Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

December 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԲԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

 

 

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորական խումբեր իրենց ռազմական եւ ճարտարապետական սարքերով մուտք գործած են հարաւային Խիամ քաղաքը եւ տեղակայուած են հինգ դիրքերու մէջ, որպէս գործադրութիւն իսրայէլեան պատերազմին վերջ դրած զինադադարի համաձայնութեան: Տեղակայումը իրականացուած է ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ընկերակցութեամբ, մինչ իսրայէլեան ուժերը հեռացած են Խիամի մերձակայ կէտերէն, վերջին ժամերուն քանի մը բնակարան եւս պայթեցնելէ ետք: Բանակին հաղորդագրութիւնը նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն զինուորները պիտի շարունակեն իրենց տեղակայումը նոր շրջաններու մէջ, նախ վնասազերծելով պատերազմէն մնացած զինամթերքը եւ ապահովելով քաղաք վերադառնալ պատրաստուող քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Բանակը ուստի քաղաքացիներէն պահանջեց չմօտենալ կասկածելի իրերուն, այլ անոնց մասին իսկոյն իրազեկել առնչակից մարմինները:

Մինչ լիբանանեան բանակն ու ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահները մուտք կը գործէին Խիամ եւ այլ շրջաններ՝ գործադրելու զինադադարի համաձայնութիւնը, իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէր խախտումները՝ թիրախաւորելով Պընթ Ժպէյլը, Այթարունի ճամբան եւ Պէյթ Լիֆի մէջ երթեւեկող ինքնաշարժ մը: Առոջապահութեան նախարարութեան Արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ Պընթ Ժպէյլի մէջ բնակարանի մը թիրախաւորումէն ինկած է երեք զոհ Այթարունի մօտ՝ քաղաքացի մը, իսկ Պէյթ Լիֆի մէջ եղած են վիրաւորներ:

Share64Tweet40
Previous Post

ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

Next Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.