Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ

December 7, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ

 

Սուրիոյ հետ Լիբանանի հիւսիսային Արիտայի սահմանային անցակէտը երէկ ենթարկուեցաւ հրթիռային ուժգին հարուածի, որուն հետեւանքով կործանուեցան անցակէտին կառոյցները եւ սահմանային կամուրջը: Իսրայէլեան բանակը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը, պնդելով որ թիրախը Հըզպալլայի գործածած զինամատակարարումի ուղին էր: Անցակէտերու ռմբակոծումին եւ Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր զինեալ կազմակերպութիւններու կայծակնային յառաջընթացի լոյսին տակ, լիբանանեան բանակէն յաւելեալ ուժեր երէկ փոխադրուեցան Աքքար, ուր տեղակայուեցան սահմանային գօտիին վրայ եւ հաստատեցին անցարգելներ՝ կանխելու համար սահմանին ապօրինի հատումը: Իսկ Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութիւնը փակ յայտարարեց հիւսիսային սահմանային անցակէտերը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Մասնաայի վերանորոգուած անցակէտը բաց կը մնայ մարդոց երթուդարձին համար:

Սուրիական վերջին զարգացումներուն եւ Համայի ու բանտերէն հարիւրաւոր բանտարկեալներու հաւաքական ազատ արձակումը նկարագրող տեսագրութիւններու լոյսին տակ, առեւանգուած կամ անհետ կորսուած լիբանանցիներուն հարազատները Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն պահանջեցին յանձնառու մնալ իրենց պատասխանատուութեան եւ հետեւիլ կորսուած լիբանանցիներու թղթածրարին: Հարազատներուն յանձնախումբը կը խորհի, որ սուրիական բանտերէն արձակուած մարդոց մէջ գուցէ ըլլան իրենց զաւակները եւս, որոնցմէ շատեր առեւանգուեցան կամ անհետ կորսուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եւ տակաւին որեւէ տեղեկութիւն չկայ անոնց մասին:

 

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլա երէկ իր յատուկ ուժերէն ջոկատներ ուղարկած է Հոմս՝ ընդդիմադիր զինեալ կազմակերպութիւններուն հոսքը զսպելուն մէջ օժանդակելու համար սուրիական բանակին:

Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտ էլ-Ռահման յայտնեց, որ ամբողջութեամբ կտրուած է Իրանէն Հըզպալլային զէնք մատակարարելու ուղիները: Անոր խօսքով, Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր քրտամէտ կազմակերպութեան զինեալները տիրապետած են նշեալ ուղիի Տէր Զօրի հատուածին: «Ցարդ Սուրիոյ մէջ չգրանցեցինք Հըզպալլայի ներկայութիւն, նոյնիսկ Հոմսի շրջանին մէջ, ուր Հըզպալլա միշտ ուժեղ եղած է», ըսաւ Ապտ էլ-Ռահման: Անոր խօսքով, Սուրիոյ տարածքին 70 առ հարիւրը իշխանութեան տիրապետութեան տակ չէ, իսկ այդ իրականութենէն մեծապէս վնասուած է Հըզպալլան: Դիտարանի տնօրէնին համաձայն, Սուրիոյ վերջին զարգացումներէն առաւելագոյնս օգտուողը պիտի ըլլայ խաղաղ ապրելու ձգտող Սուրիոյ ժողովուրդը:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ ԴԷՏԵՐՈՒՆ ԱՉՔԻՆ ԱՌՋԵՒ

Next Post

ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ

Next Post
ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ

ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.