Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ Թուրքիոյ մէջ ընդարձակ ժողով մը գումարեց նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Նշենք, որ Միքաթի Թուրքիոյ մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան եւ Էրտողանի հետ առանձնազրոյցին ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանի իրադարձութիւնները, հարաւի զինադադարը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: