Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

December 6, 2024
in Այլազան
0
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

 

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ գրող, բանաստեղծ, հայագէտ, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ դատի եռանդուն նուիրեալ Ասատուր Կիւզէլեան կեանքէն հեռացած է Լոնտոնի մէջ, 92 տարեկան հասակին:

Ողբացեալը ծնած էր 14 Մայիս 1932-ին, Ալեքսանտրեթ նահանգի Սովուգ Օլուգ հայկական գիւղը: Ան հայ ազգային իրականութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մը եղած է կրթական, հրապարակագրական, եկեղեցական եւ հասարակական մարզերու մէջ իր տարած աշխատանքով:

1957-ին մեկնած է Հնդկաստան եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ դասաւանդած է հայագիտական նիւթեր:

1964-ին ընտանեօք փոխադրուած է Լոնտոն, ուր վարած է «Արեգակ» եւ «Լոնտոն» ամսաթերթերու խմբագրութիւնը:

Հրատարակած է չորս գիրք՝ «Համոյ եւ Ֆատիլէ», «Յարատեւող բարեկամութիւն», «Թերթելով մամուլը» եւ «Կը խօսին նամակները»:

Առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին, հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան եւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 1982-ին Ասատուր Կիւզէլեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Աւելի ուշ, պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիամ Սարոյեան» մետալով` հայ գրականութեան, մշակոյթին, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին մատուցած 60-ամեայ ծառայութեան համար:

2012-ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով` Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով, գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան զարգացման գործին ներդրած աւանդի համար:

Անդամ է Հնդկաստանի Ասիական Ընկերութեան եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 

Ծանօթ. Ողբացեալ Ասատուր Կիւզէլեանի ծաւալուն կեանքի եւ գործունէութեան «Արարատ» պիտի անդրադառնայ շուտով:

 

Share65Tweet41
Previous Post

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԽՆԿՈ ԱՊՈՐ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ (Բ. ՄԱՍ)

Next Post

ԿԵԱՆՔ ՄԸ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԷՐ ՏԱՐՕՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ԿԵԱՆՔ ՄԸ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԻ  ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԷՐ ՏԱՐՕՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ  ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԿԵԱՆՔ ՄԸ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԷՐ ՏԱՐՕՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.