Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀՆԳԵԱԿԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

December 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀՆԳԵԱԿԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏ

 

Նաքուրայի մէջ երէկ վերստին ժողով գումարեց զինադադարի գործադրութեան հետեւող հնգեակը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակները, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ը, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան: Ժողովականները արծարծեցին զինադադարի առաջին տասը օրուան ընթացքին մարտահրաւէրներն ու խախտումները, ինչպէս նաեւ յաջորդ փուլին մանրամասնութիւնները: Ժողովէն ետք, ԵՈՒՆԻՖԻԼ, ամերիկեան ու ֆրանսական դեսպանատուները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, թէ յանձնախումբը պիտի շարունակէ գումարել հերթական ժողովներ՝ հետեւելու համար զինադադարի գործադրութեան եւ կանխելու խախտումները:

Այսուհանդերձ, իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին զինադադարի սահմանափակ խախտումները ու վերստին բնակարաններ պայթեցուցին Նաքուրայի եւ Քֆարքիլայի մէջ, միաժամանակ իրենց դիրքերէն հրաձգութիւն կատարելով Լիբանանի սահմանային շրջաններուն ուղղութեամբ: Նաքուրայի քաղաքապետ Ապպաս Աուատա ահազանգեց, թէ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով կործանուած է բնակավայրին 70 առ հարիւրը: Ան նշեց, որ մինչ հանդիպում կը գումարուէր ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, իսրայէլեան ուժերը տակաւին ներկայ են մերձակայ բլուրներուն վրայ եւ կը կործանեն բնակարանները:

Միջազգային մեկնաբանութիւններուն մէջ, Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Սուտանի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանց իշխան Մոհամմատ պըն Սալման շեշտեցին Լիբանանի մէջ յայտարարուած զինադադարը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով միջազգային հովանաւորութեամբ կնքուած համաձայնութիւնները յարգել: Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած տեսակցութեան ընթացքին, երկու ղեկավարները արծարծեցին տարածաշրջանային զարգացումները՝ ներառեալ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, եւ համաձայնեցան համակարգել երկու երկիրներուն ջանքերը: Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Լիբանանին եւ առողջապահական համակարգին:

Share63Tweet40
Previous Post

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԷՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ (31)

Next Post

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻՆ

Next Post
ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻՆ

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.