Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Մ.Մ. «ԿԱՅԾ»-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ՝ ՈՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԷՄՔԷՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

December 17, 2024
in Գաղութային
0
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Մ.Մ. «ԿԱՅԾ»-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ՝ ՈՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ԳԱԼԷՄՔԷՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

Մտքիս ծայրէն իսկ չէր անցներ: Երբեմնի այդ եռուն մասնաճիւղի միութենական կրակը աստիճանաբար մարելէն 50 տարի ետք պիտի հանդիպէի Հ.Մ.Մ.-եան հուրով տակաւ ջերմացող՝ ողբացեալ Գրիգոր Գալէմքէրեանի այրիին եւ ընտանիքին: Աւելին, հայկական շրջապատէն մեկուսի՝ հայկականութիւն կը կայծկլտար անոնց շուրթերէն: Կարօտի անյագ ծարաւ մը խօսելու, պատմելու, լսելու, տեսնելու այն բոլորի մասին, որոնցմով իրենք կէս դարէ աւելի հոգեկան թթուածնով շարունակած են շնչել, խօսիլ, գործել ու ապրիլ:

Մեր պաշտօնակից Գէորգ Տաղլեանի մօր մահուան քառասունքի հոգեհանգիստի արարողութեան էր: Ալեհեր, սակայն եռանդուն տիկին մը «Արարատ»-ի տնօրէնը կը փնտռէր: Պաշտօնական ձեռքսեղմումը երկար չտեւեց: Տիկին Վեհանուշին հետ կարծէք հարազատ ծանօթներ ըլլայինք: Ժամանակը շատ կարճ էր, սակայն ինք շատ բան ունէր պատմելիք: Յայտնեց, որ «Կայծ»-ի ժրաջան պատասխանատուներէն ողբացեալ ընկեր Գրիգոր Գալէմքէրեանի տիկինն է, որ Թրիփոլի քաղաքէն արդէն տեղափոխուած են եւ կ’ապրին Անֆէի շրջանը, թէ՝ «Արարատ»-ի ջերմ ընթերցող եղած են եւ ցանկութիւն յայտնեց այսուհետեւ թերթը ստանալ համացանցով: Ոտքի վրայ ծանօթացայ նաեւ իր որդիին՝ Արսէնին, անոր տիկնոջ՝ Թագուհիին, եւ թոռան՝ Գրիգորին հետ: Ինչե՜ր կար պատմելիք: Արսէն ըսաւ, թէ ինք փռապան է Անֆէ ծովեզերեայ շրջանին մէջ: Իր հօրմէն մնացած արժէքաւոր լուսանկարներ ունի եւ պատրաստ է տրամադրելու ապահով ձեռքերու: Տիկին Վեհանուշ յիշեց հայահոծ Թրիփոլիի եռուն շրջանին «Կայծ»-ի փառաւոր օրերը: «է՜հ, ամուսինիս հետ ինչպիսի՜ նեղ ու լայն օրեր անցուցած ենք Հ.Մ.Մ.-ի հետ, հայութեան համար: Օր մը եթէ գաս բոլորը կը պատմեմ», աչքերը ջրոտելով կ’ըսէր ան:

Սեղմեցի ողբացեալ ընկեր Գրիգոր Գալէմքէրեանի տղուն Արսէնին արհեստէն պնդացած ձեռքը: Մարմինս փշաքաղուեցաւ: Փռապան հօրս ձեռքերն էին: Խոստացայ յաջորդ հանդիպումը շուտով իրականացնել Անֆէի իրենց տան մէջ:

Մեր կարճ այս անակնկալ հանդիպումը երազի պէս անցաւ: Սակայն պէտք էր զայն լուսանկարով անմահացնել, քանի որ անոնք հեռաւոր շրջանէ մը հասած էին Նոր Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցի, յարգելու համար հարազատի մը յիշատակը, եւ ամենակարեւորը՝ անոնք Պէյրութէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ մեկուսացած ապրելով, հայութենէն եւ Հ.Մ.Մ.-էն սանթիմ մ’իսկ չէին հեռացած:

Ն.Ճ.

Share66Tweet41
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ – 50 (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) – Գ.

Next Post
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ – 50  (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) – Գ.

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ - 50 (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) - Գ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.