1960–ական թուականներուն Թրիփոլիի մեր գաղութէն ներս Հ․Մ․Մ․ կ՚ունենար իր նոր վարչութիւնը, ատենապետութեամբ՝ նախապէս Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի շարքերուն մէջ հասակ առած եւ միութենականօրէն լաւ կազմաւորուած ժրաջան ու հաւատաւոր ընկ․ Յովհաննէս Չաղլասեանի։
Իր օրով, աննախադէպ ոգեւորութեամբ եւ նոր թափով, շրջանէն ներս կը սկսէր միութենական աշխոյժ գործունէութիւն, շնորհիւ ատենապետին եւ իր շուրջ բոլորուած համախոհ վարչական եւ գործունեայ ընկերներուն, որոնցմէ յիշենք՝ Վարդան եւ Յակոբ Տուրնայեան եղբայրները, Գրիգոր եւ Ժիրայր Գալէմքէրեան եղբայրները, Ժագ Յակոբեանը, Սարգիս, Բիւզանդ, Արմենակ Շաննադեան եղբայրները, Լեւոն Կեցոյեանը, Վահան եւ Պարգեւ Դաւիթեան եղբայրները, Քէչէճեան եղբայրները, Յակոբ Չափարեանը, Հրայր Կարապետեանը եւ շատ ուրիշներ։ Յիշենք նաեւ Միութեան գործունէութեան նեցուկ ու քաջալեր հանդիսացող անձնաւորութիւններէն՝ յարգելի Վարդան Պագալեանը` միակ հայ անդամը Թրիփոլիի Մինայի շրջանի Քաղաքապետական խորհուրդին։
Նոր վարչութեան գլխաւոր նպատակը կ՚ըլլայ Հ.Մ.Մ.-ի օրինական գոյութիւնը ապահովելու համար ձեռք բերել պետական արտօնութիւն, ճանչցուիլ որպէս մարզական ուրոյն կազմակերպութիւն, որ ունենայ պաշտօնապէս մարզական եւ ընկերային գործունէութիւն ծառալելու եւ ֆետերասիոնին կազմակերպած խաղերուն մասնակցելու իրաւունք:
Մինչ այդ, Թրիփոլիի Հ.Մ.Մ.-ը պաշտօնական գրանցում չունէր Սփոռի նախարարութեան մօտ։ «Անպաշտօն» ներկայութիւն էր։ Պէյրութի մէկ ճիւղը որպէս։ Պետականօրէն միշտ ալ խափանուելու վտանգին ենթակայ։
Իսկ պետական արտօնութիւն ապահովելու համար կային հիմնական քանի մը պայմաններ, որ լրացուելու էին, պաշտօնական գրանցումի դիմումին նախքան պատկան մարմիններուն ներկայացուիլը։ Ի՞նչ էին այդ պայմանները։
Առաջին՝ ունենալ ֆութպոլ կամ այլ մարզաձեւ կիրարկող յատուկ խումբ՝ իր մնայուն խաղացողներով, եւ նաեւ՝ պաշտօնապէս Միութեան արձանագրուած անդամներ, ու վկայեալ մարզիչ։
Երկրորդ՝ արտօնութեան համար ներկայացուելիք վարչական անդամներու ցանկին վրայ տեղ գտած անունները պետութեան աչքին «անբասիր» անձեր ըլլալու էին, եւ դատական (քրէական) պատիժի չենթարկուած։
Երրորդ՝ ակումբ ունենալը անհրաժեշտ, ստիպողական էր ո՛չ միայն դիմումի ներկայացման, այլեւ՝ որպէսզի կարելի ըլլայ միութենական գործունէութիւնը արդիւնաւէտ ընթացնել։
Ուստի, նորընտիր վարչութիւնը տենդագին փնտռտուքի սկսած էր որ գտնէ ակումբի համար յարմար տեղ մը, որ ըլլար հայկական միջավայրի մէջ կամ մօտ:
Այդ երեք կարեւոր պայմաններէն առաջինը արդէն գոհացուած էր։ Կա՛ր ֆութպոլի խումբը իր խաղացողներով, եւ նաե՛ւ՝ միութեան անդամացանկ։
Ինչ կը վերաբերէր երկրորդ պայմանին՝ արտօնութեան համար Ներքին նախարարութեան ներկայացուելիք վարչական անդամներուն ցանկն ալ «անհրաժեշտ բծախնդրութեամբ» արդէն պատրաստուած էր։
Արդարեւ, ի մեծ ուրախութիւն շրջանի Հ.Մ.Մ.-ական ընկերներու եւ համակիրներու, Թրիփոլիի կեդրոնէն դէպի Մինա տանող մայրուղիին աջին, առաւելաբար քրիստոնեաներէ բնակուած թաղի մը մէջ, Հ․Մ․Մ․ կ՚ունենար իր Տունը, որ հետագային կ՚ըլլար քաղաքին բոլոր հայրենասէր երիտասարդներուն ժամադրավայր-ակումբը։
Ուստի, բոլոր պայմանները լրացուած էին ներկայացման համար դիմումնագրին, որ Ներքին Գործերու նախարարութեան փոխանցուեցաւ պաշտօնապէս, առ ի վաւերացում։ Յուսալով, որ պետական օրկաններուն մօտ մինչ այդ գոյացած կամ սադրիչ միջամտութիւններով ստեղծուած կարծիքը Հ.Մ.Մ.-ի մասին վերատեսուած ու փոխուած կ’ըլլար, շնորհիւ այդ հարցով եւ տարբեր մակարդակներու վրայ տարուած լուսաբանիչ աշխատանքներուն։
Դրական կարծիքի գոյացման նպաստեցին նաեւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անաչառ ու բարեխիղճ անդամներ ու երկրի քաղաքական ղեկավար կարգ մը անձնաւորութիւններ։ Ազդու եղաւ մանաւանդ այդ օրերու Ն.Գ. նախարարը՝ Սուլէյման Պէկ Ֆրանճիէի միջամտութիւնը։
Արտօնագիր-հրամանի ստացումը, սակայն, կրնար երկար ժամանակ (ամիսներ) պահանջել։ Մինչ այդ աշխատանքային ծրագիր կար գործադրելի, որ լրացուելու էր անյապաղ։
Հարկ էր, առաջին հերթին, կահաւորել ակումբը, որ Միութեան անդամներն ու համակիր երիտասարդներ հաճելի զբօսի միջոցներ ունենային անկէ ներս։ Պէտք էր հոն տեղադրել փինկ–փոնկի սեղան, «պիլիար», ժամանցի անհրաժեշտ ուրիշ սարքեր, գրադարան մը յատկապէս՝ իր յարակից մասով, ուր այցելուներ գիրք եւ թերթ կարդալու միջոց ունենային։
Այս բոլորը ապահովուեցան նուազագոյն ժամանակի մէջ։
Շրջանի Միութեան ժրաջան Ա.պետին գլխաւորութեամբ, համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ, պատասխանատու եւ անդամ ընկերներու հաւաքական ջանքերով, ակումբը կը ստանար ներկայանալի տեսք իր հաճելի մթնոլորտով, ուր երիտասարդութիւնը կրնար զբօսնուլ, հաճելին օգտակարին միացուցած։ Աշխուժութիւնը իր բարձրակէտին կը հասնէր Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն։ Ակումբը մեղուանոց ըլլար կարծես։
Շուրջ 11 ամիս անց, վերջապէ՜ս «կանաչ լոյս»ը տեսնուեցաւ։ Արտօնագրի հարցով աշխոյժ գործեցին ընկ․ Պետրոս Մուշեանն ու Թրիփոլիի ժրաջան ընկերներէն ընկ. Հրայր Կարապետեանը։ Ասոնք եկան աւետելու, որ ներքին գործերու նախարարը վաւերացուցած է արտօնագիրը։ Եւ, իսկապէս ալ, քանի մը օր ետք, պետական արտօնագրին բնագիրը պաշտօնապէս կը փոխանցուէր վարչութեան ատենապետին։ Միութեան պաշտօնական անունն էր՝ Հ.Մ.Մ «ԿԱՅԾ»:
Արտօնագրի ստացումը, բնականաբար, անհուն ուրախութիւն պիտի պատճառէր բոլոր Հ.Մ.Մ.-ականներուն, Թրիփոլիի շրջանի միութենականներուն եւ համակիր շրջանակին ընդհանրապէս։
Վարչութիւնը եւ ակումբի Ընկերային յանձնախումբը միատեղ եւ սերտ գործակցութեամբ կը նախապատրաստուէին, որ յառաջիկայ տարի՝ 1966-թ.ին, արժանավայել շուքով նշեն Հ.Մ.Մ.-ի հիմնադրութեան 45-ամեակը։
Սակայն ու դժբախտաբար գաղութին հայաթափումը զգալի համեմատութեան հասած ըլլալով, սկսած էր աղաւաղել համայնքին հայկական պայծառ դիմագիծը։ Արդէն շրջանի նաֆթի մեծ ընկերութիւնը՝ I.P.C. իր դռները սկսած էր փակել։ Շատ ուրիշներու կարգին, անգործութեան կը մատնուէին հաստատութեան հայ պաշտօնէութիւնն ու բանուորները, որոնք գործ մը ճարելու մարմաջով կը տեղափոխուէին Պէյրութ կամ ուրիշ քաղաքներ։ Չէին պակսեր արտասահման մեկնողներ։
Եւ այսպէս, տարիներու հոլովոյթին հետ, մեծ թափով շարունակեց նօսրանալ մեր երբեմնի հայահոծ այս գաղութը` Թրիփոլին, որմէ տուժեց անշուշտ նաե՛ւ Հ.Մ.Մ.-ը, անդամներու թիւի նուազումով։
Ի տես այս մասամբ վհատեցուցիչ իրողութեան, ստիպողաբար միացուեցան գաղութին երկու ազգային դպրոցները։
Գաղութէն ներս նորաստեղծ, դժուարին ու աննպաստ պայմաններուն ի հեճուկս, միութենական շարքային-բարեկամ անդամներու նուազումին (մահ կամ արտագաղթ] հետեւանքով մասնաւորապէս, մնացող ընկերները շարունակեցին իրենց միութենական աշխատանքները պարտաճանաչաբար եւ ոգեւորութեամբ։ «Մեկնածներ»ուն կողմէ իրենց «աւանդ» ձգուած Միութիւնը իր մակարդակին վրայ պահելու եւ զայն քայլ մ՚աւելի զարգացնելու գովելի նախանձախնդրութեամբ կրկնապատկեցին իրենց ջանքն ու աշխատանքը։
Յաջորդ մէկ քանի տարիներուն, նորահաս երիտասարդ ընկերներ, գլխաւորութեամբ շրջանի այդ օրերու ամէնէն ժրաջան եւ եռանդուն ընկերոջ` Հրայր Կարապետեանի ջանքերուն, միութեան ֆութպոլի խումբը վերակազմակերպուեցաւ եւ շարունակեց իր գործունէութիւնը երէկի խանդավառութեամբ։
Թրիփոլիի Հ.Մ.Մ.-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Մ.Մ.-ի 50-ամեակի (1971-թ.) փառատօնի նշման, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համմուտի դաշտին վրայ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ն․ Վ․ Սուլէյման Ֆրանճիէի։
Այդ համեմատաբար լաւ եւ յուսալից օրերուն դժբախտաբար յաջորդեց 1975–ի Ապրիլին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական քանդիչ պատերազմը։ Եւ ինչպէս ամէնուրեք, նաեւ Թրիփոլիի մէջ, ընդմիջուեցան մարզա–միութենական աշխատանքները, իսկ վայրագ ու քստմնելի կռիւներուն պատճառած արիւնն ու քանդումները տեւեցին շատ տարիներ։
Վերջապէս, Թրիփոլիի շրջանի Հ․Մ․Մ․-եան կեանքի համառօտ այս յուշագրութիւնը կարելի չէ եզրափակել առանց անդրադառնալու եւ ամենայն ակնածանքով չգնահատելու հիմնադիր առաջին սերունդին այն ղեկավար, պաշտելի ընկերները մանաւանդ, որոնք թուրքին կոտորածներէն մազապուրծ փրկուած եւ դեռ իրենց ընտանիքներուն օրուան հացը չապահոված՝ ունեցան մտահոգութիւնը հայ նոր սերունդի հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութեան։
Ուստի այժմ պահն է անգամ մը եւս մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ վերապրեցնելու երախտիքը նախորդներուն եւ յարգանքով խոնարհելու սրբազան աւանդին ու անկորնչելի վաստակին առջեւ Հ.Մ.Մ.-ի հիմնադիրներուն, սկսեալ հիմնադիր Ա․ Պետ ընկ․ Վահան Օհանեանէն ու հասնելով մինչեւ ամենահամեստ միութենականին, որ տուաւ իր կարելին ու լաւագոյնը իր ազգանուէր կազմակերպութեան։ Փա՜ռք ու պատի՜ւ անոնց խնկելի յիշատակին։
Միաժամանակ արժանի գնահատանք պարտինք մատուցանել անոնց ազգօգուտ գործը շարունակած, անոնց կիսաւարտ նախաձեռնութիւնները ամբողջացուցած եւ դե՛ռ աւարտին հասցնող յաջորդներուն, անկեղծ միութենական ընկերներուն, որոնք ըստ արժանւոյն պիտի գնահատուին անշուշտ օր մը, Հ.Մ.Մ.-ի համապարփակ եւ պաշտօնական պատմագիրքին մէջ։
Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն