Անցեալ Կիրակի, Երեւանի մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ, ազատամարտիկ Գէորգ Կիւզէլեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Այս անուն-մականունով գանգրահեր ու մօրուքաւոր երիտասարդին լուսանկարը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ 24 Սեպտեմբեր 1981-ին, երբ Փարիզի թրքական հիւպատոսարանի պատուհանէն, ատրճանակը ձեռքին բանակցութիւններու մէջ էր ֆրանսական ոստիկանութեան հետ: Ան կը յայտնուէր սարսափահար տիկնոջ մը հետ, որ պատանդ բռնուած էր հիւպատոսարանը գրաւած զինեալ խմբակին կողմէ: Օրուան մամուլի աշխատակիցներու լուսարձակները կեդրոնացած էին անոր վրայ: Թուրք եւ ֆրանսացի քաղաքական-ապահովական մարմիններ իրարանցումի մէջ էին. նաեւ՝ լարուած եւ պրկուած: ԱՍԱԼԱ-ի Եղիա Քեշիշեան անձնասպանական քօմանտօ-ն յանդուգն եւ իւրօրինակ գործողութեամբ մը իր պահանջները կը ներկայացնէր թրքական իշխանութիւններուն: Աշխարհի ողջ լրատուական միջոցները իրենց ուշադրութիւնը սեւեռած էին Գէորգին վրայ՝ ակնդէտ սպասելով «Վան» գործողութեան աւարտին՝ դրական կամ բացասական հետեւանքներով: Գործողութեան ընթացքին, քօմանտօ-ին ղեկավարը՝ Վազգէն Սիսլեան, վիրաւորուելով, դուրս եկած էր հիւպատոսարանէն՝ բուժման նպատակով ուղղուելով հիւանդանոց՝ ոստիկաններու խիստ հսկողութեամբ: Ապա՝ գործողութեան ղեկը ստանձնած էր Գէորգը, որմէ յետոյ յօրինուած երգ մը այսպէս կը բացատրէր վիճակը՝
Գէորգն ու Արամը, հետերնին Յակոբը, կրկին շարունակեցին իրենց սուրբ գործը: Այսինքն՝ հիւպատոսարանին գրաւման գործը: Բանակցութիւններէ ետք, գրաւումը աւարտեցաւ առանց արիւնահեղութեան: Մարտիկները ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան՝ սպասելով դատավարութեան:
24 Յունուար 1984-ին, Երեքշաբթի օր, կը սկսի դատավարութիւնը չորս մարտիկներուն: Դատարանին նախագահը խօսքը Կիւզէլեանին ուղղելով՝ կը յայտարարէ՝ «դուք ծնած էք 1960-ին, դէպքի ժամանակ եղած էք 21 տարեկան», ապա անդրադառնալով Կիւզէլեանի կեանքին, կը պարզուի, արմատներով Կիլիկիայէն են, հաստատուած Լիբանան: Գէորգը դատարանին առջեւ իր մասին կը յայտարարէ՝ «Ես հնչակեան, այսինքն սոցիալ-դեմոկրատ եմ եղել»: Ուրեմն, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 1975-ին, Գէորգը 15 տարեկան էր: Սերունդ մըն էր, որ այդ տարիներուն սնաւ եւ ուռճացաւ վառօդի հոտին, զէնքի շաչիւններու, անողոք առեւանգումներու, կոյր ռմբակոծումներու, քարսիրտ դիպուկահարներու դաժան եւ արիւնալի պայմաններուն մէջ: Ի՞նչպիսի երիտասարդներ պիտի խմորուէին այդ ահալի տարիներուն: Զէնքի գործածութիւնը դարձած էր հրամայական, օրուան պահանջք՝ մանաւանդ կրակոտ եւ տաքարիւն տղոց համար: Իսկ հայկական առումով, հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան ծիրէն ներս, մարտական ուժերու գոյառումը դարձաւ անխուսափելի եւ Գէորգը, որպէս անդամ հնչակեան յեղափոխական կուսակցութեան, մարտական բարձր գիտակցութեամբ, զէն ի ձեռին միացաւ այդ գուպարին: Անոր կեանքը պիտի ընթանար այս հրեղէն ուղիով: Այդպէ՛ս էր ճակատագրուած:
Եւ ահա՝ Պէյրութէն Փարիզ՝ նոյնինքն մարտական Գէորգն է թրքական հիւպատոսարանի գրաւման խումբին մէջ: Հիւպատոսարան անակնկալ ներխուժման ընթացքին, հիւպատոսարանին հսկիչ-պահապան Էօզէն կը համարձակի ընդդիմանալ. Գէորգ արիւնլուիկ կը զգետնէ զայն: Դատարանի նախագահը կը յայտարարէ՝ որ «դուք կը մեղադրուիք կանխամտածուած սպանութեան եւ բռնութեամբ, զէնքի գործադրումով այնպիսի գործողութիւններ կատարելու համար, որոնք աւելի քան ութը օրուան անկարողութեան հասցուցած են Պալթաօղլուն»: Հետաքրքրաշարժ է նշել, որ Էօզէնի այրին՝ Մերսին քաղաքէն, իր որդւոյն հետ յաճախ կ’այցելէ իր ամուսնոյն շիրիմին՝ իր որդիին յանձնարարելով օր մը վրիժառու ըլլայ իր հօր սպանութեան:
Տարիներու ընթացքին, դատավարական երկար նիստերէ ետք, «Վան» գործողութեան հերոսները ազատ կ’արձակուին, ամբողջացնելով իրենց դէմ արձակուած ազատազրկման պատիժին ժամկէտը:
1988-ին բռնկած ղարաբաղեան շարժումէն ետք Արցախի ճակատներու վրայ ծաւալող ռազմական գործողութիւնները նոր կոչ-հրաւէրներ հանդիսացան մարտական տղոց: Ուստի, չէր կրնար ձեռնածալ մնալ Գէորգ Կիւզէլեանը: Լիբանանի մէջ գաղափարական-մարտական մկրտութենէն ետք եւ Փարիզի մէջ յեղափոխական քուրայի մէջ կոփուելէ յետոյ՝ հերթը եկած էր մարտնչելու յանուն հայրենի հողին: Այս անգամ դարձեալ հնչակեան դրօշին ներքեւ իր յեղափոխական ուխտը կը վերանորոգէր Գէորգը: Կը ստեղծուէր «Մեծն Մուրատ» ջոկատը՝ անոր հրամանատարութեամբ: Անշուշտ անունը ընտրուած էր ի պատիւ Սասնոյ Ա. ապստամբութեան հերոս, հնչակեան մեծ յեղափոխական ու նահատակ Մեծն Մուրատի (Համբարձում Պոյաճեան): Այդ ջոկատին մասին գիրք մը գրած է հայրենի գրող Գրիգոր Ջանիկեան, ուր կը կարդանք՝««Մեծն Մուրատը» հետզհետէ ճկուն ու դիւրաշարժ էր դառնում, գրոհային մարտախմբի վերածւում: Մոխրաթաղի յաղթանակից յետոյ յատկապէս, որի լուրը իսկոյն տարածուեց ամբողջ Արցախում ու նոյնիսկ Հայաստանում, տղաները, երբ նոր տարածք էին ազատագրում, մարտերը չէին ընդհատում, հետապնդում էին նահանջող թշնամուն…»: Փորձառու հրամանատարը իր անջնջելի անունն ու հետքը պիտի ձգէր Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ:
Այնուհետեւ, Արցախի յաղթանակէն ետք կը հաստատուի Հայաստան: Իր 13 Յունիս 1994-ի օրագիրին մէջ կը գրէ՝ «Մարտադաշտում անարդարութեան դէմ կռուելը շատ աւելի հեշտ է, քան խաղաղ պայմաններում: Մանաւանդ՝ յաղթանակած զինուորի համար: Իսկ ես արտագաղթում եմ Միացեալ Նահանգներ: Ինչո՞ւ: Միայն ես գիտեմ:
Մնա՜ս բարով, Հայրենի՛ք: Ես քեզ սիրում եմ»:
Վերջերս հասաւ բօթը՝ իր աչքերը յաւերժօրէն փակած է Պէյրութէն Փարիզ ու Արցախ, իր երիտասարդութեան զէն ի ձեռին պատմութիւն կերտած Գէորգ Կիւզէլեանը: Յարգա՛նք հերոսին:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ