Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻԱՆ ԱՌԱՆՑ ԱՍԱՏԻ

December 11, 2024
in Միջազգային
0
ՍՈՒՐԻԱՆ ԱՌԱՆՑ ԱՍԱՏԻ

 

Նոյեմբեր 27-էն սկսեալ, ընդամէնը տասը օրուան ընթացքին հիւսիսէն հարաւ սուրիական բոլոր գաւառներուն տիրապետած Զինուորական գործողութեանց տնօրէնութիւնը եւ նախկին ընդդիմադիր անձնաւորութիւններ այժմ սկսած են համակարգել քաղաքական իշխանափոխութեան փուլերը: Այս առումով, երէկ ժողով մը գումարուեցաւ Ահմատ Շարահի (նախապէս՝ Ապու Մոհամմատ Կոլանի), վարչապետ Մոհամմատ Ժալալիի եւ փրկութեան կառավարութեան նախագահ Մոհամմատ Պաշիրի միջեւ՝ քննարկելու համար իշխանութեան փոխանցումի ընթացակարգը, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ քաոսային դրութեան ստեղծումէն: Հանդիպումին զուգահեռ հաղորդուեցաւ, որ Մոհամմատ Պաշիր պիտի նշանակուի Սուրիոյ անցումային շրջանի վարչապետ՝ կառավարելու համար յաջորդ փուլը: Տապալած իշխանութեան վարչապետ Ժալալի իր կարգին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի իրաւասութիւնները փոխանցելու փրկութեան անցումային կառավարութեան, խոստանալով յաջորդ փուլին համագործակցիլ նոր վարչապետին հետ՝ լաւապէս տնօրինելու համար երկիրը: «Այս փուլին առաջնահերթութիւն է սուրիացիներուն տարրական պէտքերը գոհացնելը», ըսաւ Ժալալի: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց դիւրացնելու բոլոր թղթածրարներու փոխանցումը նոր իշխանութեանց, աւելցնելով որ անոնք այժմ պատասխանատու պիտի ըլլան արտաքին քաղաքականութեան տնօրինումին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 11 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԻՆԿԱՒ ԱՌԱՆՑ ԿՐԱԿՈՑԻ

Next Post
ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԻՆԿԱՒ ԱՌԱՆՑ ԿՐԱԿՈՑԻ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԻՆԿԱՒ ԱՌԱՆՑ ԿՐԱԿՈՑԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.