Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՐՔԸ՝ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ ԵՒ ԲԱՌԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

December 19, 2024
in Յօդուածներ
0
ԳԻՐՔԸ՝ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ ԵՒ ԲԱՌԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

 

Ամանոր է շուտով:

Ապրուստի դժուարութիւնները մէկ կողմ ձգած, բոլորս ալ սկսած ենք մտածել, թէ ինչպիսի՛ նուէրներ կրնանք ընտրել մեր սիրելիներուն։ Գերարդիական սարքերէն մինչեւ նորաձեւ իրերը՝ անվերջանալի ընտրութիւններու առջեւ կը գտնուինք, ու այս սպառողական հեւքին մէջ, մենք յաճախ կը մոռնանք ամէնէն համեստ թուացող, բայց միաժամանակ ամէնէն թանկարժէքն ու մնայունը՝ գիրքը։

Գիրքը, որ ժամանակին ամանորի ամենասիրուած նուէրներն մէկը կը նկատուէր, այսօր կը փոխարինուի անցողակի հաճոյքներով։ Սակայն, Նոր տարուան նախօրեակին կ’արժէ կրկին մտածել, թէ ինչո՞ւ գիրքը պէտք է անպայման իր տեղը գտնէ տօնածառին տակ։

Գիրքը պարզապէս թուղթ ու տպագրութիւն չէ. ան հոգեմտաւոր արժէք է։ Գիրքի էջերուն մէջ թաքնուած է այն ուժը, որ մեզ կը փոխադրէ հեռաւոր աշխարհներ, մեզ կը ներքաշէ զգայացունց արկածախնդրութիւններու մէջ կամ կը ծանօթացնէ գաղափարներու, որոնք ոչ միայն կրնան փոխել մեր, այլեւ շրջապատին կեանքը։ Վէպ թէ յուշագրութիւն, գեղարուեստական ​​ստեղծագործութիւն թէ բանասիրական աշխատասիրութիւն, բանաստեղծութիւն թէ արձակ, գիրքերվ կարելի է կատարել ճամբորդութիւններ, որոնք այլապէս կարելի չէ պատկերացնել կամ իրականացնել:

Գիրքի ճիշդ ընտրութիւն կատարելը կ’ենթադրէ ըլլալ փափկանկատ նուէրը ստացողին հանդէպ՝ դրսեւորելով հասկացողութիւն անոր հետաքրքրութիւններուն եւ անհատականութեան նկատմամբ։ Ճաշերու գիրք մը կրնայ ուրախացնել սկսնակ խոհարարը կամ ընդհանրապէս խոհանոց սիրողը, արկածախնդրական վէպ մը՝ արկածասէրը, գիտաերեւակայականը՝ որոնող միտքը, կամ բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ սիրահարածն ու ընդհանրապէս ռոմանթիքը, իսկ ճատրակի մասին գիրք մը կրնայ հետաքրքրութիւն յառաջացնել ռազմավարական ու քննական մտածողութեան հանդէպ: Գիրքերը բացառիկ յատկութիւն ունին՝ դառնալու իմաստալից եւ անձնական նուէրներ, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ստացողին վրայ:

Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ նուէրներու, որոնք կարճ ժամանակ ետք կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը, գիրքը յարատեւ արժէք ունի. կարելի է զայն վերանայիլ, խնամել եւ նոյնիսկ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անոր հետքը կը մնայ մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ, նոյնիսկ վերջին էջը թերթելէն ու գիրքը փակելէն շատ յետոյ (վերջերս կարդացի նման գիրք մը. «The Cedars Whispered», հեղինակ՝ Քրիստին Դանիէլեան):

Գիրքերը միայն պատմութիւններ չեն բովանդակեր: Անոնք ինքնազարգացումի եւ ինքնաճանաչման միջոցներ են. կ’ընդլայնեն մեր մտահորիզոնները, կը զարգացնեն մեր ստեղծագործական ոգին եւ կը խթանեն մեր կարեկցանքը՝ աշխարհը տեսնելով ուրիշին աչքերով։ Աշխարհի մը մէջ, ուր խելախօսներն ու համակարգիչները կը գերիշխեն մեր առօրեային ու կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը, գիրք նուիրելը հնարաւորութիւն կու տայ քիչ մը դադար առնելու, հանգստանալու եւ բովանդակալից ու հարստացնող գործունէութեամբ զբաղելու: Արագ ընթացող եւ թուայնացած այս աշխարհին մէջ, մենք յաճախ կը դժուարանանք դանդաղելու եւ կեանքի պարզ հաճոյքները վայելելու։ Գիրքեր նուիրելը կը ծառայէ վերակենդանացնելու ընթերցանութեան հանդէպ սէրն ու անոր պատճառած հաճոյքը, նաեւ՝ միջոց մը վերագտնելու բառերու կախարդանքը…

Այս տարի, տօնական այս օրերուն, եկէ՛ք գիրքը եւ զայն սիրելիի մը նուիրելը վերադարձնենք իր արժանաւոր տեղը մեր սովորութիւններուն մէջ։

Եկէ՛ք նուիրենք գիտելիքի, երեւակայութեան եւ ներշնչումի նուէրներ։

Եկէ՛ք գիրքեր նուիրենք։

Եւ կարդա՛նք:

 

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

«Տարբերակ 21»

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՃԸՆՑԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ – ՊԱՐԻՍ ՄԻՍԱԿԻ ՀԵՐՈՒՆԻ 

Next Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԶԻՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

Next Post
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԶԻՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԶԻՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԱՌՄԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.