ՁՕՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ
Ութսունամեայ դուն ալեհեր՝
Բայց պատանի, իմ Կիլիկեան…
Ծնունդդ քու ես չեմ ճանչնար,
Բայց կ’ըսեն թէ լոյսի վտիտ առու մ՚էիր,
Յոյսէն այրի, վշտով յղի, իմ Կիլիկեան:
Սակայն կրցար, դեռ նորածին՝
Շունչ տալ քարին,
Առանց կայծի կրակ վառել
Ու կրակով օճախ սարքել,
Երազ ցանել եւ յոյս հնձել
Ու այդ յոյսով դպրոց հիմնել,
Առանց շիւղի բոյնդ շինել,
Առանց աղիւս տուն կառուցել,
Անապատէն ոսկոր բերել
Ու նահատակ ժողովուրդիդ
Ոսկորներէն ոգի կերտել…
Այսպէս հրաշք ո՞վ էր տեսեր, իմ Կիլիկեան…
Ու դեռ կրցար մանուկներու սրտի արտին
Ժպիտ ցանել ու խինդ հնձել,
Վշտիդ դաշտէն ուրախութեան
Ծաղիկ քաղել ու վարդանալ,
Արգանդ դառնալ ու մայրանալ,
Ամէն տարի յղիանալ,
Ստինք դառնալ ու կաթնանալ,
Կաթով սնիլ ու մեծանալ,
Զաւակներուդ մտքի ծառին աւիշ ըլլալ
Ու պտղանալ,
Տարիք առնել՝ չծերանալ…
Այսպէս հրաշք ո՞վ էր տեսեր, իմ Կիլիկեան…
Լոյսի վտիտ առուակ մ՚էիր, իմ Կիլիկեան.
Հիմա արդէն հասակ առած՝
Դարձած ես պայծառ շատրուան,
Լոյս կը բաշխես
Ու լոյսին հետ յոյս կը բաշխես
Որդիներուդ ու դուստրերուդ՝
Աշխարհով մէկ ցիրուցան։
Մտքի դարբնոց,
Մեր սրբութեանց հզօր ամրոց,
Արեւահամ հայոց լեզուի մեծ սերմնացան,
Իմ սիրելի, իմ թանկագին,
Իմ աննման Կիլիկեան…
Հալէպ, 9 Մայիս 2001