Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԶԻՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

December 19, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԶԻՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

 

 

11 Դեկտեմբեր 2024 թուականին, Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնութեան՝ «Լիբանանեան-Ամերիկեան ընկերային ծառայողներու աշխատանքի համագործակցութիւն. լիբանանեան ընկերային ծառայողներու զինում անբարենպաստ եւ խոցելի մարդոց հետ գործնականութեան նպատակով” միջոցառման: Մուկար շէնքի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ, սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին ապահովեց առցանց լայն մասնակցութիւն:

 

Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա, ԱՄՆ) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Պէյրութի ԱՄՆ-ի դեսպանատունէն, նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները՝ յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մէկ մաս կը կազմէ Ձեւաւորման գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ հետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ’ուսումնասիրեն լիբանանեան ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ՝ կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը՝ ներգրաւելով տեղական կառավարական մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:

 

Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, ԱՄՆ-ի դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որ ներկայացուց ծրագիրի ընդհանուր տեսութիւնը:

 

Ձեռնարկի ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ՝ դոկտոր Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ դոկտորներ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչլ Հէյկզը՝ Սամֆորտ համալսարանի Ընկերային ծառայութեան բաժինէն:

 

ԱՄՆ-ի դեսպանատան Հանրային դիւանագիտութեան բաժինի հասարակական կապերու մասնագէտ պրն. Էլի Ֆեռնէյնի ներկայացուց իր դիտարկումները՝ որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ:

 

Իր կարգին, Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ՝ դոկտոր Տանիա Պատրան շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը՝ խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշերը եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները՝ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը՝ Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:

 

Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք, միջոցառումը փակուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանի եզրափակիչ խօսքով:

 

 

ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Հանրային Կապերու Տնօրէն

 

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ԳԻՐՔԸ՝ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ ԵՒ ԲԱՌԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

Next Post

ՍԹԱՄՊՈՒԼԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Next Post
ՍԹԱՄՊՈՒԼԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

ՍԹԱՄՊՈՒԼԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.