Ամբողջացնելով 2024-ի աշխոյժ տարեշրջանը եւ յայտարարելով 2025-ի գործունէութեանց մօտալուտ մեկնարկը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու գործունեայ բոլոր վարչութիւններուն ներկայացուցիչները Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան մէկտեղուեցան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի սրահին մէջ, ուր արժեւորեցին անցնող տարեշրջանը եւ յայտարարեցին գալիք օրերուն ծրագրերը: Ժողովի շուրջ երկու հարիւր մասնակիցներուն շարքերը գլխաւորեցին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովէն անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանն ու վարչութեան անդամները, նաեւ միութեան շարք մը վեթերան նախկին պատասխանատուներ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի հետ խորհրդակցելով որոշած է հրաժարիլ անցնող 12 տարիներուն ստանձնած ատենապետի պաշտօնէն, կատարելագործելով 56 տարի երկարած միութենականի կեանքը՝ որպէս սկաուտ, ընդհանուր խմբապետ, մարզական պատասխանատու եւ վարչութեան 28-ամեայ անդամ ու փոխատենապետ: Չերչեան յայտնեց, որ երկարամեայ վարչական եւ ատենադպիր Յակոբ Ճըղըլեան նշանակուած է ատենապետի պաշտօնին, բացատրելով որ անցումային վեցամսեայ փուլի աւարտին, աշտօններու փոխանցումը պիտի կատարուի 27 Ապրիլ 2025-ին գումարուող ընդհանուր վարչական ժողովին: «Ատենապետութենէն հրաժարիլ չի նշանակեր հեռանալ միութենական գործունէութենէ, այլ պիտի շարունակեմ ծառայել որպէս ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ, միաժամանակ միշտ մնալով ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ կառոյցներուն կողքին, տրամադրելով ամբողջական աջակցութիւն», հաստատեց Չերչեան:
ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարիչ տնօրէն եւ Միջին Արեւելքի ու մերձակայ երկիրներու տնօրէն Արին Ղազարեան ընթերցեց միութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի ողջոյնի ուղերձը, որուն մէջ ան գոհունակութեամբ շնորհաւորեց նորօրեայ խոչընդոտները յաղթահարող ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ատենապետ Չերչեանի դիմակայող ոգին: Նկատելով, որ ժողովուրդը լայն շունչ մը քաշած է Լիբանանի վրայ պարտադրուած անողոք պատերազմէն ետք, Թիւֆէնքճեան ուրախութիւն եւ հիացմունք յայտնեց տեսանելի ամէն արգելք ու պատնէշ անտեսելով սոյն ժողովը կազմակերպող ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ատենապետին հանդէպ: Ան հաւաստիացուց, որ կատարուած աշխատանքը հիմնուած է միութենական անկեղծ վերաբերմունքի, վստահութեան եւ փոխադարձ սիրոյ վրայ, բացատրելով որ Շրջանակային յանձնաժողովին նպատակն է աշխատանքային դաշտը լայն բանալ միութենական թարմ շունչով տոգորուած երիտասարդներու առջեւ, անոնց վստահելով պատասխանատու պաշտօններ: «Վստահ ենք, որ նման կարգադրութիւններ մեր երիտասարդները աւելի ու աւելի պիտի մղեն հետաքրքրուելու ազգային, միութենական եւ եկեղեցական գործունէութեամբ», նշուեցաւ Թիւֆէնքճեանի ուղերձին մէջ: Ատենապետը դրուատեց երկարամեայ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած, «միութենական հանրայայտ դէմք, ՀԵԸ-ի՝ մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներէն ներս մեծ վաստակ, յոգնութիւն ու յաջողութիւն ունեցած պարոն Վիգէն Չերչեանը» եւ անոր մաղթեց շարունակական յաջողութիւն, համոզում յայտնելով, որ «ան իր փորձառու ղեկավարի հմտութիւններով պիտի մնայ ուղեցոյց՝ նոր կեդրոնական վարչութեան»:
Նորանշանակ ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան իր համառօտ խօսքին մէջ յայտնեց, որ վարչականներ Նշան Ղորղորեան եւ Սարին Խաչիկեան նոր վարչութեան մէջ համապատասխանաբար պիտի ստանձնեն ատենադպիրի եւ գանձապահի պարտականութիւնները: Շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն շնորհուած վստահութեան համար, Ճըղըլեան վստահեցուց, որ ՀԵԸ պիտի շարունակէ իր բարգաւաճումի ընթացքը, եւ շեշտեց, թէ «այս Միութեան մէջ անձնական շահեր չկան, այլ՝ հաւաքական աշխատանք, միասնական ուժ եւ յստակ հեռանկար դէպի փայլուն ապագայ»: Ան շեշտեց երիտասարդութիւնը քաջալերելու կարեւորութիւնը, որպէս հմուտ եւ աշխոյժ սերունդներ պատրաստելու լաւագոյն միջոց, միաժամանակ երախտապարտ մնալով վեթերաններուն եւ իմաստուններուն աւանդին: «Պիտի չընկրկինք, այլ պիտի ըլլանք դիմացկուն եւ առաջնորդող, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները մեր կամքով, հաւատքով եւ յոյսով», շեշտեց Ճըղըլեան:
Ժողովի աշխատանքային առաջին նիստին ընթացքին հանդէս եկան ՀԵԸ-ի մարզական, սկաուտական, մշակութային, ընկերային, ուսանողական ու երիտասարդական խումերուն եւ կառոյցներուն ներկայացուցիչները, որոնք նախ տեսանիւթերու եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին անցնող տարեշրջանի գործունէութեան կատարողականը, ապա խօսեցան 2025 տարեշրջանին նախատեսուած ծրագրերուն մասին: Ժողովին երկրորդ նիստը յատկացուեցաւ առաջարկներու եւ գաղափարներու փոխանակումին եւ քննարկումին, միշտ ունենալով գերագոյն մէկ նպատակ՝ վառ պահել հայկական արժէքները եւ ապահովել միութեան յառաջընթացն ու միութենականներուն բարօրութիւնը:
Ժողովը փակուեցաւ ամէնամեայ միացեալ լուսանկարով, որ պատմութեան էջերուն վրայ մնալով միշտ պիտի խօսի այս դաժան օրերուն ամբողջ միութիւն ու հաւաքականութիւն մը աւելի դիմացկուն դարձնողներու մեծ փաղանգին մասին:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական գրասենեակ