Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

December 7, 2024
in Հայաստան
0
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

 

Հայ ժողովուրդին համար 7  Դեկտեմբերը եւս տխուր օր է: 1988 թուականի այդ օրը՝ տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 11:41-ին, հազարաւոր հայեր վերստին կոտորուեցան, բայց այս անգամ ոչ թէ ցեղասպանին կամ թշնամիներու ձեռամբ, այլ՝ բնութեան ցասումին: Օրին Խորհրդային Հայաստանի հիւսիսային հատուածը՝ Սպիտակ, Լենինական (Կիւմրի), Կիրովական (Վանաձոր) քաղաքները եւ բազմաթիւ այլ բնակավայրեր կործանուեցան, երբ ծանր երկրաշարժ մը ցնցեց շրջանը եւ պատճառեց աւելի քան 25 հազար մարդու մահը: Շուտով, Երեւանէն ու երկրի համեմատաբար չվնասուած շրջաններէն, նաեւ Սփիւռքէն եւ բազմաթիւ երկիրներէ հայեր եւ օտարազգիներ փութացին աղէտի գօտի՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու իրենց հարազատները եւ ունեցուածքը կորսնցուցած մարդոց: Երկրաշարժին պատճառով անտուն մնացին տասնեակ հազարաւորներ: Հայաստանի անկախացումէն մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի բնակարանաշինութիւնը աղէտի գօտիին մէջ: Վերջերս, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, վերջապէս Կիւմրիի մէջ բնակարաններ տրամադրուեցան շարք մը ընտանիքներու, որոնք տակաւին անտուն էին երկրաշարժի օրէն ի վեր: Աշխատանքը կը շարունակուի արժանավայել ապաստան տրամադրելու բոլոր տուժողներուն, իսկ Կիւմրին անցնող տարիներուն արդէն դարձած է զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու մէջ Երեւանին հետ մրցող գեղեցիկ տարածք:

Share69Tweet43
Previous Post

«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

Next Post

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԶՈՒՍՊ ՄՆԱԼՈՒ ԿՈՉ

Next Post

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԶՈՒՍՊ ՄՆԱԼՈՒ ԿՈՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.