Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

December 7, 2024
in Միջազգային
0
«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

 

 

Տոհայի մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարներու ժողով՝ քննարկելու համար սուրիական զարգացումները: Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Պասսամ Սապպաղ իր իրաքցի պաշտօնակիցին հետ երէկ Պաղտատի մէջ արծարծեց ռազմական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները, զանոնք համարելով համայն տարածաշրջանին անվտանգութիւնը վտանգող շարժումներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնեց, որ Ըտլիպը, Հալէպը, Համան ու Հոմսը կը գտնուին սուրիական ընդդիմութիւն տիրապետութեան տակ եւ անոնք կը շարժին դէպի Դամասկոս: «Մենք մեր ձեռքը մեկնած էինք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, սակայն ան չպատասխանեց», ըսաւ Էրտողան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնել Լիբանանին՝ վերականգնելու պատերազմին պատճառած աւերը:

Սուրիոյ զարգացումներուն եւ հարաւային Տարաայի մէջ առաջին միջադէպերու մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ, իսրայէլեան բանակը օդային եւ ցամաքային յաւելեալ ուժեր կուտակեց բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ՝ առ ի նախապատրաստութիւն հաւանական որեւէ զարգացումի:

Ռուսիոյ «Թասս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը Սուրիա գտնուող ռուս քաղաքացիներուն յորդորած է անյապաղ հեռանալ երկրէն: Արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայն, Սուրիոյ մէջ կայ «մեծ խաղ մը, որուն մասնակից կը դառնան շարք մը ուժեր»:

Հարեւան Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Շիյյահ Սուտանի կարծիք յայտնեց, որ Սուրիոյ զարգացումները կարելի չէ անջատել Կազայի եւ Լիբանանի պատերազմներէն, որոնք վտանգեցին ամբողջ տարածաշրջանը: «Պաղտատի կեցուածքը անփոփոխ է. մենք կը զօրակցինք Սուրիոյ ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան ու կը պահանջենք յարգել երկրին գերիշխանութիւնը», ըսաւ Սուտանի: Իսկ Իրաքի ժողովրդային միլիսներու խորհուրդի ղեկավար Ֆէլէհ Ֆայյատ շեշտեց, որ Սուրիան Իրաքի անվտանգութեան շարունակութիւնն է, ուստի անոր ապահովութիւնը կարելի չէ անջատել Իրաքէն: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքճի յայտնեց, որ Իրաքի ղեկավարութեան հետ համաձայնած է յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարել սուրիական զարգացումներուն վերաբերեալ: Նախարարը Թեհրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց անհրաժեշտ միջոցներով օժանդակելու Սուրիոյ կառավարութեան, ժողովուրդին ու բանակին: Իսկ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան կը պատրաստուի զինուորական յաւելեալ խորհրդականներ, հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր ուղարկելու Սուրիա՝ զօրակցելու համար իշխանութիւններուն:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՔԱՈՍԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.