Ասատուր` Կարապետ եւ Ռահել Կիւզէլեաններու հինգերորդ մանչ զաւակը, ծնած է հայկական Ամանոսեան լեռներու Սովուղ Օլուխ կամ Սովուգ Օլուգ գիւղը (Ալեքսանտրեթէն մօտ տասը քմ հեռու լեռնալանջի վրայ), 14 Մայիս 1932-ին։ 1939-ին, երբ Ֆրանսա Ալեքսանտրէթի նահանգը դաւադրաբար «կը նուիրէ» Քեմալական Թուրքիոյ, նահանգին հայերը կը գաղթեն Լիբանան, իսկ Կիւզէլեանները Լիբանանէն կը տեղափոխուին Հալէպ, Սուրիա։
Ա. Կիւզէլեան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, որուն ընթացքը երբ կ’աւարտէ 1948-ին, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի սան, մուտք կը գործէ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանք, Անթիլիաս։ Հոս, Ասատուր բախտը կ՚ունենայ ուսանելու եւ հասակ առնելու Գարեգին Ա. կաթողիկոսի, Շահան Պէրպէրեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Բիւզանդ Եղիայեանի եւ Համբարձում Պէրպէրեանի նման` իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ քաջածանօթ հայագէտներու եւ մանկավարժներու շունչին տակ։ 1955-ին շրջանաւարտ Անթիլիասի Դպրեվանքէն, ան կը մեկնի Հալէպ եւ ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ տեղի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։
1957-ին Ա. Կիւզէլեան հրաւէր կը ստանայ Կալկաթայի (Հնդկաստան) Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանի հոգաբարձութենէն, ստանձնելու ճեմարանի հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը։ Ան կ’ընդունի հրաւէրը եւ այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1964, երբ ընտանեօք կը տեղափոխուի Լոնտոն։ Հոս, նոյն տարին ան կը ստանձնէ «Արեգակ» ամսաթերթի խմբագրութիւնը։ 1974-ին կը սկսի հրատարակել «Լոնտոն» ամսագիրը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1976։
Ա. Կիւզէլեան 1960-ին կը հրատարակէ «Համօ եւ Ֆատիլէ» (Տպ. Սեւան, Պէյրութ) չափածոյ սիրավէպը: 2009-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ Ալբերտ Փարսադանեանի «Յարատեւող բարեկամութիւն» հատորը, ուր հրատարակուած Ա. Կիւզէլեանի բազմաթիւ նամակները ուղղուած հատորի հեղինակին, եւ կարեւոր թիւով այլ գրութիւնները զինք «հեղինակակից» կը դարձնեն։
Իր խմբագրած թերթերուն ու սփիւռքահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն մէկ մասը հատորով մը լոյս կը տեսնէ 2011-ին, Պէյրութ, «Թերթելով մամուլը» անուան տակ, խմբագրութեամբ Երուանդ Քասունիի։
Ասատուր Կիւզէլեան մշակոյթի ու հասարակական գործիչ է միաժամանակ։ Սկսած Հալէպէն, անցնելով Կալկաթա եւ Լոնտոն, ան իր հրապարակային դասախօսութիւններով, երաժշտական ու թատերական գործունէութիւններու կազմակերպութեամբ, ընդհանրապէս արուեստի, բայց մանաւանդ հայ գիր ու գրականութեան եւ մշակութային կեանքի քաջալերողն է ու կենսագործողը։ Այս նոյն ժամանակներուն, իր հրապարակագրութեամբ ու գործնական քայլերով ան Հայ դատի աննկուն պաշտպանն է ու հետապնդողը։ Այդ առումով, 1987-ին «Պի.Պի.Սի.»-ի կողմէ ձայնասփռուած իր ելոյթները կը մնան արժանի յիշատակութեան։ 1988-ին, Հայրենիքի մահաբեր երկրաշարժի տարին, օգնութեան կոչով ան իր ձայնը լսելի կը դարձնէ անգլիական ձայնասփիւռի եւ հեռուստացոյցի կայաններէն։ 18 Ապրիլ 2005 թուակիր իր վաւերագրական «Բաց նամակ»ը` ուղղուած Մեծն Բրիտանիոյ, Ա.Մ. Նահանգներու եւ Հրէաստանի կառավարութիւններուն, անգամ մը եւս կը հաստատէ իր կեցուածքը Հայ դատին հանդէպ։
Ա. Կիւզէլեան առաջին անգամ Հայաստան կ’այցելէ 1963-ին, մասնակցելու սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն, ու այդ թուականէն ետք, տարբեր առիթներով ան քանիցս կ’այցելէ Հայաստան, վերադարձին` միշտ հետը բերելով քիչ մը աւելի խանդավառութիւն ու նուիրում հայրենիքին հանդէպ։
Ա. Կիւզէլեան, տասնամեակներու իր մանկավարժական, գրական, հրապարակագրական, հասարակական ու եկեղեցանուէր գործունէութեան համար, 1982-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի կողմէ կը պարգեւատրուի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։
Մարտ 2012-ին, Ա. Կիւզէլեան կը պարգեւատրուի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիամ Սարոյեան», իսկ Մայիս 2012-ին` ՀՀ Նախագահի «Մովսէս Խորենացի» մետալներով։
Ա. Կիւզէլեան 1957-ին կ՚ամուսնանայ Վիվիէն-Նարինէ Ալեքսեանի հետ։ Բախտաւորուած է երկու դուստրերով եւ երեք մանչ թոռներով։