Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ԴԵՐԸ

December 12, 2024
in Միջազգային
0

Քաղաքական մեկնաբանութիւններուն մէջ, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէի անուղղակի նշում կատարեց Թուրքիոյ, երբ ըսաւ, թէ «Սուրիոյ հարեւաններէն մէկը յստակ դեր խաղցաւ երկրին մէջ անցնող օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մէջ, սակայն ծրագրաւորումը տեղի ունեցած էր ամերիկեան եւ իսրայէլեան գործողութիւններու կեդրոններուն մէջ»: Անոր համաձայն, այս մասին կան յստակ փաստաթուղթեր: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ վստահութիւն յայտնեց, որ սուրիացիները կարողութիւն ունին վճռելու իրենց ճակատագիրը, առանց արտաքին միջամտութիւններու: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ «սուրիացիները պէտք է իրենք զիրենք պաշտպանեն, որովհետեւ մենք այնտեղ դերակատարութիւն չունինք»: Ամերիկացի երկու գոնկրէսականներ իրենց կարգին կոչ ուղղեցին չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն մէկ մասը՝ թեթեւցնելու համար տնտեսութեան վրայ բանեցուած ճնշումը: Ամերիկեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ նշեց, որ նախարար Անթոնի Պլինքըն արաբ շարք մը գործընկերներու հետ քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նշեց, որ հաղորդակցութեանց խողովակները բաց կը պահէ Սուրիոյ մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ:

Իսկ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց, որ կ’աղօթէ սուրիացիներու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար, մաղթելով որ զանազան կրօններու ներկայացուցիչները կարենան Սուրիոյ մէջ իրար հետ ապրիլ փոխադարձ յարգանքով եւ համերաշխութեամբ:

Share65Tweet41
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Next Post

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ. ՀԱՅ ԳԻՐԻ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՋԱՏԱԳՈՎԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.