Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ՔԷՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍ)

December 11, 2024
in Յօդուածներ
0
ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ՔԷՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍ)

 

Քէօսէ Սարգիս ծնած է Ալաշկերտի Համատ գիւղը, հաւանաբար 1880–ին ։

Պատանի տարիքէն կը համակուի յեղափոխական գաղափարներով։ Կը մասնակցի Ալաշկերտի մէջ տեղի ունեցող հայ–քիւրտ բախումներուն ու իր խիզախութեամբ աչքի կը զարնէ: Կը հետապնդուի թուրք կառավարութեան կողմէ եւ 1903-ին կ’անցնի Կովկաս։ Կը հաստատուի Կաղզուան եւ կ’ըլլայ հնչակեան զինեալ խումբերու պատասխանատուներէն։

1905-ի հայ-թաթարական կռիւներուն՝ ան Կարսի վրայով կ’անցնի Թիֆլիս եւ կուսակցութեան որոշումով կը մեկնի Ղարաբաղ։ Կը ստանձնէ Շուշիի հայ զիւղացիութեան պաշտպանութիւնը։ Քէօսէ Սարգիս լաւապէս կ’ըմբռնէ կուսակցութեան առաջադրանքը։ Իր զինեալ պայքարի ընթացքին, ան ո’չ միայն չի վնասեր թաթար գիւղացիութեան, այլեւ կը շահի անոնց համակրանքը։ Վերջիններս, Քէօսէ Սարգիսի ղեկավարած խումբին շնորհիւ, յարգանք եւ վստահութիւն կ’ունենան «զանգակի նշան» կրող զինուորներուն նկատմամբ։ Մեծ կ’ըլլայ իր դերը Շուշիի հայութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգամիջեան կռիւներու դադրեցման գործին մէջ։ Հռչակ կը ստանայ որպէս արի ու ազնիւ կռուող եւ կը վայելէ բոլորին համակրանքը։ Ժողովուրդը արժանիօրէն իրեն կու տայ «Շուշուայ պաշտպան» վսեմ տիտղոսը։

Ղարաբաղի հայ-թաթարական կռիւներու մեղմացումէն ետք կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը լծուի մարտական աշխատանքներու։ Եռանդագին հաւատքով կը պատրաստուի Երկիր մեկնելու։ Կը մնայ անմուրազ։

1907 Յունիս 1-ին, զինավարժութեան մը ընթացքին, զոհ կ’երթայ իր զինակիցներէն մէկուն անգիտակ գնդակին։ Կը թաղուի Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ։

Քէօսէ Սարգիսի վայելած ժողովրդականութիւնը կը հաստատուի իր յուղարկաւորութեան ընթացքին։ Ծաղկեպսակներ կը ղրկուին Ս․Դ․Հ․Կ․ Երեւանի, Շուշիի, Արմաւիրի, Պաթումի, Թիֆլիսի, Զանգեզուրի, Սեբաստապոլի, Օտեսայի, Գանձակի, Նովորասիսկի, Պաքուի, Փոթիի, Կարսի մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ՝ «Մայր Հայաստան», «Գուգարգ», «Աստղ», «Հեռաւոր», «Սասուն», «Առիւծ», «Վրէժ», «Այծեամ», «Ապառաժ», «Բագրատունի», «Աւետիք», «Ասլան», «Լօդի», «Մուրատ», «Տարօն», «Հարազատ», «Եփրատ», «Արաքս Բ.», «Օրիորդաց» եւ «Տոկար» խումբերէն։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կ’ըլլայ բազմամարդ, կը մասնակցին տարբեր` կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ կ’անցնի կոզակներու հսկողութեան տակ։

Երբ մահուան գոյժը կը հասնի Շուշի, կը կազմակերպուի սգոյ թափօր, որուն կը մասնակցին նաեւ թաթար գիւղացիներ։

 

ՔԷՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍԻ ԵՐԳԸ

Ալաշկերտից դէպի Կովկաս

Եկաւ մի կրակի կտոր,

Տկարներուն արագահաս

Օգնութեան վազող ամէն օր։

 

Քէօսէ Սարգիսն էր յաղթանդամ,

Նեղեալներուն միշտ բարեկամ․

Դժուար ծնուի ամէն անգամ

Այսպիսի մէկ անձնուէր զինուոր։

 

Ամէն մի հայի բերանը,

Կու տար նորա գովասանը,

Շուշի քաղքի հայ պաշտպանը,

Հրաշալի եւ զօրաւոր։

 

Քսանեւհինգ ամեայ քաջիս,

Ծաղկում էիր գարնան ամիս․

Էլ ո՜ւր գտնենք Քէօսէ Սարգիս,

Երբ դու լինես մեզ հարկաւոր։

 

Ժողովրդի պատը փլաւ,

Անկիւնից մէկ մեծ քար ընկաւ,

Հերոսը զուր տեղը մեռաւ,

Շատերին թողեց սգաւոր։

 

Կտրիճը մահուան տագնապին,

Չի անիծեց նա ոչ ոքին,

Անտրտունջ աւանդեց հոգին,

Ողբացին մարդիկ բիւրաւոր։

 

Զուտ հայ էր, հայի պաշտպան էր,

Ընկածներուն օգնական էր,

Ուղիղ սրտով Հնչակեան էր,

Սիրում էր հայերին բոլոր։

 

ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ

 

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Արիւնոտ գոյերթի վկաներ» գիրքէն

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ն.Ս.Մ.Մ. «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Next Post

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ – 50 (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) – Բ.

Next Post
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ – 50  (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) – Բ.

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ - 50 (ո՞վ պիտի կասեցնէ նահանջը…) - Բ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.