Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

December 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

 

Նուազ քան ամիս մը ետք՝ 9 Յունուար 2025-ին, սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստը, ուստի բազմացած են քաղաքական առնչակից կողմերուն խորհրդակցութիւնները՝ յանգելու համար համաձայնութեան եւ ընտրուելիք անձնաւորութեան անունը ճշդելու նախքան նիստին գումարումը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ազգային անհրաժեշտութիւնն է հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը: Ան այս մասին յայտնեց Այն Թինէի մէջ, սէուտցի, ամերիկացի, ֆրանսացի, եգիպտացի եւ քաթարցի դեսպանները ընդունած ատեն եւ զանոնք հրաւիրեց նոր նախագահի ընտրութեան նիստին: Եգիպտոսի դեսպանը իր կարգին յայտնեց, որ Պըրրիին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են նոր նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը, մաղթելով որ ան կարենայ համախմբել լիբանանցիները եւ իրագործել բարեկարգումներու ընդարձակ ծրագիր մը:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդդիմութիւն յայտնեց բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունի նախագահ ընտրութեան: «Աուն չի վայելեր բոլորին զօրակցութիւնը եւ որպէս բանակի հրամանատար անոր նախագահ ընտրութիւնը սահմանադրական խախտում է, հետեւաբար մենք կ’ուզենք ընտրել անձ մը, որ կարողութիւն ունի միաւորել բոլոր լիբանանցիները», ըսաւ Պասիլ: Այլ հարցով, Ազգային ազատ հոսանքի նախագահը Հըզպալլային կոչ ուղղեց համոզուելու, որ Լիբանանի պետութեան զուգահեռ կառոյց մը չէ, այլ մաս կը կազմէ պետութեան: «Չենք ուզեր տեսնել անոնց վերջը, այլ կը փափաքինք, որ Լիբանանի հայրենիքին մէջ դառնան գործընկերներ՝ օրէնքին տակ հաւասար, միշտ յարգելով երկրին գերիշխանութիւնը», ըսաւ Պասիլ՝ խօսելով Հըզպալլայի մասին:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

Next Post
ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.