Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

December 12, 2024
in Միջազգային
0
ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

 

 

Սուրիոյ անցումային կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ նահանգներուն եւ քաղաքներուն մեծամասնութիւնը սկսած է վերադառնալ բնականոն կեանքի՝ տարրական ծառայութիւններու վերականգնումին շնորհիւ: Ըստ նոր իշխանութեան, Թուրքիոյ սահմանային գօտիի գաղթակայաններ ապաստանած սուրիացիները սկսած են վերադառնալ իրենց տուները: Կառավարութեան վարչապետ Մոհամմատ Պաշիր երկրէն փախուստ տուած քաղաքացիներուն յորդորեց վերադառնալ հայրենիք: «Սուրիան այժմ ազատ է, վերատիրացած իր փառքին եւ արժանապատուութեան», ըսաւ Պաշիր ու վստահեցուց, որ պիտի երաշխաւորեն բոլոր քաղաքացիներուն եւ յարանուանութիւններուն իրաւունքները: «Պիտի վերականգնենք բոլոր շրջաններուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, հայրենիք պիտի վերադարձնենք տեղահանուած սուրիացիները եւ տեղական օրէնքներուն հիման վրայ պիտի դատենք նախկին վարչակարգին ոճրագործները», ըսաւ անցումային վարչապետը, որ սկզբունքով պիտի իշխէ մինչեւ Մարտ 2025: Ան ցաւ յայտնեց, որ Սուրիան սնանկացած է, չկայ արտարժոյթ, այլ միայն իր արժէքը կորսնցուցած սուրիական դրամ:

Անցնող օրերուն Սուրիոյ մէջ իրականացուած յեղաշրջումը առաջնորդող «Դամասկոսի ազատագրութեան խորհուրդ» զինեալ համախմբումի ղեկավար, այժմ Սուրիոյ վարչական ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստանձնած Ահմատ Շարահ (նախապէս՝ Ապու Մոհամմատ Կոլանի) այլ երկիրներու կառավարութիւններուն յորդորեց չմտահոգուիլ Սուրիոյ վիճակով, որովհետեւ ժողովուրդը չափազանց յոգնած է պատերազմներէն եւ կարողութիւն չունի մղելու նոր պատերազմ մը եւս: «Մեր վախը Ասատի վարչակարգէն, Իրանի եւ Հըզպալլայի միջամտութիւններէն էր, իսկ երկիրը այժմ պիտի ուղղուի վերակառուցումի, կայունութեան եւ բարգաւաճումի ուղիով», ըսաւ Շարահ:

Այսուհանդերձ, հակառակ Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն տուած հաւաստիացումներուն եւ յայտարարած կանոններուն, Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ երէկ շարունակուեցան զինեալներու ձեռամբ գործուած ոտնձգութիւնները՝ նախկին իշխանութեան հետ համագործակցողներուն եւ պատերազմի տարիներուն աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցողներուն նկատմամբ: Այս ծիրին մէջ, համացանցի ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակները երէկ ողողուեցան Սուրիոյ մէջ նկարահանուած վայրագ տեսանիւթերով, որոնք արժանացած համատարած դատապարտումի եւ Սուրիոյ մէջ յառաջացած անորոշութեան առնչութեամբ լուրջ մտավախութիւններու:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Next Post

«ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Next Post
«ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

«ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.