Վերջերս, Շարժայի եւ Տուպայի մէջ տեղի ունեցան երկու բացառիկ իրադարձութիւններ. Շարժայի մէջ «Շարժայի 43-րդ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ»ը (6-17 Նոյեմբեր 2024)՝ «It Starts with a Book» խորագրով: Ցուցահանդէսին բացման արարարողութիւնը կատարեց Շարժայի կառավարիչ Շէյխ դոկտոր Սուլթան պըն Մոհամմատ Ալ Քասիմին:
Գիրքի 43-րդ ցուցահանդէսը հիւրընկալեց 2522 հրատարակիչ, 108 երկիրներէ մասնակցող ցուցադրողներ, 63 երկիրներէ ժամանած 250 հիւրեր, որոնք բաժին ունեցան աւելի քան 1357 տարբեր միջոցառումներէ բաղկացած օրակարգին մէջ, ներառեալ՝ 500 մշակութային նիստեր, սեմինարներ եւ քննարկումներ, ուր հեղինակները անդրադարձան հիմնականօրէն մշակութային եւ գրական հարցերու, նաեւ ուսումնասիրեցին արաբական եւ համաշխարհային գրականութեան վերջին ուղղութիւնները:
Իսկ Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ Տուպայի Մոհամմատ պըն Ռաշիտի անուան գրադարանի միջազգային առաջին խորհրդաժողովը» (The first Dubai International Library Conference)՝ 15-17 Նոյեմբեր 2024-ին, «Մեր գրադարանները. անցեալ, ներկայ եւ ապագայ» (Our Libraries: Past, Present, Future) խորագրով: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան գրադարանագէտներ եւ փորձագէտներ, շուրջ 70 բանախօս աւելի քան 27 երկիրներէ:
Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեան, Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ներկայ գտնուած էր վերոյիշեալ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ այցելած էր Շարժայի մէջ «Kalimat Foundation»ը, որուն հետ արդէն կը գործակցի 2018-էն ի վեր: Գրադարանի աշխատակից Մարալ Տիքպիկեանի հետ, ան այցելած էր նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը:
Ռուզան Տօնոյեան, խորհրդաժողովի աւարտին, հանդիպում ունեցած էր Տուպայի Մոհամմատ պըն Ռաշիտ անուան գրադարանի բաժանմունքներու բաժնի վարիչ-տեսուչ Ալի Ժումա ալ Թամիմի հետ եւ անոր հետ քննարկած գործակցութեան միացեալ ծրագրեր ու նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Էմիրութիւններու գրադարաններու կրթական եւ մշակութային կապերու ամրապնդումին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորացումին, կը յայտնէ Տօնոյեան:
2019-ին, Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան աջակցութեամբ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը առանձին տաղաւարով մասնակցութիւնը բերած էր Շարժայի միջազգային 38-րդ գիրքի ամէնամեայ ցուցահանդէս տօնավաճառին (30 Հոկտեմբեր – 9 Նոյեմբեր):
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն, «IBBY Հայաստան» NGO-ի նախագահ Ռուզան Տօնոյեան հանդիպում մը ունեցած էր Էմիրութիւններու մանկապատանեկան լաւագոյն հրատարակչութեան՝ «Քալիմաթ կրուփ»ի տնօրէն Ամնա Ճումայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ եւ արաբ մանկագիրներու գործերը երկու լեզուներով թարգմանելու հեռանկարային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Կողմերը պայմանաւորուած են ստեղծել հայերէն – արաբերէն երկլեզու գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ իրականացնել հայ եւ արաբ հրատարակիչներու փորձառութեանց փոխանակման ծրագրեր:
«Շահեկան է նման միջազգային տօնավաճառներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը, որովհետեւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հայ մշակոյթը ներկայացնելու օտարազգի գիրք ոլորտի ներկայացուցիչներուն՝ ստեղծելով մշակութային երկխօսութեան եւ հեռանկարային համագործակցութեան նախադրեալներ»,- կ’ընդգծէ Տօնոյեան:
Տնօրէն Ռուզան Տօնոյեանի նշումով, մանկական գրադարանի գործունէութեան մէջ չափազանց կարեւոր է միջազգային համագործակցութիւնը, եւ որպէս միջմշակութային երկխօսութեան վառ օրինակ, գրադարանին մէջ ստեղծուած են եւ տարիներ շարունակ կը գործեն «Գերմանական անկիւն» , «Չինական անկիւնը», «Իրանական անկիւնը» եւ «Արաբական անկիւնը», որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 11 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարան»-ին մէջ, Ազգային մանկական գրադարանի նախաձեռնութեամբ եւ IBBY Էմիրութիւններու ու արաբական Քալիմաթ հիմնարկութեան օժանդակութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան մասնակցութեամբ:
«Արաբական Անկիւնը» կը հանդիսանայ արաբական աշխարհի հարուստ պատմութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, արուեստը եւ աւանդոյթները ծանօթացնելու եւ երկու մշակոյթներուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցու հարթակ մը»,- ընդգծած է տնօրէն Տօնոյեան:
Մինչ այդ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի 85-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցած էր գրադարանին «Արաբական անկիւն»-ի ոչ-պաշտօնական բացումը, որ կարելի եղած էր իրագործել շնորհիւ «IBBY Հայաստանի» գործընկեր «IBBY Էմիրութիւններու» գրադարանին նուիրած 1500 արաբերէն գիրքերով:
Էմիրութիւններ կատարուած աշխատանքային այցելութիւններու ծիրէն ներս, 16 Նոյեմբեր 2024-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնն ու Արաբական անկիւնի պատասախանատու Մարալ Տիքպիքեան այցելած են Շարժայի ազգային Օհաննէսեան միօրեայ վարժարան: Ծանօթանալէ ետք գրադարանի բազմաբնոյթ կրթամշակութային ծրագրերուն, դպրոցին աշակերտները զիրենք հետաքրքրող հարցեր ուղղած են հիւրերուն եւ ցանկութիւն յայտնած մասնակցելու գրադարանին կողմէ կազմակերպուող ամառնային ճամբարին:
Տեղին է նշել, որ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը 1991-էն ի վեր կը գործակցի Նիացեալ Նահանգներու գոնկրեսի, Իրանի ազգային, Ռուսիոյ մանկական, Լեհաստանի ազգային, Շթութկարտի քաղաքային, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Էսթոնիոյ, Շուէտի, Պելառուսիոյ ազգային գրադարաններու, Քրասնոտարի մարզի պատանեկան եւ այլ գրադարաններու հետ՝ գիրքի փոխանակութիւն կատարելով:
Սերտ կապեր ունի սփիւռքի մտաւորականութեան հետ:
Գրադարանը կը գործակցի տեղական կազմակերպութիւններու հետ եւ կ’անդամակցի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու
Նշենք, որ Հայկական գրադարանային ընկերութիւնը, համագործակցութեամբ «Քալիմաթ հիմնարկութեան» (Kalimat Foundation – Kalimat Group) Հայաստանի գրադարաններուն նուիրած է 1000 հատոր գիրք: Գիրքեր ստացած են նաեւ Նոր Նորքի համայնքային, Արմավիրի եւ Արագածոտնի մարզային գրադարանները: Յառաջիկային, արաբական գրականութեամբ կ’օժտուին նաեւ այլ գրադարաններ:
Պարգեւատումներ
Գրադարանը պարգեւատրուած է շնորհակալագրերով, պատուոյ գիրերով եւ մետալներով:
11 Հոկտեմբեր 2019-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագիր ստացած է՝ «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» ծրագրին ծիրին մէջ կատարած ուշագրաւ ձեռնարկներուն, ինչպես նաեւ՝ մշակութային ժառանգութեան ժողովրդականացման մարզին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար:
Ծանօթագրութիւն
Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը կը տանի նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ 1963-էն ի վեր: Մինչ այսօր, հրատարակուած է աւելի քան 500 անուն մասնագիտական գրականութիւն՝ մեթոտական ձեռնարկներ, տեղեկատու-յանձնարարական ցանկեր, մատենագիտութիւններ, հայ դասական եւ ժամանակակից մանկագիրներու եւ երգահաններու կենսամատենագիտութիւններ, «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը, ալպոմներ, ամսագրեր, հայ մանկապատանեկան տպագիր գիրքի եւ մամուլի մատենագիտական ցանկեր եւ այլն։
2004-ին միացած է Հայաստանի գրադարանային միացեալ ինքնաշխատացման (automation) ցանցի ձեւաւորման աշխատանքներուն: «Aleph» ծրագրով կը կատարուի հայատառ եւ ռուսատառ գրականութեան մուտքագրում, իսկ 2014-ին ստեղծուած ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանը կ’օգտագործուի ընթերցողներու սպասարկումը արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:
ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
«Տարբերակ21»
(Յապաւումներով)