Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

      ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ

December 7, 2024
in Գաղութային
0

       

Հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ պատկան մարմինները ձեռնարկեցին իւրայատուկ աշխատանքի մը: Նկատի առած կրթական մարզին մէջ տեղի ունեցող արագ յառաջխաղացները, քայլ պահելու այդ նորարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ այլ ոլորտներու բարելաւման նպատակով, դիմեցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges and School Accreditation կազմակերպութեան: Դեկտեմբեր 2022-ին, այս կազմակերպութեան վարիչ տնօրէնը այցելեց դպրոց եւ նոյն ամսուան ընթացքին ընդունուեցաւ մեր թեկնածութիւնը:

Դպրոցէն ներս, անմիջապէս կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն ղեկավարութեան համար՝ օրիորդ Սարին Խաչիկեանը հրաւիրուեցաւ այս գործընթացին աշխատանքը կատարելու: Յանձնախումբը կը բաղկանար դպրոցի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներէն, կրթական գործիչէն, հոգեբանէն եւ տնօրէնէն:

Մարտ 2023-էն մինչեւ 8 Ապրիլ 2024 տեղի ունեցան շաբաթական հերթական ժողովներ: Դպրոցի տարբեր գործունէութիւնները նկատի առնուեցան, արժեւորուեցան եւ ըստ այնմ նոր գործընթացներ եւ աշխատելաձեւեր որդեգրուեցան: Այս գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ տոքթոր Թալին Մըսրլեանը:

Պատրաստուեցան աւելի քան 800 թղթածրարներ, որոնք պիտի ծառայէին եւ օգտագործուէին դպրոցին մէջ՝ որպէս ուղեցոյցներ:

Որպէս հեռանկար եւ նպատակակէտ, նկատի առնուեցան եւ որոշուեցան երեք գլխաւոր նպատակակէտեր, որոնց բարելաւման եւ կատարելագործման համար յատուկ աշխատանք պիտի տարուի յառաջիկայ եօթը տարիներու ընթացքին: Յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած նպատակակէտերն են՝ անգլերէնը եւ ուսողութեան նիւթը (Math), որոնց մշակման եւ զարգացման աշխատանքը պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ դպրոցի գրադարանի վերանորոգման եւ արդիականացման գործընթացը պիտի ստանձնէ: Այս բոլորը ընդունուեցան Միացեալ նահանգներու մէջ գործող յանձնաժողովին կողմէ:

2024-ի Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան, ունեցանք կրթական քննիչներու այցելու խումբ մը, որուն անդամները  ժամանած էին արաբական երկիրներէ: Երեք օրուան ընթացքին, անոնք այցելեցին զանազան դասարաններ, տեսակցութիւններ ունեցան աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձութեան անդամներու հետ: Սերտեցին գրաւոր թղթածրարները, ապա իրենց այցելութեան աւարտին, ներկայացուցին վերջնական տեղեկագիրը, որուն մէջ կը յիշուէր ամբողջական յանձնարարութիւնը հաւատարմագրութեան (Full recommendation for accreditation): Ընթացիկ տարուայ Նոյեմբեր 22-ին ստացանք պաշտօնական նամակ մը, ուր կը յայտարարուէր, թէ մեր վարժարանը պաշտօնապէս ճանչցուած եւ ընդունուած էր (accredited) վերոնշեալ կազմակերպութեան կողմէ:

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը կը հանդիսանայ Լիբանանի հայկական առաջին վարժարանը, որ միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ճանաչում կը ստանայ:

Վարձքը կատար աշխատող բոլոր ձեռքերուն, որոնց աննկուն կամքին եւ տոկունութեան շնորհիւ կարողացանք դիմագրաւել Լիբանանի բազմաթիւ դժուարութիւնները:

Շնորհաւորութիւններ առնչակից բոլոր կողմերուն:

 

ԿԲՎ Տնօրէնութիւն

 

Share66Tweet42
Previous Post

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՓՈԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 11 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 11  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 11 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.