Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

December 11, 2024
in Այլազան
0
ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

 

Ծնած է Իզմիր, բարեկեցիկ ընտանիքէ։ Կը յաճախէ Իզմիրի եւ Երզնկայի Ազգ․ դպրոցները:

Պատանի տարիքէն՝ Իզմիրեան կը հրապուրուի զինագործութեամբ, երիտասարդ տարիքին արդէն կը դառնայ վարպետ զինագործ։

Կը նետուի յեղափոխական պայքարին մէջ։ Սկզբնական շրջանին կը դառնայ Տերսիմի Քեռիի ֆետայական խումբին զինագործը եւ մատակարարը, իսկ ապագային՝ վերջնականապէս կը միանայ խումբին։

Որսորդ, որպէս լաւ նշանառու, վարպետ զէնք նորոգող եւ քաջ կռուող, կը դառնայ Քեռիի աջ բազուկը։ Կը մասնակցի Քեռիի խումբին շատ մը կռիւներուն։ Իր քաջութեամբ աչքի կ’իյնայ յատկապէս Ուրայ գիւղի կռիւին, ուր Քեմախի եւ Երզնկայի գաւառապետը, բանակային զօրասիւնով մը եկած էր յեղափոխականներ փնտռելու։

Երզնկայի մէջ կը ձերբակալուի, բայց կը յաջողի բանտէն փախչիլ: 1895-ի ընդհանուր ջարդերէն ետք կ’անցնի Կովկաս։ Կը հաստատուի Պաքու եւ կը դառնայ շրջանի պատասխանատուներէն։ Աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ բանուորական ելոյթներու կազմակերպման աշխատանքներուն։

Պատգամաւոր կ’ընտրուի Ս․Դ․Հ․Կ․-ի Դ․ համագումարին: Համագումարին կը պաշտպանէ` կուսակցութիւնը իր սոցիալիստական սկզբունքներուն վրայ պահելու տեսակէտը։

4 Նոյեմբեր 1903-ին, Լոնտոնի մէջ, Վերակազմեալներու գնդակին զոհ կ’երթայ Որսորդ։

Share62Tweet39
Previous Post

Ո՞Վ «ԿԱՐԻ ՄԵՔԵՆԱՅ» ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ԱՅՍ ԿԱՂԱՆԴԻՆ…

Next Post

ԲԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

Next Post
ԲԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԲԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.