Քսան տարի՝ հիւանդանոցէ-հիւանդանոց, գթութեան ու կարեկցանքի ենթակայ։ Շահնուրի կեանքին ամէնէն դժխեմ շրջանն է այս, որ կ՛երկարի 30-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 50-ականներու վերջերը։
Եւ սակայն լուսաւոր քանի մը փակագիծեր կան այդ շրջանի իր առօրեային մէջ, բարեբախտաբար։
Ամէն բանէ առաջ՝ 1944-էն ետք որոշ բարելաւում մը կը նշմարուի իր առողջական վիճակին մէջ։ Գո՛նէ կը սկսի դանդաղօրէն քալել. կը զգայ, որ կեանքը պիտի ժպտի իրեն… թերեւս։ Ֆիզիքական այս մասնակի կազդոյրը զինք կը մղէ վերադառնալու գրականութեան, բայց այս անգամ՝ մի՛այն ֆրանսերէնով։ Ա՛լ չ’ուզեր հայերէնով գրել։ Արդէն, խզած է իր կապը հայաշխարհի հետ, իսկ հայաշխարհն ալ, քիչ բացառութեամբ, մոռցա՜ծ է զինք…։ Եւ այսպէս, 40-ական թուականներուն Շահան Շահնուր անուն փոխելով կը դառնայ Արմէն Լիւպէն, քերթողական ու արձակ քանի մը հատոր շահեցնելով Ֆրանսական գրականութեան (Արմէն Լիւպէնի բանաստեղծութիւններէն 200 էջանի ընտրանի մը լոս-անճելըսաբնակ Սարգիս Վահագնի կողմէ հայերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած է Պէյրութ, 2007-ին, «Շուրջը՝ ոչի՛նչ» խորագրով)։ Իր այս գործերը կը գնահատուին ջերմապէս, կ’արժանանան նոյնիսկ ֆրանսական մրցանակներու, իսկ ինք բարեկամական կապեր կը հաստատէ ֆրանսացի մտաւորականներու հետ։
Ճիշդ է որ հայկական որոշ շրջանակներու մէջ, հոս-հոն, յատկապէս Միջին Արեւելք, «Նահանջ»–ի երբեմնի հռչակաւոր վիպագիրը չմոռնալու ու անոր նիւթապէս օգնելու գնահատելի փորձեր ալ կը կատարուին, սակայն Շահնուր իրողապէս կը մնար հայ կեանքէն հեռու։ Մարդիկ նոյնիսկ ճշգրտօրէն չէին գիտեր, թէ ո՞ւր պատսպարուած էր Շահնուր (քանի պարբերաբար կը ստիպուէր փոխել իր բուժարանը) եւ կամ ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ կ’ապրէր ան…։
Շա՛տ կարեւոր շրջադարձ մը պիտի կատարուէր Շահնուրի կեանքին մէջ 1955-ին, երբ Փարիզէն Արփիկ Միսաքեան (երիտասարդ դուստրը «Յառաջ»–ի խմբագրապետ Շաւարշ Միսաքեանի), յա՛տկապէս կ’այցելէ Պորտոյի մերձակայ Փեսաքի բուժարանը (հարաւարեւմտեան Ֆրանսա) ու երկու անգամ տեսակցութիւն կ’ունենայ Շահնուրի հետ, որ նախապէս չէր ճանչցած։ Գրողին ներսիդին կը վերակենդանանան որոշ յուշեր, ծիլ կու տայ կարօտի վարանոտ զգացում մը, հայութեան հանդէպ իր սնուցած երբեմնի դառնութիւնը տակաւ կը նահանջէ ու սառցակոյտը կը սկսի հալիլ քիչ-քիչ…։ Այս ամբողջը՝ շնորհիւ Արփիկ Միսաքեանի հետեւողական ճիգերուն ու Շահնուրի նկատմամբ ցուցաբերած բացառիկ գուրգուրանքին, որ հետեւողականօրէն պիտի շարունակուէր մինչեւ գրողին վերջին շունչը։ Այդ հանդիպումներէն ետք Շահնուր դողդոջ քայլերով կը վերադառնայ հայ գրականութեան ու կը սկսի աշխատակցիլ «Յառաջ»-ին, որ իր թերթը կը նկատէ եւ որուն խմբագրակազմին գլուխը անցեր էր կորովի Արփիկը, հօր մահէն ասդին (1957)։
Նոյն Արփիկ Միսաքեանի միջնորդութեամբ, 1959-ին, Շահնուր վերջնականապէս կը ձերբազատի բուժարաններու տհաճ մթնոլորտէն ու արդէն աւելիո՛վ կազդուրուած՝ իր առանձին սենեակը կ’ունենայ Սէն-ՌաՖայէլ աւանի (Միջերկրականի ափին, Նիս քաղաքէն դէպի արեւմուտք) հայկական հանգստեան տան մէջ։ Այդ թուականէն ասդին, պարբերաբար, մտաւորական այցելուներ ալ կ’ընդունի Սփիւռքէն թէ Հայաստանէն (շատեր յօդուածներով կու տան իրենց տպաւորութիւնները)։ Առողջութիւնը, յարաբերաբար, կը դառնայ կայուն, այնքան որ երկար ճամբորդութիւններ իսկ կը կատարէ։ Պէյրութէն հրապարակագիր Գրիգոր Քէօսէեան մօտէն կը հետաքրքրուի Շահնուրով եւ հրատարակութեան կը պատրաստէ անոր Գ. հայերէն գիրքը՝ «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը»–ն (հին գրութիւններու վերամշակեալ տարբերակ, Պէյրութ, 1958)։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիւ Եորքի կեդրոնն ալ ամսական դրութեամբ համեստ յատկացում մը կը սկսի կատարել գրողին։
Սէն-ՌաՖայէլ կատարեալ անդորրութիւն կը պարգեւէ բազմաչարչար գրողին, մանաւանդ որ 60-ական թուականներէն սկսեալ սփիւռքեան շրջանակներ մօտէն կը հետաքրքրուին իրմով ու իր վաստակով։ Հայաստանի մէջ ալ Հայպետհրատը հատոր մը կը հրատարակէ Շահնուրի երկերէն, 1962-ին։
Ահա այսպէս, մինչ կը մտածուէր թէ անամպ վերջալոյս մը կը սպասէր Շահնուրին, յանկարծ կը պայթի նոր գայթակղութիւն մը, 1970-ին։ Ամերիկայէն մինչե՜ւ Երեւան, անցնելով Փարիզէն ու Պէյրութէն, անօրինակ փոթորիկ մը կը ստեղծուի հէք Շահնուրի անունին շուրջ։
Ի՞նչ էր պատահածը։
1969-ի Նոյեմբերին, Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթը լոյս կ’ընծայէ բացառիկ թիւ մը, ուր տեղ կու տայ նաեւ Շահնուրի հին գրութիւններէն մէկուն՝ «Ազատն Կոմիտաս»–ին, գրուած ու տպուած Փարիզի մէջ («Ապագայ»), 1935-ին, եղերաբախտ երգահանին վախճանման առիթով։ «Սփիւռք» այդ յօդուածը վերատպած էր սակայն առանց թուական եւ սկզբնաղբիւր նշելու…։
Հայաստանէն բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան կարծելով որ Շահնուրի գրութիւնը ՆՈՐ Է՝ հոն կ’ընդնշմարէ Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ անընդունելի տեսակէտներ, ոհ կը դառնայ անճիշդ մեկնաբանութեանց ու Երեւանի «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթին մէջ (21 Յունուար 1970) «Բաց նամակ» մը կը ստորագրէ Շահնուրի դէմ, բաւական ծանր մեղադրանքներով («…ձեր յօդուածը սեփական ժողովրդից հեռացած, նրա գիրն ու լեզուն ուրացած մարդու հոգեբանութեան մի հիւանդագին դրսեւորում է» եւ այլն, եւ այլն)։ Ու կը փրթի՜ փոթորիկը…։ Սփիւռքահայ թերթերը, ամիսներ շարունակ, կը վերածուին թեր ու դէմ խմբակներու իսկական կրկէսի…։ Ու երբ կը պարզուի, թէ Շահնուրի խնդրոյ առարկայ այդ գրութիւնը ունի արդէն շուրջ 35 տարուան վաղեմիութիւն, Վ. Դաւթեան երկրորդ յօդուածով մը ու ինքզինք արդարացնելու յամառ ճիգով՝ այս անգամ ալ իրեն թիրախ կը դարձնէ «Սփիւռք»-ի խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը…։
Շահնուր կը հարկադրուի պատասխանել։ Նախ Պոսթընի «Պայքար»–ին մէջ կը ստորագրէ «Անիմանալի գրոհը» յօդուածը, այնուհետեւ «Յառաջ»-ի մատենաշարով լոյս կ’ընծայէ անջատ պրակ մը՝ «Ազատն Կոմիտաս եւ իբր յաւելագիր՝ վաղը», երկուքն ալ գրի առնուած անքինախնդիր ու ներողամիտ ոգիով։ Կիրքերը հետզհետէ կը հանդարտին…։
Մինչ այդ, Փարիզի մէջ կը տպուին Շահնուրի «Բաց տոմարը» (1971) եւ «Կրակը կողքիս» հատորները (1973)։ Շատ աւելի ուշ, յետմահու, ի լոյս պիտի ընծայուէին Նուպար Ակիշեանի (Լոս Անճելըս, 1982) ու Անդրանիկ Փօլատեանի (Նիւ Ճըրզի-Պէյրութ, 2003) մենագրութիւնները, Գր. Շահինեանի Բ. ուսումնասիրութիւնը՝ «Շահան Շահնուր. աքսոր եւ արուեստ»-ը (1985), Գր. Քէօսէեանի պատրաստած շահնուրեան «Նամականի»-ներու երեք հատորները (2001-2006) եւ այլն, դեռ առանց հաշուելու սա վերջին տասնամեակին Երեւան տպուածները…։
Շահնուր իր վերջին շունչը կը փչէ 20 Օգոստոս 1974-ին։ Արփիկ Միսաքեան գրողին դին Սէն-ՌաՖայէլէն կը փոխադրէ Փարիզ ու յետ յուղարկաւորութեան՝ զայն կը հանգչեցնէ իր հօր՝ Շաւարշի գերեզմանափոսին մէջ, «սիրտ սրտի», ինչպէս պիտի կոչուէր շահնուրեան այն վերջին հատորն ալ, որ լոյս պիտի ընծայուէր 1995-ին, դարձեալ «Յառաջ»-ի մատենաշարով։
Շահնուրի ամբողջ կեանքը՝ «պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»…։
Լ. Շ.