Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱԼԻՔ

December 11, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱԼԻՔ

 

Սուրիական ներքին քաղաքական զարգացումներուն զուգահեռ, իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ գործողութիւնները ինչպէս Կոլանի, այնպէս ալ Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ: Բանակը յայտարարեց, թէ երէկ աւելի քան 150 թիրախ հարուածած է Սուրիոյ մէջ՝ սուրիական բանակին կարողութիւնները կործանելու միտումով: Իսրայէլեան յատուկ ուժեր երէկ շարունակած են ներթափանցել սահմանային չէզոք գօտիին մէջ, քանի մը քիլոմեթր յառաջանալով Սուրիոյ հարաւային գօտիին մէջ: Ըստ իսրայէլեան կողմին, Սուրիոյ մէջ իրականացուած գործողութիւնը կը նպատակադրէ ամրապնդել սահմանին եւ մերձակայ շրջաններուն անվտանգութիւնը: Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը ծանր ռումբերով ռմբակոծած են մանաւանդ օդային խարիսխներ՝ կործանելով բազմաթիւ ռազմական օդանաւեր եւ սուրիական բանակին զինամթերանոցները: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բռնագրաւեալ Կոլանէն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը Իսրայէլին համար կը ստեղծէ նոր եւ կարեւոր հնարաւորութիւններ:

Ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտարարեց Սուրիոյ կեդրոնական հատուածին մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան աւելի քան 75 թիրախներ հարուածելու մասին:

Իսկ Սուրիոյ հիւսիսային քրտական շրջաններուն մէջ, թրքական անօդաչու սարքեր երէկ գործադրեցին շարք մը յարձակումներ՝ թիրախաւորելով քրտական պաշտպանութեան ուժերուն դիրքերը, մինչ սուրիական թրքամէտ զինեալ կազմակերպութիւններ գետնի վրայ կը յառաջանային Մենպիճ քաղաքին ուղղութեամբ:

Share64Tweet40
Previous Post

  ԱՍԱՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ԳՈՅԺ

Next Post
ԳՈՅԺ

ԳՈՅԺ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.