«ԱՐԱՐԱՏ», 24-29 Նոյեմբեր 1969
Այսօրուան երիտասարդ սերունդներուն համար թերեւս ոչի՛նչ կ’ըսէ «Նոյեմբեր 29»-ն, որ Խորհրդային Հայաստանի ազգային տօնն էր (29 Նոյեմբեր 1920-ին սովետ ուժերը լայն չափով իրենց հակակշռին տակ կ’առնէին երկիրը, վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շիջէր ու ատոր փոխարէն կեանքի կը կոչուէր Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Ռեսբուպլիկան)։
Կար շրջան մը, երբ Սփիւռքի մէջ անպայման տօնախմբութիւններ կը կազմակերպուէին «Նոյեմբեր 29»-ի առիթով, խորհրդայնասէր շրջանակներու գործուն մասնակցութեամբ։ Սովետական Միութեան կազմալուծումէն ու 1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ այդ տօնախմբութիւնները դադրեցան գրեթէ վերջնականապէս։ Միայն մնացին անոնց յիշատակները… մամուլի հին հաւաքածոներուն մէջ։
«Արարատ», ի սկզբանէ ջերմ համակիր սովետ վարչակարգին, 29 Նոյեմբեր 1969-ի իր թիւը ամբողջովին ձօնած է Խորհրդային Հայաստանի 49-րդ տարեդարձին։ Վերլուծական յօդուածներ ստորագրած են Հրանդ Գանգրունի («Հայաստանի խորհրդայնացումը միակ ուղին էր») եւ Սամօ Սարգիսեան («Նոյեմբեր 29-ի պարգեւը հայ նոր սերունդին»), իսկ Ա. էջի խմբագրականը խորագրուած է «Երջանկութեան այգաբացը»։ «Պատմական յեղաշրջում մըն էր կատարուածը,— կը գրէ խմբագիրը։ Իրականացաւ ինչ որ նախատեսած ու երազած էին մեր ժողովուրդի ազատատենչ ու մարդկայնասէր զաւակները, հայութեան ազգային ու պետական ապահովութիւնը տեսնելով ընկերային արդարութեան գաղափարներու յաղթանակին մէջ մեր երկրէն ներս։ Մեծ Հոկտեմբերի ազատարար բազուկն էր որ իսպառ բնաջնջման երախէն խլեց իր ՛՛դաշնակիցներ՛՛-էն ուրացուած ու դաւաճանուած հայը, որ ռուս բանուորա-գիւղացիութեան հետ կնքուած եղբայրական դաշինքին մէջ տեսաւ ոչ միայն իր ֆիզիքական ապահովութիւնը եաթաղանէն, այլ՝ ազգային անկաշկանդ վերելքի կարելիութիւնը»։ Նոյն ծիրին մէջ յօդուած մը հիւրընկալուած է աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանէն («Խորհրդային Հայաստանի գիտութիւնը»), տեղ տրուած է նաեւ Աւետիք Իսահակեանէն ու Կոստան Զարեանէն արժեւորումներու։ Այս վերջին գնահատականներուն առիթով ու անոնց կից՝ Պէպօ Սիմոնեան իր սիւնակին մէջ հարկ տեսեր է ընդգծել իրողութիւն մը. «Իրենք եւս (խօսքը կը վերաբերի Իսահակեանի ու Զարեանի –Լ.Շ.) արտասահմանի մէջ տարագրի անորոշութեան եւ թափառումներու մէջ տուայտելէ ետք, պայծառատեսութեամբ մը, արդի ժամանակաշրջանի մեր ժողովուրդին մշակութային վերածնունդը եւ աճման հնարաւորութիւնները գտան ներկայ Հայաստանի մէջ, ուր մշակութային բոլոր ձեռնարկներն ու հաստատութիւնները կը վայելեն պետական հովանաւորութիւն։ Եւ ճշմարիտ հայրենասիրութեան իրատեսութենէն մեկնելով՝ կոչ ըրին նաեւ արտերկրի մտաւորականութեան, որ համախմբուի Մայր Հայրենիքի շուրջ, որովհետեւ Երեւանը դարձած էր իրաւամբ, Զարեանի բառերով, նոր շրջանի Աթէնքը, ուրկէ պիտի ցայտեն հայ ստեղծագործ մտքին ակունքները»։ Ծանուցուեր է նաեւ, թէ Պէյրութի Խորհրդային Մշակ. Կեդրոնին մէջ (Ժիւսթինիէն փողոց) նոյն օրը պիտի կայանայ Խորհրդային Հայաստանի 49-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւն մը, ուր խօսք պիտի առնեն եղեր Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պէպօ Սիմոնեան։ Միաժամանակ պիտի ցուցադրուի եղեր «Եօթը երգ Հայաստանի մասին» հայկական գունաւոր նոր Ֆիլմը։
Միայն Պէյրութը չէ։ Փարիզի մէ՛ջ ալ նշուեր է «Նոյեմբեր 29»-ն, Փլէյէլ խոշոր սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեամբ։ Յ. Գ. Մովսէսեանի գրչով յա՛տկապէս «Արարատ»–ին յղուած թղթակցութեան մէջ կը կարդանք, թէ ձեռնարկին մասնաւոր փայլք տուեր է Հայաստանի պետական երգի-պարի համոյթը, որ ամիսէ մը իվեր արդէն կը շրջի ու ելոյթներ կու տայ եղեր Ֆրանսայի մէջ։ Յովհաննէս Պատալեանի երգերը խանդավառեր են ներկաները։ Բայց ձեռնարկը ունեցեր է նաեւ իր բանախօսական բաժինը, ուր հերթաբար խօսք առեր են օրուան նախագահը՝ Ռէյմոն Շմիտլէն (Ֆրանսա-Խորհրդային Միութիւն Բարեկամութեան Յանձնախումբի անդամ), Փարիզի մօտ խորհրդային դեսպան Վալերիան Զօրին, ԺԱՖ-ի շրջանակին անունով՝ Շահան Էլէկեան եւ Պարգեւ Շամիկեան։
26 Նոյեմբերի Ա. էջին վրայ տրուեր է ցնցիչ գոյժ մը. նախորդ օրը մահացեր է լիբանանահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր մեներգիչ Գէորգ Կակոսեան, 26 տարեկանին։ Շատ սիրուած, զարգացեալ ու շնորհալի դէմք մը, Պէյրութ եւ Իտալիա ուսանած, որ հազիւ Լիբանանէն Գահիրէ մեկնած,– տեղւոյն վրայ մենահամերգեր տալու համար Կոմիտասի 100-ին առիթով,– անակնկալօրէն անհանգստանալով կորսնցուցեր է իր կեանքը (յետ վիրաբուժութեան), խոր սուգի մատնելով երաժշտասէր շրջանակները։ Ողբացեալին անշունչ մարմինը փոխադրուեր է Պէյրութ, յանձնուելու համար հողին…։ Այս տխուր առիթով հրատարակուած ընտանեկան ու միութենական մահազդերուն կողքին՝ Ս.Ն.(Սարգիս Նաճարեան) յուզիչ մահագրականով մը կ՛ողբայ այս անսպասելի կորուստը։
«Գրական էջ»–ին մէջ հիւրընկալուեր է ֆրանսահայ բանաստեղծ ու գեղանկարիչ Բիւզանդ Թօփալեան (1902-1970)։ Կ’ըսուի, թէ ան մասնակցեր է Թումանեանի 100-ամեակի երեւանեան փառատօներուն ու նաեւ ցուցահանդէս մը բացեր է այնտեղ։ Նախորդ տարի հատընտիր մըն ալ տպուեր է իրմէ Երեւանի մէջ։ Թերթը կ’արտատպէ բանաստեղծին քերթուածներէն նմուշ մը՝ «Ձիթենիներ»։
Նոյն էջին մէջ գրախօսուեր են երկու նորատիպ հատորներ՝ լիբանանահայ արձակագիր Պօղոս Գուբելեանի «Ափրիկեան ափերու վրայ» (1967, տպ. Սեւան) պատմուածքներու առջինեկ ժողովածուն եւ կիպրահայ Սմբատ Տէրունեանի «Ճառագայթ ու մշուշ» (1968, տպ. Ատլաս) քերթողագիրքը։ Գրախօսը Սամօն է։ Այլ սիւնակի մը մէջ Պէպօ Սիմոնեանն ալ խօսեր է ընթերցող խաւի դասակարգերուն մասին։ Ըսուածը այն է, թէ կան «ամաթէօր» ընթերցողներ (որոնք, զորօրինակ, կը սիրեն կարդալ Ակաթա Քրիսթիի երկերը կամ «Նաթ Փինքըրթընի արկածները»…) եւ կան «մասնագէտ» ընթերցողներ։ Այս երկրորդ խմբաւորումին կը պատկանին գրողները, գրականագէտներն ու քննադատները։ Ասոնք կը սահմանեն գրական-գեղարուեստական չափանիշերը, կը կատարեն գիրքերու առարկայական վերլուծումը եւ կ’առաջնորդեն ընթերցողներու գրական ճաշակը։
Թերթին էջերը տակաւին լեցուն են Կոմիտասի 100-ամեակի երեւանեան լուրերով։ Տօնահանդէսներուն մասնակցելու համար օտար բարձրաստիճան հիւրեր եկեր են խորհրդային քոյր հանրապետութիւններէ, նաեւ՝ սփիւռքահայ երաժշտագէտներ, տարբեր գաղութներէ։ Երեւանի մէջ, պետական աւագանիին ներկայութեան, բեմ հանուեր է Էդ. Յովհաննիսեանի նոր գործը՝ «Անտունի» բալէտը, առաջին անգամ ըլլալով։ Կոմիտասի գերեզմանին մօտ ալ (իր անունը կրող զբօսայգիի պանթէոնը) տեղի ունեցեր է «միթինկ», քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ։ Իսկ յոբելենական եզրափակիչ «նիստ»-ը կայացեր է Հայաստանի պետական-կուսակցական եւ հոգեւոր աւագանիի ներկայութեան։ Այստեղ ելոյթ ունեցեր է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանը։
«Արարատ» ամբողջովին տեղ տուեր է նաեւ այն երկարաշունչ ելոյթին, որ ունեցեր է Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան Կենտկոմի քարտուղարներէն Ռոբերտ Խաչատրեան՝ Էջմիածնայ մէջ Կոմիտասի յուշարձանին ու թանգարանին բացման առիթով։ Բանախօսը բաւական ջուր խառներ է իր գինիին…։ Ահա՛ քանի մը շիթ ու կայլակ այդ ելոյթէն. «Խորապէս յարգելով ռուսական մշակոյթը, Կոմիտասը միաժամանակ Ռուսաստանից էր սպասում մեր ժողովրդի փրկութիւնը։ Նա եկաւ միանալու իր սերնդի բոլոր մեծերի եզրայանգմանը, որ մեր ժողովրդի ազգային ու սոցիալական ազատագրումն անկարելի է՝ առանց ռուս ժողովրդի եւ նրա առաջադէմ ուժերի մասնակցութեան ու օժանդակութեան։ …Հանճարեղ Կոմիտասը ստացաւ իր արժանի գնահատականը իր վերածնուած սոցիալիստական Հայրենիքից, իր ժողովրդի Լենինեան Կոմունիստական Կուսակցութեան կողմից»…։
Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լը Սուառ» թերթը անդրադարձեր է երգահան ու խմբավար Աշոտ Պատմագրեանի «Սուիթ» անունով դաշնամուրային նոր գործին, որ հրատարակուեր է Փարիզի մէջ, ձայնապնակով մը կցուած։
Ծանուցումներու բաժնին մէջ կը կարդանք, թէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութեամբ պիտի ներկայացնէ Լեւոն Շանթի «Կայսր»–ը, Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ծանուցեր է, թէ իրերայաջորդ քանի մը ձեռնարկներով որոշեր է նշել Կոմիտասի հարիւրամեակը։ Նախ՝ հանդիսաւոր պատարագ ու հոգեհանգիստ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, ապա 75 արուեստագէտներու մասնակցութեամբ նկարչական-քանդակագործական ցուցահանդէս-վաճառք Ազգ. Երաժշտանոցի սրահին մէջ (Զոքաք էլ Պլաթ), յետոյ՝ երգ ու նուագի կատարողական մրցումներ (Գ. Կիւլպէնկեան սրահ) եւ վերջապէս՝ եզրափակիչ մեծ հանդիսութիւն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահը, ուր խօսք պիտի առնեն եղեր Գնէլ եպս. Ճէրէճեան, Ալեքսիս Պութրոս եւ Օհան Տուրեան։ Այս ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնին մասնակցութիւն պիտի բերեն եղեր «Կոմիտաս» երգչախումբը (խմբավար՝ Սարգիս Շաթրեան), «Կոմիտաս» քառեակը (ղեկ.՝ Օննիկ Սիւրմէլեան), ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեան եւ մենապարուհի Սոնիա Փօլատեան։
Լոյս տեսեր է Գրիգոր Կէօվշէնեանի պատրաստած «Ապահովագրութեան պայմանները եւ օգուտները» ուղեցոյց-գիրքը (տպ. Մշակ)։
Ս. Պսակի խորհուրդով իրենց կեանքը իրարու կապեր են Անդրանիկ Գալճեանն ու Էօժէնի Գափլանեանը (Պէյրութ), ընկ. Սարգիս Փարմագեանն ու ընկհ. Սոնա Պաղտասարեանը (Պէյրութ)։
«Արարատ» քանի մը տողով ցաւակցութիւն յայտներ է իր պաշտօնակից «Ազդակ»–ի խմբագրութեան՝ այս վերջնոյն վարչական տնօրէն Գէորգ Սազճեանի մահուան առիթով։ Հրատարակուեր է ողբացեալին մահազդն ալ (ծնեալ 1898-ին, Ատանա)։
Մահագրական մը կայ ոմն Եփրեմ Էլմայեանի մահուան առիթով։ Ողբացեալը 1890-ի ծնունդ է եղեր, բնիկ կեսարացի։ Կանուխէն անդամակցեր է Հնչակեան կուսակցութեան։ Ապրեր ու գործեր է Պէյրութի մէջ։ Իր գլխաւոր երազն է եղեր Հայաստան այցելելը. կատարուե՜ր է այդ իղձը։ Բայց հազիւ վերադարձած հայրենիքէն՝ փչեր է իր վերջին շունչը…։ Մահագրականին ներքեւ կը տեսնենք ստորագրութիւնը ծանօթ յօդուածագիր Վ. Կեսարացիի։ Եթէ անդրադառնանք որ այս յօդուածագիրն ալ Էլմայեան է (բուն անունով՝ Վահան Էլմայեան), պիտի տարուինք մտածել, թէ ազգականական կապ մը կայ ողբացեալին ու մահախօսին միջեւ։
Կ’աւարտեմ քերականական սայթաքումի մը նշումով։
28 Նոյեմբեր 1969-ի իր թիւով, Ա. էջին ճի՛շդ ճակատը, խոշոր գիրերով, «Արարատ» իր մայր լուրին համար ընտրեր է հետեւեալ վերնագիրը. «Պէտք է ստիպել Իսրայէլին որ պարպէ արաբական հողերը»։
Ո՞ւր է սխալը այստեղ։
«Ստիպել» բայը ներգործական սեռի բայ է ու հետեւաբար՝ կը պահանջէ ուղիղ խնդիր մը, որ այս պարագային «Իսրայէլ» գոյականն է։ Արեւմտահայերէնի քերականութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, որ ուղիղ խնդիրները միշտ ու միշտ կը դրուին հայցական հոլովով։ Ուրեմն, վերոնշեալ խորագիրը կը սրբագրենք սա՛պէս. «Պէտք է ստիպել ԻՍՐԱՅԷԼԸ որ պարպէ արաբական հողերը»։
Ցտեսութի՛ւն։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)