* «Հայաստանի Հանրապե-տութեան Սահմանադրական դատարանը 2024 թուականի Սեպտեմբերի 26-ի իր որոշման մէջ նշել է, որ Սահմանադրութեան նախաբանում Անկախութեան հռչակագրի յղումը վերաբերում է բացառապէս հռչակագրի այն դրոյթներին, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներում»,- ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան X-ի իր էջով գրառման մէջ։
* ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած են Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավա-րական պաշտպանական խորհըրդակցութիւններ: Կողմերը հաստատած են վերջին շրջանին աշխոյժ համագործակցութեան ռազմավարական նշանակու-թիւնը եւ սահմանած են համագործակցութեան զարգացման աւելի բարձր նշաձող: Առանձնապէս կարեւորուած է համագործակցութիւնը պաշտպանական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան ու վարժանքներու, խորհրդատուական աջակցութեան, տարբեր զօրատեսակներու պատրաստութեան, ռազմատեխնիկական եւ այլ ուղղութիւններով: Խորհրդակցութիւններու բերումով ստորագրուած է Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան 2025 թուականի ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ քանի մը տասնեակ միջոցառումներ ԶՈՒ կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: