Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի, Ղազախստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն: «Եթէ նորէն աշխարհ գամ, դարձեալ կ’ուզեմ մանկավարժ ըլլալ», ըսաւ Անահիտ մեղմ ժպիտով մը:
Անահիտ ներկայիս կ’ապրի Ալմաթի եւ Կիրակի օրերը հայ մանուկներուն ու պատանիներու կը սորվեցնէ հայերէն` այս գործը նկատելով առաքելութիւն եւ կամաւորաբար կատարելով զայն: Ամէն Կիրակի հայ պատանիներ կը հաւաքուին հայկական կեդրոնին մէջ եւ հայերէն կը սորվին: «Ես կ’աշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ», ըսաւ Անահիտ:
Ալմաթի, Ղազախստան, Նոյեմբեր 2024:
Ղազախստան Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մին է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային միութեան համակարգին: Ղազախստան, ինչպէս մնացեալ խորհրդային համակարգի երկիրները, ստացաւ իր անկախութիւնը 1991-ին, երբ Խորհրդային միութիւնը փուլ եկաւ: Ղազախստան լեռնային երկիր մըն է, եւ Ալմաթին շրջապատուած է գեղեցիկ լեռներով, որ քաղաքին ու երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն: Ռուսերէնը խօսակցական լեզուն է, բայց ժողովուրդը ունի նաեւ իր մայրենին` ղազախերէնը: Երկիրը օժտուած է բնական հարստութեամբ, ինչպէս` քարիւղ, ինչ որ կ’արժեւորէ զայն իր աշխարհաքաղաքական դիրքին մէջ:
Թէեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Ղազախստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ:
Ղազախստանի մէջ այսօր կ’ապրին մօտաւորապէս 10.000 հայ: Մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ կան մօտաւորապէս 5000 հայ: Գաղութը ունի հայկական մշակութային կեդրոն մը, որուն յարակից կայ փոքր եկեղեցի-մատուռ մը: Մշակութային կեդրոնը կը գործածուի գաղութի գործունէութիւններու համար: Հայ գաղութի անդամներուն կարեւոր տոկոսը Ղազախստան հաստատուած է Խորհրդային միութեան օրերուն: Փոքր թիւ մըն ալ Ղազախստան եկած է Հայաստանի անկախութենէն ետք:
«Գաղութը հայախօս չէ, մանաւանդ նոր սերունդը, որ հայերէն չի խօսիր», Տաթեւիկ Մըխըեանն է խօսողը. «Բայց ազգային ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է անոնց մէջ»: Տաթեւիկը ծնած է Երեւան, արդէն 25 տարի է Ալմաթի կ’ապրի: Ան ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչն է Ղազախստանի մէջ: Տաթեւիկը պարուսոյց է եւ հայ պատանի-երիտասարդներու կը սորվեցնէ հայկական պար: Պարի բոլոր փորձերը եւ վարժութիւնները տեղի կ’ունենան հայ մշակութային կեդրոնին մէջ: Տաթեւիկի հայրը` Աւետիս Մըխըեան, եղած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլի պարողներէն: «Ամէն տարի ելոյթներ կ’ունենանք եւ Ղազախստանի ժողովուրդին կ’ուզենք ներկայացնել ու ծանօթացնել հայ մշակոյթը», ըսաւ Տաթեւիկ:
Տաթեւիկ չի յոգնիր հայ անմեղ հոգիներուն մէջ հայուն մշակութային արժէքները վառ պահելէ:
Հայկական փոքր եկեղեցի-մատուռը նոյնպէս վկայութիւնն է այս քաղաքին մէջ հայուն ներկայութեան: Եկեղեցին չունի կղերական, բայց Լեւոն Պետրոսեանը ստանձնած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Լեւոնը ծնած է Աբովեան քաղաքին մէջ եւ 22 տարիէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի: «Չորս տարի առաջ սկսանք աղօթք-հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարել ամէն Կիրակի առաւօտ», ըսաւ Լեւոն:
Հայկական եկեղեցին հիմնուած է 2003 թուականին, բայց չէ կրցած մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ունենալ: «2020-էն սկսեալ ամէն Կիրակի աղօթք կը կատարենք եկեղեցւոյ մէջ,– յայտնեց Լեւոն:– Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք Քրիստոսի հիմքը, մենք` իբրեւ ազգ, կը գոյատեւենք` անկախ մեր դիմագրաւած բոլոր փոթորիկներէն»: Անոր համար քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն է, բայց նոյնքան ալ ամուր վահան` տոկալու եւ հաստատ պահելու հայուն կեանքը:
Բայց հայը իր սրտին մէջ նաեւ նոյնքան սեղմած է հայրենիքի կարօտը:
Գուրգէնը եկած է Իջեւանէն եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ալմաթի կ’ապրի: «Երբ Ալմաթիի լեռներուն կը նայիմ, Արարատն է, որ կը տեսնեմ», ըսաւ Գուրգէն:
Գուրգէնին կարօտը իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն կարօտն է, չէ՞…
Այս կարօտը նաեւ կ’ապրի Սեւակ Պալապէքեանը: «Շատ ուրախ եմ, որ հայ եմ եւ կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ Սեւակ:
Սեւակը 36 տարեկան երիտասարդ հայն է, որ ծնած է Հայաստան: 2010-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Ղազախստան: Յաջող գործարար է, որ կը զբաղի ճաշարաններ հիմնելու ասպարէզով: Սեւակը Երեւանը ձգած է պատանի տարիքին: «Ես Սփիւռքի մէջ սորվեցայ եւ գտայ հայկական արժէքները», վկայեց Սեւակ:
Սեւակ երեք տարի առաջ այցելած է Երուսաղէմ` Հայկական թաղամաս, հայոց պատրիարքարան, եկեղեցի եւ թանգարան: «Երուսաղէմի մէջ է, որ անդրադարձայ, թէ որքա՛ն արժէքներ ունինք որպէս հայ,- շարունակեց Սեւակ,- մեծ հարստութիւն ունինք որպէս հայ ժողովուրդ, եւ ես չէի գիտեր»:
Մշակութային արժէքներու հետ Սեւակ մտած է նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր աշխարհին մէջ: «Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չէ: Եթէ այսօր կանգ որպէս հայ ժողովուրդ, այդ ալ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին է»:
Սեւակ իր այդ «դիւրին բան չըլլալ»-ու իրականութեան լաւապէս կը գիտակցի եւ ամուր կերպով կառչած է անոր: Ան ամէն Կիրակի Ալմաթիի մէջ ներկայ կ’ըլլայ եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան: « Աստուած լաւ ու բարի ստեղծեց աշխարհը, մարդուն կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կ’ուզէ ապրիլ», նշեց ան:
Դարձեալ Տաթեւիկը. «Մեր նոր սերունդին նաեւ կը սորվեցնենք հայուն պատմութիւնը: Շատ բան չենք կրնար ընել Ապրիլ 24-ի յիշատակումներուն մասին, քանի այս երկիրը զգայուն է այս հարցով: Բայց կը հաւաքուինք որպէս հայեր եւ կ’ոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն»:
Ղազախստան մահմետական երկիր է, ուստի պէտք է ըլլալ զգօն եւ զգոյշ: Սփիւռքահայ իրականութիւնները աշխարհի մէջ կը տարբերին մէկը միւսէն, իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական ու ընկերային տարբերակներու մէջէն:
Սեւակը նոյնքան ունի ազգային ու հայաստանեան մտահոգութիւններ: «Ճիշդ չէ, որ ապրինք այսօրուան համար միայն, բայց պէտք է զարգացնենք հայուն միտքը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛ւր կեցած է, եւ ո՛ւր կ’ուզէ երթալ», դիտել տուաւ ան:
Սեւակ նոյնպէս կը տեսնէ Սփիւռքի կարողականութիւնը, երբ հայը կ’ապրի ուրիշին հետ, իմա` ոչ-հայուն հետ: «Հայաստանի մէջ այս փորձառութիւնը չունինք», ըսաւ Սեւակ: «Հոս` Սփիւռքի մէջ, հայը կ’ապրի ուրիշին հետ եւ կը տեսնէ ու կը սորվի ուրիշէն: Այս մեծ գիտելիք ու փորձառութիւն է», եզրափակեց ան:
Ճիշդ է Սեւակը: Սփիւռքը ուժ է եւ այս` ոչ միայն տնտեսական, այլ` մարդուժի եւ փորձառութեան իմաստով: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան եւ ամբարած է իր մէջ նոյն այդ ուժը: Սեւակ նոյնքան կ’ապրի Հայաստանով: «Հայաստանի հետ կապերս շատ լաւ են եւ յաճախ կ’այցելեմ»:
Շարունակեցի դիտել Անահիտ Սուլթանեանը, որ համբերութեամբ հայերէն կը սորվեցնէ: Ռուսերէն տառերով կը փորձէ հայերէն այբուբենը ընտելացնել անմեղ հայու հոգիներուն մէջ: Որքան սէր եւ նուիրուածութիւն կայ Անահիտին մէջ: Անահիտ ուրախ է, որ հայերէն կը սորվեցնէ: Այս ուրախութիւնը Անահիտ ունի, որովհետեւ, իր իսկ բառերով, «Հայութիւնը իմ կեանքն է: Ես իմ հողին ծառն եմ: Իմ հողիս վրայ կը զգամ ապահով»:
Անահիտին ամուսինին ընտանիքը եղած է Վանէն: Ամուսինին ընտանեկան պարագաները Ցեղասպանութեան օրերուն ողջ-ողջ հրկիզուած են: «Ամուսինս երկար ժամանակ չէր կրնար խորովածի հոտ առնել», ըսաւ ան:
Երբ Անահիտին պատմութիւնը կը լսես, կը հասկնաս ուրկէ՛ կու գայ այդ սէրն ու նուիրուածութիւնը, որ ան կը տածէ հայ մանուկ-պատանիին նկատմամբ` անոնց հայերէն սորվեցնելով: Ասիկա հայուն ինքնութիւնն է, որ Անահիտին կեանքն է, եւ որ կ’ուզէ ապրիլ եւ ապրեցնել: Նոյնքան նաեւ Տաթեւիկը, որ հայկական պարերուն մէջէն իւրաքանչիւր հայ պատանիի անմեղ հոգիին մէջ կ’ուզէ դարբնել հայութիւնը: Ալմաթի ապրող Տաթեւիկը կ՛ըսէ. «Հայ կը զգամ եւ շատ: Մենք հայ ենք եւ մենք տուն ունինք»: Եւ այդ տունը հայուն մշակոյթն է, որ Տաթեւիկ կը սորվեցնէ:
Հայ անմեղ հոգիները: Ալմաթի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Աստուծոյ ստեղծած այս հոգիները, որոնք բարի ու անմեղ են: Բայց մենք պիտի աշխատինք` Ալմաթի թէ ամէն տեղ, որ հայուն այս անմեղ հոգիները անմեղ մեծնան ու աճին:
Այս անմեղ հոգիներն են, որ կ’ապրին, կ’ապրեցնեն ու կը շինեն:
Կը կառուցեն հայը, հայուն երկիրն ու պատմութիւնը:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ