Բառային կրկնութիւն (4)
- Բառային կրկնութիւններու ծիրէն ներս շատ մեծ յաճախականութուն ունին այնպիսիները, ուր կրկնուողը նոյն բառը չէ, այլ անոր արմատակից ուրիշ բառ մը, ուրիշ կառոյց մը. օրինակ՝ գրած գրութիւնդ…առատաձեռն ձեռքով… եւ այլն:
Այսպիսիներուն սրբագրութիւնը կը կատարուի երկու միջոցով.
ա) կա՛մ ջնջելով կրկնուող տարրը, որ միաժամանակ աւելորդաբանութիւն մըն է,
ա) կա՛մ փոխարինելով զայն պատշաճ հոմանիշով մը:
Ստորեւ փունջ մը՝ համապատասխան սրբագրութիւններով, ուսանելի օրինակներու այն ծաւալուն պաշարէն, որ կը գնուի մեր տրամադրութեան տակ:
* * *
–Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան գրած է…
Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան կ’ըսէ...:
— Առատաձեռն ձեռաձիր կու տային:
Առատ ձեռաձիր կու տային:
–Ամէն երեկոյ հաշուետւութիւն կու տայի անոր:
Ամէն երեկոյ հաշուետւութիւն կը կատարէի անոր:
Ամէն երեկոյ հաշիւ կու տայի անոր:
—Մարդուն ծնունդէն ի վեր մարդկային կեանքը փոխուած է:
Մարդուն ծնունդէն ի վեր անոր կեանքը փոխուած է:
–Լոյսը կը տեղափոխուէր գրադարանի դարաններէն ետ՝ դէպի նկարը:
Լոյսը գրադարանէն կը տեղափոխուէր ետ՝ դէպի նկարը:
–Գաղտնիքը բանալու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
Գաղտնիքը լուսաբանելու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
Գաղտնիքի առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
–Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնին արձակած փամփուշտներուն:
Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնի փամփուշտներուն:
–Տոլարի զգալի պահանջ մը զգացուած է շուկային մէջ:
Տոլարի զգալի պահանջ մը կը տիրէ շուկային մէջ:
Տոլարի մեծ պահանջ զգացուած է շուկային մէջ:
–Հիւսիսը արժանաւոր ներկայացուցիչներով ներկայացուած չէ:
Հիւսիսը արժանաւորապէս ներկայացուած չէ:
Հիւսիսը ըստ արժանւոյն չէ ներկայացուած:
–Յանձնախումբի անդամները նախնական համաձայնութեան մը համաձայն պիտի այցելեն Հայաստան:
Նախնական համաձայնութեան մը հիմամբ պիտի այցելեն…:
Ըստ նախնականհամաձայնութեան մը պիտի այցելեն…:
–Փոքրամասնութեան մը որոշումով տրուած որոշումը մտահոգութիւն չի պատճառեր Թուրքիոյ:
Փոքրամասնութեան մը տուած որոշումը մտահոգութին չի պատճառեր Թուրքիոյ: –Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն վկայագիրը:
Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն գրաւականը (փաստը, հաւաստիքը, երաշխիքը):
–Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր յայտնութիւն մը ի յայտ եկաւ:
Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր յայտնութիւն մը եղաւ:
–Նախագահը դէպքին տեղեկանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու տեղեկացաւ տրուած տեղեկութիւններուն:
Նախագահը դէպքը իմանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու վերահասու դարձաւ տրուած տեղեկութիւններուն:
–Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ վիզա պահանջող իւրաքանչիւր անձ պարտաւոր է անձնապէս ներկայ գտնուիլ:
Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ ամէն վիզա պահանջող անձամբ ներկայանայ:
–Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ բարեկարգումները միասնաբար որոնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ բարեկարգումները միասնաբար որոնելու կարեւորութիւնը (անխուսափելիութիւնը):
–Իրաքեան մայրաքաղաքէն գալով Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը ըսաւ լրագրողներուն:
Իրաքեան մայրաքաղաքէն Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը ըսաւ…
–Սրբազանը ոգեւորիչ եւ զգայացունց ձեւով ոգեւորեց ներկաները:
Սրբազանը ոգեւորիչ եւ զգայացունց բառերով տոգորեց ներկաները:
Սրբազանը խանդավառ բառերով ոգեւորեց ներկաները:
–Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւը գտնուող բանտերէն մէկուն մէջ:
Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւային բանտերէն մէկուն մէջ:
–Վերջերս յաճախ հարցուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
Վերջերս յաճախ տրուող (կամ՝ կրկնուող) հարցումը հոս եւս հնչած է:
–Այդ պաշտամունքը ակներեւ կերպով կը տեսնուի այս գիրքին մէջ:
Այդ պաշտամունքը ակներեւ կը տեսնուի այս գիրքին մէջ:
Այդ պաշտամունքը ակներեւ է այս գիրքին մէջ:
- Հայերէնը հարուստ է այնպիսի մակբայներով, որոնք կ’արտայայտեն գործողութեան մը կրկնութիւնը, ինչպէս՝ դարձեալ, կրկին, նորէն եւ այլն: Ասոնց կից անգամ կամ ասոր նման բառի կիրարկութիւնը կը թելադրէ շատ անախորժ յաւելադրում մը. օրինակ՝
–Վեհափառը կրկին անգամ շնորհաւորեց ներկաները:
Վեհափառը կրկին շնորհաւորեց ներկաները:
Վեհափառը կրկնեց իր շնորհաւորանքը ներկաներուն:
—Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ իրեն…:
Բազմիցս ըսած եմ իրեն…:
Անգամ բառը կը վանեն նաեւ՝ երկիցս, երիցս, քառիցս, կրկնապատիկ, տասնապատիկ, հարիւրապատիկ… եւ այլն:
Նոյնհետայն պէտք է խուսափիլ օր բառը աւելցնելէ օրանուններուն կից, ինչպէս նաեւ ամիս բառը ամսանուններուն կից. այսպէս՝ երկուշաբթի օր, հինգշաբթի օր, յունուար ամսուն/յունուարին, մայիս ամսուն/մայիսին եւ այլն: