ԾՆՆԴԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿ (19 Դեկտեմբեր 1915, Փարիզ – 10 Հոկտեմբեր 1963, Կրաս)
Հզօր եւ դիւթիչ ձայնով Էտիթ Փիաֆը Ֆրանսայի անցեալ դարու ամենայայտնի երգչուհին էր: Մինչեւ օրս երաժշտասէրներ կը յիշեն զինք ու հաճոյքով կ’ունկնդրեն իր ամենասիրուած ու տարածուած երգերը, ինչպիսիք՝ «La Vie En Rose», «Non, Je Ne Regrette Rien», «Hymne à L’amour» եւ այլն:
Փիաֆի կեանքը հանգիստ ու խաղաղ անցած չէ, յատկանշուած է դժուարութիւններով, ներառեալ անձնական կորուստներով: Անոր սիրային բուռն կեանքը կարելի է նկատել իր երաժշտութեան մէջ, որոնք արդիւնաւորուեցան խոր զգացմունքներով եւ կիրքով լի երգերով ու ստեղծագործութիւններով:
Իր իւրայատուկ ձայնին եւ անձնական կեանքին հետ կապուած խոցելիութեան խառնուրդը Փիաֆը դարձուցին մնայուն փնտռուած կերպար ինչպէս ֆրանսական, այնպէս ալ համաշխարհային երաժշտութեան պատմութեան մէջ:
«Ա.»
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՆՕԹԵՐ
Բուն անունը՝ Էտիթ Ճովաննա Կասսիոն: Ծնած է Պէլվիյի մէջ: Զինք Էտիթ կոչած են ի պատիւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ բրիտանացի բուժքոյր Էտիթ Գավելլիյի։ Վերջինս մահապատիժի ենթարկեցին Փիաֆի ծնունդէն երկու ամիս առաջ՝ ֆրանսացի զինուորները գերութենէ փրկելու օգնելուն համար։ Երեքէն մինչեւ եօթը տարեկանը, Փիաֆ մասամբ կոյր կը դառնայ բորբոքային հիւանդութեան հետեւանքով։ Իր տեսողութիւնը հրաշքով կը վերականգնուի, երբ մեծ մօր համար աշխատող մարմնավաճառուհիները, գումար հաւաքելով, անոր Սբ․ Թէրէզի գերեզմանը ուխտի կը տանին։ 14 տարեկանին իր հօր հետ կը մասնակցի փողոցային ներկայացումներու՝ երգելով հանրութեան առջեւ։
1932-ին Փիաֆ կը սիրահարուի Լուի Տիւփոնին։ Տակաւին 17 տարեկան կը ծնի Փիաֆի դուստրը՝ Մարսէլը։ Կը դժուարանայ հոգալ երեխային։ Դարձեալ կ’անցնի փողոցային երգերուն։ Մարսէլ երկու տարեկանին կը մահանայ «մենինկիտ» հիւանդութենէն։
1935 թուականին Le Gerny’s գիշերային ակումբի տնօրէն Լուի Լեփլէն Փիաֆը կը համոզէ երգել ակումբին մէջ։ Վերջինիս ծայրահեղ դիւրաբորբոքութեան եւ 142 սանթիմ կարճահասակութեան համար, Լուին Էտիթին կու տայ Փիաֆ կեղծանունը (Փիաֆ կը նշանակէ ճնճղուկ):
Փիաֆ սկսաւ ընկերանալ նշանաւոր մարդոց հետ, ինչպիսիք՝ բանաստեղծ Ժագ Փուրկէթը եւ Իվ Մոնթանը։ Փիաֆ արդէն դարձած էր Ֆրանսայի եւ միջազգային առումով ամենայայտնի երգչուհին։ Ճամբորդեց Եւրոպայով մէկ, Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա։
1950-ական թուականներուն Փիաֆ կ’օգնէ Շարլ Ազնաւուրին սկսելու իր ասպարէզը՝ իր հետ տանելով Ֆրանսայի եւ Միացեալ նահանգներու շրջագայութիւններուն, ձայնագրելով Շարլի երգերէն մէկ քանին։ 1955-էն մինչեւ 1962 Փարիզի ամենայայտնի Պրունօ Գոգաթրիքսի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ Փիաֆ հասաւ վերջնական, կայուն յաջողութեան՝ տալով շարք մը համերգներ։
Հսկայական քանակութեամբ դեղամիջոցներու գործածութեան եւ ալքոհոլի չարաշահումը ազդեցին Փիաֆի առողջութեան վրայ։ Լեարդի վատթարացման զուգահեռ արեան փոխներարկումներէ ետք, մինչեւ 1962 թուականը Փիաֆ զգալի կշիռ կորսնցնելով հասաւ ընդամէնը 30 քկ-ի։ Ի վերջոյ Փիաֆ կը մահանայ լեարդի քաղցկեղէ, 47 տարեկան հասակին։ Պիաֆի վերջին խօսքերը թեւաւոր կ’ըլլան՝ «Կեանքիդ մէջ գործած իւրաքանչիւր յիմար արարքի համար ստիպուած ես ուշ կամ կանուխ վճարել»։ Փիաֆը թաղուած է Փարիզի Փեր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ՝ դստեր՝ Մարսէլի կողքին։ Շիրմաքարի ստորին հատուածին վրայ փորագրուած է՝ Famille Gassion-Piaf։ Կողքին փորագրուած է իր անունը՝ Madame Lamboukas dite Édith Piaf։
ՓԻԱՖ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
Զարմանալի, անգամ անհաւանական պատմութիւններով լեցուն է երկու մեծ երգիչներուն՝ Շարլ Ազնավուրի եւ Էտիթ Փիաֆի մտերմութիւնը: Ազնաւուրը հռչակաւոր երգչուհիին, Ֆրանսայի կուռքը հանդիսացող Փիաֆին հետ կը ծանօթանայ 1946-ին Փարիզի սովորական սրճարաններէն մէկուն մէջ, ուր երեկոները չնչին վարձատրութեան դիմաց կ’երգէին Շարլն ու իր ընկերը: Փիաֆ այդ փոքրամարմին ու արտաքնապէս ոչինչով աչքառու 22-ամեայ հայ երիտասարդին մէջ կրցաւ բացայայտել Ֆրանսայի ապագայ մեծագոյն «շանսոնյէ»ն՝ երգիչը, երգահանը եւ բանաստեղծը:
Անոնց ստեղծագործական համագործակցութիւնը կը տեւէ մօտ ութ տարի: Ազնաւուր այդ ընթացքին կը մասնակցի Փիաֆի համերգներուն ու շրջագայութիւններուն, երբեմն ապրելով անոր տան մէջ, կ’օգնէր Փիաֆին, շատերուն աչքին տարօրինակ թուալով: Յայտնի փաստ է նաեւ, որ Փիաֆին յորդորով, Ազնաւուր այդ տարիներուն գեղագիտական վիրահատութեան ենթարկեց իր կորաձեւ հայկական քիթը: Վիրահատութենէն մէկ օր առաջ, բաւականին գինովցած Փիաֆը յանկարծ Ազնավուրին կ’ըսէ. «Գիտե՞ս, բայց քու քիթդ կարծես թէ այնքան ալ վատ չէ»:
Այդպիսին էր Փիաֆ: Պարզ էր, որ այդ ամէնը օր մը վերջ պիտի գտնէ: Անոնք բաժնուեցան, սակայն Ազնաւուրին համար Փիաֆ միշտ ալ մնաց որպէս իր կեանքի ընթացքին փայլատակած ամենավառ աստղը։