Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԻՒՐԶԻՆԵՐՈՒՆ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

December 19, 2024
in Միջազգային
0
ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԻՒՐԶԻՆԵՐՈՒՆ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

 

Լիբանանեան «Ժատիտ» հեռատեսիլի կայանը երէկ հաղորդեց, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Ուալիտ Ճոմպլաթ կը պատրաստուի երեսփոխանական պատուիրակութեան եւ տիւրզի շէյխերու ընկերակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն այցելելու Դամասկոս, տեսակցելու համար իշխանութեան տիրացած ուժի առաջնորդ Ահմատ Շարաայի հետ, շնորհաւորելու համար զայն եւ արծարծելու սուրիական զարգացումները:

Սուրիոյ հարաւային՝ տիւրզիներու ծանրակշիռ բնակութիւն ունեցող Սուէյտէ գաւառին երեւելիները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստիւ զգուշացուցին Սուրիոյ իշխանութեան հասած ուժի ղեկավար Ահմատ Շարաայի հետ կապեր հաստատելու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Մեկնաբանելով Սուէյտէ գաւառէն պատուիրակութեան մը Դամասկոս այցելութիւնը եւ Շարաայի հետ տեսակցութիւնը, յայտարարութիւնը շեշտեց, որ պէտք է զերծ մնալ ահաբեկչական ծայրայեղական հոսանքի ներկայացուցիչին հետ համագործակցելէ, նախընտրելով յանձնառու մնալ գաւառի բնակչութեան ազգային ուղղուածութեան ու Սուրիոյ սահմանադրութիւնը փոխելու եւ տիւրզիներուն ու միւս փոքրամասնութիւններուն արդար իրաւունքնեը ապահովելու ջանքերուն: Հաղորդագրութիւնը նոր իշխանութիւնը ամբաստանեց նոր սահմանադրութեան մէջ համադաշնակցային դրութիւնը որդեգրել մերժելու մէջ, Շարաայի հետ տեսակցած տիւրզիները ամբաստանելով 500 հազար տոլարի կաշառք ստանալու մէջ: «Մեր առաջարկած համադաշնակցային դրութիւնը մաս կը կազմէ մեր պայքարին՝ երաշխաւորելու մեր եւ բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ, հաւաստիացնելով որ իրենք չեն ծառայեր արտաքին ծրագրերու:

Share64Tweet40
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ

Next Post

  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Next Post

  ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.