Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՈՍԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

December 7, 2024
in Միջազգային
0
ՔԱՈՍԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

 

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ քանի մը օր առաջ սկսած ռազմական զարգացումներուն արձագանգը երէկ լսուեցաւ երկրի արեւելեան եւ հարաւային շրջաններէն եւս: Հարաւի սահմանային Սուէյտէ գաառին մէջ տեղական զինեալ կազմակերպութիւններ յայտարարեցին ոստիկանատունը գրաւելու եւ բանակի անցարգելներուն վրայ յարձակելու մասին: Ըստ Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանին, բանակը դուրս եկած է Թըտմորէն, իսկ տեղացի զինեալներ տիրապետած են Յորդանանի հետ Նասիպ անցակէտին: Հոմսի արեւելեան շրջաններէն հեռացած են նաեւ ռուսական վերջին ուժերը՝ ուղղուելով ծովեզերք: Իսկ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր քրտական կազմակերպութեան ղեկավար Մազլում Ապտի ահազանգեց, թէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարժումները բազմացած են Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի գիւղական շրջաններուն մէջ: Անոր խօսքով, քիւրտերը Սուրիոյ զարգացումները կը քննարկեն ամերիկացիներուն եւ ռուսերուն հետ, մաղթելով որ Անգարայի հետ իրենց խնդիրները լուծուին երկխօսութեամբ, ոչ թէ բախումով:

Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը երէկ յայտարարեց Հոմսի հիւսիսային Ռէսթէն եւ Թէլպիտէ քաղաքներուն տիրապետելու եւ դէպի Հոմս երթը շարունակելու մասին: Զինեալ գործողութեան ղեկավար Ապու Մոհամմատ Կոլանի յայտնեց, որ իրենց շարժումին հիմնական նպատակը նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելն է: «Մեր իրաւունքն է հնարաւոր բոլոր միջոցներով հասնիլ այդ նպատակին: Ռուսերն ու իրանցիները փորձեցին վերականգնել վարչակարգը, սակայն իրականութիւնը այն է, որ իշխանութիւնը մահացած է: Անոր փլուզումէն ետք այլեւս սուրիական հողի վրայ օտարազգի ուժերու ներկայութեան կարիք պիտի չըլլայ», ըսաւ Կոլանի՝ աւելցնելով, որ սուրիացիները արժանի են հաստատութիւններու իշխանութեան, ոչ թէ բոլոր որոշումները առանձին կայացնող միապետի:

Սուրիական ընդդիմադիր զինեալ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներէն Հասան Ապտ էլ-Ղէնի սուրիական բանակի սպաներուն յորդորեց անջատուիլ եւ միանալ ընդդիմութեան: Միւս կողմէ, սուրիական բանակը եւ պաշտօնական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեցին, թէ բանակը պաշտպանական ճակատ կազմած է Համայէն Հոմս առաջնորդող ճամբուն վրայ, ժխտելով նշեալ ռազմավարական քաղաքէն քաշուելու մասին տարածուած լուրերը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 1,5 միլիոն քաղաքացի կրնայ տեղահանուիլ Սուրիոյ մէջ ընթացող զինեալ բախումներուն պատճառով:

Խօսելով Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտ էլ-Ռահմէն ըսաւ. «Նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան սուրիացիներու սպանութեան եւ տեղահանութեան մեծագոյն պատասխանատուներէն է: Ան խօսքի վաճառական է եւ կ’ուզէ օգտուիլ սուրիական հողերէն, սակայն վաղուայ Սուրիան այսօրուանը չէ: Մենք Մայիսէն ի վեր կը խօսինք լայնածաւալ գործողութեան մը պատրաստութեան մասին, ինչ վարչակարգը կը պնդէ, որ անակնկալի մատնուած է զինեալ կազմակերպութիւններու յարձակումէն»:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ

Next Post

«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

Next Post
«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

«ՇԱՏ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄԵԾ ԽԱՂ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.