Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ո՞Վ «ԿԱՐԻ ՄԵՔԵՆԱՅ» ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ԱՅՍ ԿԱՂԱՆԴԻՆ…

December 11, 2024
in Յօդուածներ
0
Ո՞Վ «ԿԱՐԻ ՄԵՔԵՆԱՅ» ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ԱՅՍ ԿԱՂԱՆԴԻՆ…

 

 

Մեր տան ամէնէն փոքրն էի։ Մայրս, հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային, պատեհ առիթ մը կը ստեղծէր՝ հաճելի պատմութեամբ մը զբաղցնելու զիս։ Քոյրերս եւ եղբայրս ինձմէ մեծ էին եւ իրենց յատուկ զբաղումները ունէին։ Այդ պատմուածքներէն մէկ քանին բազմիցս լսած էի, սակայն չէի վարաներ մեծ խանդավառութեամբ եւ յափշտակութեամբ վերստին ունկնդրելու։ Պատմուածքին «ելեւէջներուն» հետ, մօրս ձայնի ելեւէջներն ալ կը փոխուէին եւ պատմութիւնը նոր կեանք ու շունչ ստանալով ՝ նոյն զօրութեամբ կը կլանէր զիս։

Ընդհանրապէս յուզմունքն ու ուրախութիւնը միահիւսուած կ’ըլլային այդ պատմութիւններուն մէջ, որոնք պահ մը հոգիս կ’ալեկոծէին իրենց սրտաշարժ անցուդարձերով, ապա կը բարւոքէին, երբ ուրախ աւարտը վրայ հասնէր։ Դաստիարակիչ էին, այո՛, բայց նաեւ առինքնող՝ դրոշմուած էութեանս մէջ։ Մանկութեան յուշերը անպայման անջնջելի հետք կը ձգեն մեր միտքերուն մէջ ու կը պարուրեն մեր անհատականութիւնը մինչ հասակ կ’առնենք կեանքի յորձանուտին մէջ:

«Կարի մեքենային» պատմութիւնը, մօրս պատմութիւններուն «գլուխգործոցն» էր անվարան։

«Այրի ու չքաւոր կին մը եւ իր դպրոցական զաւակը կ’ապրէին խեղճուկ տնակի մը մէջ։ Կինը դերձակութեամբ կը զբաղէր՝ ի՛ր եւ տղո՛ւն օրապահիկը հայթայթելու։ Շատ սահմանափակ էր անոնց եկամուտը. խեղճ կինը կարի մեքենայ մ’իսկ չունէր: Մատները ծակծկած էին եւ կարմրած ասեղի անդադրում գործածութենէն։ Ամէն առտու, ան փոքր գումար մը կու տար տղուն, որպէս դէպի դպրոց հանրակառքի ծախս։ Տղան, գաղտնի իր մօրմէն, այդ գումարները կը խնայէր եւ քալելով կ’երթար դպրոց։ Կաղանդի նախօրեակին, մայրը շուկայ կը մեկնի՝ կարի աշխատանքէն խնայած դրամով չիր ու չամիչ գնելու եւ տղան ուրախացնելու։ Երբ տուն կը վերադառնայ, հսկայ նուէրի տուփ մը կը նշմարէ տան մէջ։ Անակնկալի եկած՝ հարց կու տայ տղուն, թէ ի՞նչ է այդ։ Տղան մօրը կ’առաջարկէ բանալ տուփը: Ի՞նչ տեսնէ. զարմանք, յուզմունք եւ ուրախութիւնը կը միախառնուին իրարու։ Մայրը կը փաթթուի տղուն վիզը եւ յորդառատ արցունքներ կը հոսին այտերն ի վար․․․»

Կարի մեքենայ մըն էր նուէրը։

Իմ արցունքներս ալ կը սկսէին հոսիլ․․․

Երբ պատմութիւնը իր յուզումնախառն եւ նոյն ատեն իր ուրախ գագաթնակէտին հասնէր, մեծ գոհունակութիւն կը զգայի եւ կարծես պահ մը մէջս ցանկութիւն կ’արթննար պատմութեան օրինակելի տղուն տիպարը մարմնաւորելու։

Տղան, օրեր ու ամիսներ, անտեսելով անձրեւ, ցեխ ու փոթորիկ, քալելով գացած էր դպրոց․․․ խնայած մօրը տուած ամրնօրեայ փոքրիկ լուման․․․ ուրախացնելու զայն կարի մեքենայով մը եւ գէթ հեշտացնելու անոր գործի դժուար պայմանները։

 

Իր զոհաբերութեան ոգիով ու երախտագէտ արարքով, տղան յաջողած էր իրենց «ցուրտ ու խեղճուկ» տնակը ջերմացնել կաղանդի շունչով եւ մթնոլորտով։

Չմոռնա՛նք. ոչ ոք խորհուրդ տուաւ տղուն՝ դիմել նման ազնիւ արարքի։ Պարզապէս իր մօր անձնազոհութիւնն ու թշուառ վիճակը մղած էր զինք այդ քայլին։

Փոխուած են օրերը: Մեր փոքրիկները այսօր չեն սնանիր երախտագիտութեան եւ կարեկցանքի զգացումներով: Ինչ որ կը ցանկան՝ հեշտ է ու հասանելի։ Անոնք յղփացած են զանազան խաղալիքներով, ելեկտրոնային խաղերով եւ բջիջային հեռաձայններով։ Բնականօրէն, պայման չէ թշուառ վիճակ մը ունենալ ուրիշին մասին մտածելու համար։ Կարեկցանքը ազնիւ անհատականութեան ցուցանիշ է: Պէտք է նոր սերունդը նաեւ գիտնայ արժեւորել ու գնահատել իր ունեցածը եւ ըստայնմ ըլլալ երախտապարտ: Երախտագիտութեան զգացումը մարդկային մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է եւ խթան կարեկացանքի: Մենք կրնանք մեր զաւակներուն ներաշխարհը գեղեցկացնել դաստիարակիչ պատմութիւններով ու անոնց հոգին հարստացնել «կարի մեքենայ նուիրող» հերոսներով:

Հաւանաբար շատեր մտածեն, թէ արուեստական բանականութեան այս օրերուն դժուար է փոքրիկներուն հետաքրքրութիւնը թեքել դէպի դաստիարակչական պատմուածքներ՝ ենթադրելով, թէ անոնք համբերութիւն չունին ունկնդրելու։ Բայց իսկապէս կարեւոր է պատմուածքներու ճամբով «միջամտութիւններ» կատարել եւ փոքրիկները դուրս բերել համացանցային համակարգէն ու զանոնք վերացական աշխարհէն փոխադրել դէպի իրական ու մարդկային աշխարհ։

Հարցում մը. Փոքրիկնե՞րը համբերութիւն չունին ունկնդրելու, թէ՞ ծնողները «սիրտ» չունին:

Այսօր քանի՞ մայր պատրաստակամութիւնը ունի պատմուածքի մը ճամբով իր զաւակին նորութիւն մը կամ դաստիարակիչ արարք մը սորվեցնելու․․․ շատ հազուագիւտ։ «Բազմազբաղ» պատրուակին տակ, բջիջային մը կու տան փոքրիկին՝ առանց անդրադառնալու անոր պատճառած ահաւոր վնասներուն: Փոքրիկը երկար ժամեր «կը վերանայ»՝ օրինակելի հերոսներով հարստանալու փոխարէն «game»-երու մէջ թաղուելով։ Հայ մայրը իտէալներու եւ հաստատուն սկզբունքներու խորհրդանիշը չ՞է միթէ։

Արդեօք ի՞նչ պատկերով եւ ներքին բարոյական ի՞նչ հարստութիւններով օժուած սերունդ մը մէջտեղ պիտի գայ ապագային․․․

 

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

«Տարբերակ21»

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՊԷՅՐՈՒԹ-ՓԱՐԻԶ-ԱՐՑԱԽ՝ ԶԷՆ Ի ՁԵՌԻՆ (ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ ԳԷՈՐԳ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Next Post

ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

Next Post
ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ (ՈՐՍՈՐԴ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.