Ի՞նչ կը պատմէր Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը, որուն հրատարակութեան թուականէն սահեր անցեր է ճիշդ 95 տարի։
Անիկա կը պարփակէր ինքնակենսագրական բացայայտ տուեալներ ու կը ներկայացնէր երկճիւղ պատմութիւն մը՝ իրարու ընդելուզուած երկու պատում, երկուքն ալ ողբերգական։
Առաջին պատումը սիրավէպ մըն էր, լի՝ փարիզեան «ազատ» բարքերու սիրարկածային դրուագներով, ուր երկու հերոսներ՝ Փիէռ (գաղթական հայ երիտասարդ մը, հայկական անունով՝ Պետրոս) եւ Նէնէթ (ֆրանսուհի մը), թէեւ զիրար կը դարպասեն, սակայն ցոյց կու տան նկարագրային ու տոհմային հակադիր ըմբռնումներ։ Արեւելքը կարծէք կը բախի Արեւմուտքին…։
Երկրորդ պատումը ազգավէպ մըն է, այլ խօսքով՝ պատմութիւնը Պոլսէն Փարիզ եկած հայ երիտասարդներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կապուի «Նէնէթ»-ի մը, կ’իյնայ փարիզեան մեծ ու փոքր հաճոյքներու ծուղակին մէջ ու հետզհետէ նահանջելով, այսինքն՝ իր ազգային ու բարոյական արժէքները կորսնցնելով կը ձուլուի օտար միջավայրի մէջ, անձնատուր կ’ըլլայ համայնակուլ յորձանքին…։ Վէպին մտաւորական հերոսներէն Սուրէնին բերնով՝ Շահնուր ճարտասանական ոճով կ’աղաղակէ. «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ դեռ մենք կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։ Այս բացասական պատկերը ընդվզում մը կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ՝ «ո՛չ» ըսելու նահանջին։
Վէպին մայր գաղափարախօսութիւնը հիմնուած էր հայապահպանումի եւ ազգային ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութեան վրայ։
«Նահանջը» վէպէն չորս տարի ետք, 1933-ին, Շահնուր լոյս ընծայեց իր Բ. գիրքը՝ «Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը», ուր մէկտեղուած էին եօթը պատմուածքներ (ասոնցմէ մէկը մեր դասագիրքերուն զարդը կազմող «Պճեղ մը անուշ սիրտ»-ն է)։ Նոյն 30-ական թուականներուն Շահնուր ՌԱԿ-ի Փարիզի պաշտօնաթերթ «Ապագայ» թերթին մէջ ստորագրեց հրապարակագրական մեծաթիւ յօդուածներ, որոնք երբեմն սուր գրավէճերու դուռ բացին։ Այդ կրքոտ յօդուածներէն մէկուն մէջ, զորօրինակ, քննադատուած էր նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանը, անոր «Գամբռը» պատմուածքին առիթով։ Իսկ Զարդարեանի զաւակները, որոնք Փարիզ կ’ապրէին, անհանդուրժելի գտնելով Շահնուրի քննադատութիւնը՝ դիմեցին բիրտ ուժի ու… բռունցքի հարուածներով խոշտանգեցին Շահնուրը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ Փարիզի Ֆլորիա ճաշարանին մէջ, 1936 Ապրիլին։ Տմարդի արարք մըն էր այս, որ Շահնուրի մօտ ստեղծեց հայ մտաւորականութեան, ազգային ղեկավարներու եւ առհասարակ հայութեան նկատմամբ սրտաբեկութիւն մը, խորշանք մը։
Գրեթէ նոյն այս ժամանակաշրջանին է որ Շահնուրի երբեմնի գրչեղբայրներէն Վազգէն Շուշանեան (1902-1941),– փայլուն արձակագիր մը մեր գրականութեան մէջ,– լման գիրքի մը ծաւալով հայհոյալից պարսաւագիր մը գրեց իր դէմ՝ «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» վերնագրով…։ Դրդապատճառը՝ Շահնուրի նո՛յն հրապարակագրական կրքոտ յօդուածներն էին դարձեալ։ Բարեբախտաբար ո՛չ մէկ պարբերաթերթ տպեց այդ պարսաւագիրը օրին (ամբողջովին պիտի տպուէր միայն 1998-ին, Պէյրութի մէջ, 175 էջանի առանձին հատորով մը, գրագէտ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ)։
Ամէն պարագայի, մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսերը՝ Շահնուր իր տարերքին մէջ էր։ Ու շատ բնական էր զգացական այս բաւարարութիւնն ու բարոյական կորովը, քանի որ «Նահանջ»-ն ու անոր յաջորդող պատմուածքներու հատորը բաւական հաստատուն դիրք մը ապահովեր էին իրեն գրական մեր ածուին մէջ։
Ամէն ինչ տակնուվրայ պիտի ըլլար 1936-էն ետք, երբ անողոք հիւանդութիւն մը պիտի կառչէր Շահնուրի օձիքին։
Ոսկրա՜խտ…։ Ահա՛ ոսկրային անիծեալ հիւանդութիւն մը, որ այնքան կանուխ կու գար բոյն դնել երիտասարդ գրողին մարմնին մէջ, գրեթէ զգետնելու համար զինք, դժոխքի վերածելու աշխարհը իրեն համար։ Հիւանդ Շահնուրի տառապալից այդ կեանքը ամենայն մանրամասնութեամբ պատմուած կը գտնենք լիբանանահայ գրականագէտ Գրիգոր Շահինեանի «Կենսագրութիւն եւ մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի» խորագրեալ թանկարժէք հատորին մէջ (Անթիլիաս, 1981)։
Արդարեւ, 1937-էն սկսեալ Շահնուրի առողջութիւնը վատթարացաւ գահավէժ ընթացքով։ Հիւանդը, որ ո՛չ մէկ ազգական կամ հարազատ ունէր իր շուրջ եւ միայնակ կ’ապրէր համեստ պանդոկի մը ձեղնայարկի սենեակներէն մէկուն մէջ, մտաւ հիւանդանոց։ Յետոյ՝ ապաքինարան մը։ Յետոյ սկսաւ տաժանագին քաշքշուք մը բուժարանէ-բուժարան, մէկ «սանաթորիում»-էն միւսը, բոլորն ալ ստորնագոյն մակարդակի, քարի պէս մահճակալը՝ համախումբ սենեակներու մէջ, սնունդը՝ անբաւարար, պետական նկուն հոգածութեան կամ կարեկցանքի ենթակայ…։
Բ. Աշխարհամարտի բռնկումը 1939-ին ա՛լ աւելի ծանրացուց Շահնուրի վիճակը։ Վէրքերը կը թարախոտէին, ցաւերը կը սաստկանային։ Գրեթէ անդամալոյծ էր։ Վիրաբուժական միջամտութիւնները կը յաջորդէին մէկը միւսին, մերթ՝ ձախող, մերթ՝ յաջող…։ Եւ որովհետեւ հիւանդանոցները երկարատեւ կեցութիւններ չէին արտօներ՝ Շահնուր կը ստիպուէր հեռանալ դէպի հարաւային գաւառներ, զինք պատսպարող բուժարան մը գտնելու մտմտուքով…։ Բայց ամէնուրեք կ’ապրէր միեւնոյն տառապանքը։ Նամակի մը մէջ կը գրէր. «Առանց դոյզն ամօթի՝ մեռնիլ, մեռնիլ, մեռնի՛լ կ’ուզեմ» (1942)։
Այս ոդիսականը պիտի տեւէր ճի՛շդ քսան տարի…։
Լ. Շ.
(Շարունակելի՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի)