* ԱՄՆ- Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, առաջնորդ սրբազան Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, Ս. Պատարագի ընթացքին մեծարուեցաւ 90-ամեայ Օշին Քէշիշեանը՝ հայ համայնքին եւ հայ ազգին աւելի քան եօթը տասնամեակ անմնացորդ իր ծառայութիւններուն համար։ Տէր Վազգէն քհնյ. Մովսիսեան ներկայացուց յոբելեարը։ Կեանքի հիմնական փուլերու մատնանշումներով, հետաքրքրական անցումներով ան վեր հանեց Օշին Քէշիշեանի կեանքի պատմութիւնը։ Տէր Վազգէն քահանան նշեց Օշին Քէշիշեանի կարեւոր իրագործումներէն. մասնակցութիւնը Մոնթեպելլոյի մէջ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման աշխատանքներուն եւ բացման արարողութեան, իր յարաբերութիւնները եւ մտերմութիւնը իրերայաջորդ հայոց պատրիարքներուն հետ, ազգային բարերարներ Ալեք Մանուկեանի եւ Քըրք Քըրքորեանի հետ, Ուիլիամ Սարոյեանի աճիւններու փոխադրութիւնը հայրենիք, որ Հայաստանէն ստացուած առաջադրանքով վստահուած էր Օշինին, իր հանդիպումները Ամերիկայի երեք նախագահներու հետ, Մոսկուա կատարած այցելութիւնները։ Տէր Վազգէն ըսաւ. «1960-ականներուն Հոլիուուտի մէջ քիչ էինք, սակայն հայ մնացինք Օշինի շնորհիւ»։
Հանդիսութիւնը եզրափակեց Յովնան սրբազանը, իսկ Պատարագի աւարտէն յետոյ հիւրերը հրաւիրուած էին հիւրասիրութեան եկեղեցւոյ Գալայճեան սրահին մէջ:
* ԱՄՆ- Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024, Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնած գրական երեկոն՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակին, անոր ծննդեան 100-ամեակին առիթով։
Մեծատաղանդ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի կեանքին ու գործունէութեան մասին հանգամանաւոր կերպով արտայայտուեցաւ տասնեակ գիտա-հետազօտական յօդուածներու հեղինակ՝ տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան՝ ըսելով. «…Պարոյր Սեւակ եկաւ ճիշդ ժամանակին եւ անցաւ ժամանակէն առաջ իր արուեստով ու տաղանդով»։ Գրիգոր Սիմոնեան շեշտեց բանաստեղծին յանդուգն անհատականութիւնը: Ան իր բովանդակալից ու խիստ շահեկան զեկոյցն աւարտեց ըսելով. «…այնքան ատեն որ կը գոյատեւէ հայ ազգն ու մշակոյթը Սեւակի ձայնը՝ Սեւակի խօսքը պիտի սաւառնի ու խանդավառէ սերունդները»։
Սոյն ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով ելոյթներ ունեցան շնորհալի կատարողներ՝ Ելեն Վարդանեան ամունք «Ալռնելի Զանգակագունը» եւ Արթըր Քէօրօղլեան դաշնամուր (Շոփէն, Նոգթիր Արամ Խաչատուրեան, Սուրերու Պար)։
* ԱՄՆ- Ամերիկահայ գործարար Ալեքսիս Օհանեան Ինսթակրամի իր հետեւորդներուն հետ կիսուած է հայոց պատմութեան մասին ակնարկով՝ ցուցադրելով հայոց թագաւոր Տիգրան Մեծի պատկերով Ք.Ա. 95 թ․ թուագրուող հազուագիւտ հայկական մետաղադրամ։
«Ես էութեամբ մետաղադրամ հաւաքող չեմ, բայց սա վերցուցած եմ: Եթէ դուք հայ էք, ապա գիտէք Տիգրան Մեծի մասին եւ թէ ինչպէս անոր գահակալութեան օրօք Հայոց թագաւորութիւնը ընդարձակուած է՝ դառնալով Հռոմի արեւելքին ամենահզօր պետութիւնը։ Սա հայոց պատմութեան կտոր մըն է այստեղ»,- ըսած է Օհանեան:
* ՊԱՆՏՈԼ – Ֆրանսայի Քոթ Տազիւր գաւառին մէջ գտնուող ծովեզերեայ Պանտոլ քաղաքը ծանօթ է որպէս գինեգործական շրջան: Հոն է, որ կ’արտադրուի մեզի ծանօթ հռչակաւոր Rosé գինին եւ տեղի կ’ունենայ գինիի աւանդական փառատօնը:
Այս տարի փառատօնը տեղի ունեցաւ 7 եւ 8 Դեկտեմբերին: Անոր բացումը կատարուեցաւ Մարսէյի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ Սրբոց Թաթէոս Բարթողոմիոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տրդատ քհնյ. Բազիկեանի աղօթքով եւ սկիհին մէջ միաձուլուած հայկական ու ֆրանսական գինիներու օրհնութեամբ: Փառատօնի հիւրերն էին հայրենի Արենիի քաղաքապետ Յուսիկ Սահակեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական աւարտին Պանտոլի քաղաքապետը Ժան-Փօլ Ժօզէֆ քաղաքապետարանին մէջ հիւրասիրութեամբ մը պատուեց հիւրերն ու հայ մասնակիցները:
* ՎԱՐՇԱՒԱ – 8 Դեկտեմբերին Վարշաւայի «PGE Narodowy» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի ամէնամեայ միջազգային բարեգործական 17-րդ տօնավաճառը:
Այս տարի տօնավաճառին տիկին Թանիա Սայեղ ներկայացուց հայկական ձեռագործ կարպետներ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Նաիրի» հայկական կրթամշակութային կեդրոնի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած հայկական տիկնիկներ։ Երաժշտական կատարմամբ հանդէս եկան «Go Arm» երաժշտական խումբը՝ Ճորճ եւ Արամ Սայեղներու կատարմամբ։
Առանձին տաղաւարով ներկայացուեցաւ հայկական ազգային խոհանոցի ուտեստներ։