* Ամերիկեան Forbes ամսագիրը հրապարակած է ծաւալուն յօդուած, ուր կը ներկայացուին ամերիկացի գործարար, միլիառատէր Իլոն Մասքի Starlink արբանեակային համացանցի ծրագրի մեկնարկն ու անոր հնարաւոր ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ։
Յօդուածին մէջ մանրամասն կը ներկայացուի, թէ ինչպէս Starlink-ը պիտի փոխէ Հայաստանի թուային ենթակառուցուածքները։ Յատկապէս կը շեշտուի, որ երկրին լեռնային տեղանքը եւ հեռաւոր գիւղական համայնքները տարիներ շարունակ տուժած են կայուն եւ արագ հաամցանցային կապի բացակայութենէն։ Starlink-ի միջոցով գերարագ համացանցը հասանելի պիտի դառնայ նոյնիսկ ամենահեռաւոր բնակավայրերու մէջ։
Յօդուածի հեղինակ Քրէյկ Սմիթ Starlink-ի ներդրումը կը դիտարկէ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական դիրքաւորման առումով։ Ներկայիս տարածաշրջանային լարուածութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւններու խորապատկերին, աւելի կարեւոր կը դարձնէ կայուն եւ անվտանգ համացանցային կապի անհրաժեշտութիւնը։
* Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, թէ «զէնքը, որ Մաքրոնի կառավարութիւնը կը մատակարարէ Հայաստանին, յարձակողական զէնքեր են, մահաբեր, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար։ Չնայած անոր, որ անոնք կը ստանան արեւմտեան զէնքի մեծ մասը անվճար, կամ ապառիկ, բայց նոյնիսկ այս պարագային անոնք չեն դիմանար մեզ հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին։ Անոնք պէտք է հասկնան նաեւ, որ չնայած Մաքրոնի վարչակարգին, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան առաւելագոյն աջակցութեան, եթէ մեր դէմ հերթական սադրանքը ծրագրեն, ոչ ոք իրենց կ’օգնէ»: Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ Երեւանին ու Պաքուին կը մնայ պայմանաւորուիլ միջազգային դատական ատեաններու մէջ փոխադարձ պահանջներէ հրաժարելու եւ միասնական սահմանին օտարերկրեայ ուժերու տեղակայման շուրջ։