մասնակցելով “Սայաթ Նովա” երգչախումբի, թատրոններու եւ պարախումբերու գործունէութեան։
Մտերիմ ընկերոջ՝ Խաչիկ Աբէլեանի հետ միասին հիմնեց «Թեքնիք տէօքիւմ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի ոսկերչական սարքերու արտադրութեամբ։
Իր կեանքին մէջ բախտորոշ փուլ հանդիսացաւ նաեւ 1993-ին «Արաս» հրատարակչատան հիմնադրութիւնը՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի, Հրանդ Տինքի եւ Արտաշէս Մարկոսեանի հետ համագործակցութեամբ։ Այս հրատարակչատունը կը զբաղի շնորհակալ մեծ գործով մը, լոյս ընծայելով գիրքեր, որոնք կը վերաբերին հայկական մշակոյթի ու գրականութեան կարեւոր թեմաներուն։
Եդուարդ Թովմասեան կեանքի վերջին տարիներուն խորապէս ներգրաւուած էր մշակութային գործունէութեան մէջ, աշխատելով արուեստի ոլորտի զանազան նախագիծերու մէջ։ Մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը, որքան որ թոյլ տուաւ իր փխրուն
առողջական վիճակը, աջակցեցաւ արուեստի ու գրականութեան զարգացման, զանոնք դարձնելով անբաժանելի մաս մը կեանքին մէջ։
Հակառակ անողոք հիւանդութեան, միշտ պահպանեց ուժեղ հայ մարդուն բնորոշ իր գիծը եւ եզակի անձ մը եղաւ շրջապատին համար։
Ընտանիքին՝ իր սիրելի կնոջ Փայլինէին, որդիներուն՝ Պետրոսին ու Միհրանին, հարս երուն՝ Սելինին ու Էսմէին, թոռներուն՝ Նարեկին ու Քամիին, ընտանեկան մերձաւորներուն ժառանգութիւն թողուց համայնքային նուիրեալ գործիչի մը կերպարը, որ եզակի դերակատարութիւն ունեցաւ հայ համայնքի մշակութային միջավայրին մէջ։
Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Դեկտեմբերին, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ (ԹՈՄՕ)
Սթամպուլի «Արաս» հայկական հրատարակչատունը արդէն քսան տարիէ աւելի Թուրքիոյ հանրութիւնը կ’առերեսէ հայոց պատմութեան, գրականութեան ու արուեստին: Հրատարակչատան հիմնադիր Եդուարդ Թովմասեանը գտած է հարեւան ժողովոըրդի հետ երկխօսութեան իր բանաձեւը:
Եդուարդ Թովմասեանը կամ ինչպէս մտերիմներն ու ընկերները կ’ըսեն՝ Թոմօն, ծնած է 1949 թուականին Սթամպուլի Եդիքուլէ թաղամասին մէջ: Թոմօն արմատներով այսօրուայ Թուրքիոյ պալքանեան հատուածի (Թրակիա) Չորլու եւ Թեքիրդաղ քաղաքներէն է: Մեծ հայրը` Ղազարոսը, փոքր տարիքին Չորլուէն տեղափոխուած է Պոլիս` աշխատելու: Տարիներ անց պատմական Եդիքուլէ թաղամասին մէջ հիմնած է ընտանեկան սրճարան, ուր աշխատած է որդիներու ու կնոջ` Թագուհիին հետ: Եդուարդ Թովմասեանի հայրը` ոսկերիչ Պետրոսը, ծնած է Պոլիս, 1908 թուականին։ Ընտանիքը, ապրելով Պոլսոյ մէջ, կը կարենայ խուսափիլ 1915-ի տեղահանութենէն ու ջարդերէն. «Սթամպուլի մէջ միայն երեւելի անձնաւորութիւնները տեղահանութիւններու ենթարկուեցան, իսկ հասարակ ժողովուրդին շատ ձեռք չերկարեցին։ Մտաւորականներն էին, եկեղեցականները, աչքի զարնող երեւելի անձնաւորութիւնները տարին, ոմանք կէս ճանապարհին սպաննուեցան, ոմանք ուժասպառ Տէր Զօր ու Հալէպ հասան»: Ընտանիքի յիշողութեան մէջ, սակայն, Հայոց ցեղասպանութիւնը թողած է իր դրոշմը:
Տարիներ շարունակ գրական գործունէութեամբ զբաղած Եդուարդ Թովմասեանը, Պոլսոյ հայալեզու «Մարմարա» թերթին համար աշխատելէ յետոյ, 1993 թուականին ընկերներուն` Հրանտ Տինքի, Մկրտիչ եւ Արտաշէս Մարկոսեաններուն հետ կ’որոշէ հիմնադրել «Արաս» հրատարակչատունը:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ
Հիմնադրութեան օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»:
Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։
Աշխարհի ամէնէն կարեւոր արեւմտահայերէն գիրք հրատարակող կառոյցներէն մէկը ըլլալով, «Արաս» հրատարակչատունը հայ մշակութային արժէքները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութեամբ կ՚աշխատի։ Առաւել եւս՝ նոր հետազօտութիւններ եւ գրական գործերու արտադրութիւնը խրախուսող հաստատութիւն մըն է։
«Արաս»-ի հայերէն գիրքերու գրացանկը շատ տարբեր մարզերու պատկանող վերնագրեր կ՚ընդգրկէ. բանաստեղծութիւն, բառգիրք, շարանկար, երգիծական գրականութիւն, խոհագիրք, մենագրութիւն, յուշագրութիւն, յուշամատեան, ուղեգրութիւն, պատմուածք, լուսանկար, վէպ, վկայագրութիւն, քրոնիկ, օրագրութիւն։
«Արաս» ունի նաեւ մանկական գրացանկ մը, որուն հեղինակներու շարքին են՝ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան, Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, Փայլինէ Թովմասեան եւ ուրիշներ։ Որպէս նոր նախաձեռնութիւն, «Արաս»-ի կողմէ հիմնուած է Հիփփօ Գիրք մանկական գիրքերու մատենաշարը։
2019-ին ան մամուլի եւ գիրքերու «Տունիա» ամսագրին կողմէ ճանչցուած է որպէս Թուրքիոյ «Տարուայ հրատարակչատուն»:
«Արաս»ի գործունէութիւնը եւ հրատարակած գիրքերը զգալիօրէն փոխած են Թուրքիոյ յատկապէս մտաւորական շրջանակին վերաբերմունքը հայութեան ու հայկական խնդիրներու նկատմամբ: