«Հոգեւոր առաքելութիւնը երկարատեւ, փշոտ ճամբայ է եւ այդ ճամբան յաղթահարելը, ինչպէս ջանացած եւ իրագործած է Տարօն Սրբազան, հաւատքի խորունկ արարում է հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր ճակատագիրին»:
Ռոպէր Տէր Մերկերեան
Անհնար է, չըսելու համար՝ մեր համեստ ուժերէն բարձր է, կազմել երջանկայիշատակ Տարօն եպս. Ճէրէճեանի կեանքի, աշխարհահայեաց փիլիսոփայութեան ու գործունէութեան ամբողջական ամփոփումը մեր համեստ սիւնակներուն մէջ: Ճիշդ գտանք զանոնք փոխ առնել մարսէյաբնակ բանասէր, լեզուաբան, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր Ռոպէր Տէր Մերկերեանի՝ Տարօն սրբազանի «Եղիցի Ճշմարտութիւն Քո» (Երեւան 2009 թ.) հատորին մէջ տեղ գտած յառաջաբանէն: Ն.Ճ.
Այնտեղ յարգելի դոկտորը կ’ըսէ.- «Համայնքային ընկերային կեանքին մէջ հայ եկեղեցականը ոչ միայն իր ժողովուրդին հոգեւոր առաջնորդ-ուղեցոյցն է, այլ նաեւ այն կեդրոնական առանցքը, որուն շուրջ կը կազմակերպուի համայնքային կեանքը։ Այս առումով, որպէս համայնքային պատմութիւն կերտող անձ, եպիսկոպոսի մը վկայութիւնը, որը տասնեակ տարիներ ծառայած է իր ժողովուրդին եւ ճանչցած հովուապետական բոլոր աստիճանները, ունի պատմաբանական ճշմարտութիւն: Յիշենք որ հայ Առաքելական Եկեղեցին միշտ եղած է ժողովուրդին հոգեւոր և ազգային արժէքներուն պահապանը»: Ճիշդ արտայայտուած է փրոֆեսոր Տէր Մերկերեան, երբ սրբազանին կեանքը բնորոշած է որպէս «խորունկ գաղափարական մտածութեան եւ գործունէութեան երկար ուղի մը Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս իր վարած եկեղեցական պաշտօններուն մէջ» քանի որ հոգելոյս Տէր Տարօն եպս. լաւապէս ճանչցած էր իր ժողովուրդին հետ ըլլալու երջանկութիւնը ինչպէս Վալանսի մէջ, ուր ան ինքզինք աւելի մօտ զգացած է անոր կեանքի մղումներուն, մինչեւ իսկ անոր առօրեային մէջ:
Վերոյիշեալը կ’ամփոփէ «հովուական գործունէութեան մէջ Սրբազան Հօր առաջնորդող նշանաբանը՝ կազմակերպել, կերտել, նոր ոյժ տալ համայնքային կեանքին, բանալ նոր եկեղեցիներ, ուխտագնացութիւններ կատարել, սատարել միջեկեղեցական /էքիւմէնիք/ շարժման, երիտասարդ սերունդը մօտեցնել եկեղեցիին, պարբերականներ հրատարակել» նշած է դոկտորը յանգելով.- «ահա այն բոլոր կալուածները որոնք եղած են անոր մշտական մտազբաղումներուն կեդրոնը։ Այս եղանակով անոր կեանքին պատմութիւնը կը նոյնանայ իր ժողովուրդին պատմութեան հետ»:
Դոկտորը խօսած է Տարօն Եպիսկոպոսի հովուական այցելութիւններուն, անոր բազմաթիւ շրջագայութիւններուն, հայ համայնքային կեանքին, անոր բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն գործունէութեանց մասին, դասելով զինք որպէս «մեծ ճանապարհորդ»:
Հոգելոյս Տարօն սրբազան լաւապէս ըմբռնած էր համայնքային կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Ահա թէ ինչու դոկտոր Տէր Մերկերեան կ’ըսէր, թէ ան լաւ գիտէր «համայնքային կեանքին կազմակերպչական մանրամասնութիւնները, հայ բարերարներուն, համայնքային ղեկավար անձերուն նկարագիրը, անոնց ունեցած դժուարութիւնները, յաջողութիւնները, յուսախաբութիւնները, ուրախութիւնները եւ մեծ ծրագրերու իրականացումով անոնց զգացած մեծագոյն գոհունակութիւնը։ Իր ծրագրերուն իրականացման համար Տարօն Սրբազան կը ներշնչուի իր անձնական փիլիսոփայական նշանաբանէն. «Երբեք մի՛ յուսահատիր, միշտ եղիր աչալուրջ դժուարութիւններուն առջեւ ի դիմաց մեքենայութեանց այլոց, մի՛ տկարանար, եղիր արթուն եւ դուն պիտի ըմբոշխնես քու յաղթանակդ՝ քանզի ճշմարտութիւնը ծնունդ կ’առնէ ցաւին մէջ»։
ՏԱՐՕՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
Գերաշնորհ Տէր Տարօն եպիսկոպոս Ճէրէճեան (աւազանի անունը՝ Ժիրայր) ծնած է Պէյրութի մէջ, 11 Յուլիս 1937 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սահակեան վարժարանին մէջ:
1952 թ. ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքը:
1957 թ. սարկաւագ ձեռնադրուած է:
1959 թ. աւարտած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը:
1960-1963 թուականներուն ուսանած է Անգլիոյ մէջ, նախ` Քելհամի Սուրբ առաքելութիւն, ապա` Լոնտոնի թագաւորական քոլեճ:
1963 թ. հոգելոյս Տէր Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի ձեռամբ աբեղայ ձեռնադրուած է:
1964 թ. նշանակուած է վալանսահայութեան հոգեւոր հովիւը:
Պաշտպանելով վարդապետական թեզ` «Եօթը խորհուրդներ Հայոց Եկեղեցու» թեմայով, կը ստանայ վարդապետական աստիճան 23 Ապրիլ 1965-ին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցիին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ:
1966 թ. կը վերադառնայ Ֆրանսա եւ ծառայութեան կը կոչուի Մարսէյ:
1969 թ. Հոկտեմբերին երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ կը մեկնի Դամասկոս՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ:
1972 թ. կը հրաւիրուի Մայր Աթոռ` դասախօսելու Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ:
1972 թ. Հոկտեմբերէն կը նշանակուի Նիսի շրջակայքի հոգեւոր հովիւ:
1978 թ. կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան գերաշնորհ Տէր Շահէ արքեպիսկոպոս Աճէմեանի ձեռամբ, ներկայացնելով իր «80 քարոզներ» աշխատանքը:
1991 թ. կ’ընտրուի Մարսէյի առաջնորդ եւ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ:
1992 թ. կը ստանայ եպիսկոպոսական օծում` ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի:
2003 թ. Օգոստոսին, ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետին կողմէ կ’արժանայ Հայ Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին:
2003 թ. իր իսկ ցանկութեամբ Սրբազան Հայրը հանգստեան կ’անցնի:
Տարօն եպիսկոպոս Ճէրէճեան հովուապետական ծառայութեան 40 տարիներու ընթացքին աշխուժացուցած է հայկական այն բոլոր համայնքները, որտեղ որ ծառայած է՝ Վալանս, Մարսէյ, Լիոն, Քանն, Նիս, Դամասկոս: Անոր անմիջական միջամտութեամբ հիմնուած են դպրոցներ Վալանսի, Մարսէյի եւ յատկապէս Նիսի մէջ: Նիսի մէջ հիմնադրած է նաեւ երգչախումբ՝ «Սայաթ Նովա» անուամբ: Մարսէյի մէջ հիմնադրած է «Գեղարդ» ծխական պարբերաթերթը, որ այնուհետեւ 19 տարի շարունակ հրատարակուած է Նիսի մէջ:
Կեանքի վերջին տարիներուն առանձնացած էր Ֆրանսայի հարաւային Կրասս շրջանի Օփիօ գիւղաքաղաքը, ապաւինելով նաեւ իր քրոջորդիի՝ Ժիրայր Փօլատեանի հարազատ հոգատարութեան:
Վախճանած է 5 Դեկտեմբեր 2023 թուականին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 86 տարեկան հասակին: Թաղուած է Օփիոյի քաղաքապետարանի գերեզմանատան մէջ:
ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾ ԴԵՐՈՒԱԳՆԵՐ
ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Ես ծնած եմ այն շրջանին, երբ մարդիկ կը գտնուէին պատերազմական խռովայոյզ հոգեբանութեան մէջ: 1937թ. միջազգային պատերազմը նախապատրաստուելու վրայ էր: Ազգեր մէկը միւսին դէմ կը կանգնէին՝ բաժնելու համար իշխանութիւնը, ի հեճուկս համեստ մարդոց թափելիք արիւնին: Իմ մանկական բնաւորութիւնը (պահելով ամէն համեմատութիւն), անդարմանելի կերպով կաղապարուեցաւ այդ չարապիղծ պատերազմի նկարագրին վրայ։ Մեր թաղին մէջ, ես դարձայ բացարձակ տէր. ոչ մէկը կրնար իմ կամքին դէմ ելլել: Իմ բոլոր ընկերներս, որպէս այդպիսին, կը յարգէին զիս: Մարմնապէս կտրիճ էի, անպարտելի: Դպրոցը, ես միշտ դասարանի առաջիններուն մէջ էի: Իմ ուսուցիչները գոհ էին ինձմէ. ուստի ծնողքս հպարտ էր ինձմով։
Դպրոցական տարեշրջանի վերջաւորութեան, մարզական խաղերու մրցոյթներուն մէջ իրաւունք ունէի մասնակցելու երեք մարզական վարժութիւններու: Ընդհանրապէս առաջինն էի` 400 մեթր վազքի, գունդ նետելու եւ սկաւարակ արձակելու մէջ։ Մարմնամարզը ամբողջութեամբ լիցքաւորեց երիտասարդութիւնս:
ՆՈՐ ՀԱՃԸՆ ԹԱՂԱՄԱՍԸ
Թաղամասը, ուր ծնած եմ, կը կոչուի Նոր Հաճըն: Այնտեղ կ’ապրէին միայն հաճընցիներ։ Հաճընը երբեմնի անպարտելի բերդն էր Տաւրոսեան լեռներու, Կիլիկիոյ մէջ։ 1915-էն ի վեր, այդ քաղաքը, իր շրջանով, Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած է:
Նոր Հաճընը հիմնուած է 1920-ականներուն հարուստ հայերու կողմէ` ծագումով հաճընցիներ, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գացած հաստատուած են՝ Հաճըն քաղաքի անկումէն ետք: Ան կը գտնուի Էլ-Նահըր գետի ձախ ափին, սահման կազմելով Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի ու հայահոծ Պուրճ Համուտ արուարձանին մէջ: Ծնողական շէնքը իր խանութով կը գտնուէր այդ թաղամասի գլխաւոր փողոցին վրայ: Ան Ս. Գէորգ եկեղեցիին, ուր մկրտուած եմ, մօտն է կառուցուած, մինչդեռ դպրոցս, Սահակեան վարժարան, իր դաշտով կը գտնուէր աւելի ներքեւ: Հոս այս փոքրիկ մոլորակին վրայ է որ իմ մանկութիւնս օրօրեցի։
ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ
Մայրս կը ցանկար եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ տեսնել իր զաւակներէն մէկը։ Ան փորձեց զայն մեծ եղբայրներուս մօտ: Բայց իր փափաքն իրականացաւ ինձմով։
Ամէն առտու, դասերը սկսելէ առաջ, մենք ունէինք 15 վայրկեան ատենամարզանք․ նորդիկ վարժութիւններ: Մեր մարմնամարզութեան ուսուցիչը՝ Յակոբ Աճեմեան, իր վկայականը Նորվեկիա ստացած էր:
Յունիս ամսուան սկիզբը, պարոն Բենիամին Ժամկոչեան՝ մեր դպրոցի տնօրէնը, երեք հարիւր յիսուն աշակերտները կը բաժնէր երկու խումբերու: Ան անոնցմէ իւրաքանչիւրին կ’անուանէր գոյներով, կարմիր կամ կապոյտ: Պատճառը, որուն համար մէկը կամ միւսը կ’ուզէր «կարմիր» գոյնին դրօշին ներքեւ ներկայանալ, կը վրիպի դեռ ինձմէ: Այդ տարին՝ 1950, ես մաս կազմեցի «կապոյտ» խումբին: Քոյրերս, եւ մանաւանդ Յովհաննէս եղբայրս, որոնք «կարմիր» խումբին մաս կը կազմէին, Շաբաթ օրէն իսկ, սկսան զիս յուսահատեցնել եւ վախցնել։ Մարի քոյրս ինծի կ’ըսէ.
– Ե՞րբ պատմութեան մէջ կապոյտները երբեւիցէ յաղթած են Ողիմպիական խաղերուն:
Յաջորդ օրը, Կիրակի կէսօրէ ետք, մարզադաշտը, ըստ աւանդութեան, լեցուն էր: Պատանիներ կը մագլցէին պատերուն վրայ` մրցոյթները դիտելու համար: Բեմերուն վրայ ծնողք ու բարեկամներ կը ծափահարէին յաղթողներուն։ Այս եղելութիւնը միակն էր Լիբանանի հայ գաղութին մէջ եւ նոյնիսկ, ես պիտի ըսեմ առանց գոռոզութեան, բոլոր համայնքերը միատեղ։
Բազում խաղավարժութեանց կը մասնակցէի, բայց որոշած էի 400 մեթր վազքի մէջ անպայման ըլլալ առաջին պատուանդանին վրայ: Կրնայինք հոս արձանագրել 10 կէտ ի շահ մեր «կապոյտ» խումբին: Կ’ուզէի բոլորին ցոյց տալ, որ համոզումով եւ արթնութեամբ՝ մենք կրնայինք տապալել դրուած կարգը:
Բարձրախօսը յայտնեց, որ 400 մեթր վազքին մասնակցող մարզիկները կը մտնէին մարզադաշտ եւ պատրաստ էին վազելու: Ճիշդ այդ պահուն, եղբայրս, որ ինք եւս կը մասնակցէր այս մարզական կրթութեան, խնդրեց ինձմէ՝ միասնաբար հասնիլ աւարտական գիծին: Առաջին 300 մեթրի վրայ, մենք եղանք միշտ միասին: Հանդիսատեսները մեզ կը քաջալերէին ըստ իրենց պատկանելիութեան. «Յառաջ կարմիր», «Յառաջ կապոյտ» կ’աղաղակէին։ Ոտքի կը կանգնէին՝ մեզ խուրախուսելու համար: Հոս է, որ ես սկսայ մտածել. «Երկու յաղթանակող պիտի չըլլայ, վստահ եմ»: Վերջին դարձուածքին, կ’արագացնէի քիչ մը՝ միշտ պահելով դոյզն հեռաւորութիւն մը երկուքիս մէջ. եւ մենք հասանք աւարտական գիծին: Կը սպասէի, որ վճիռն իյնար «Երկու յաղթանակողներով»: Բայց, մէկ հոգի եղաւ, ան ես եղայ: Այդ տարին, ի զարմանս բոլորին, «Կապոյտ» խումբը յաղթեց աւարտականը։
ԵՐԿՈՒ ՍԻՒՆԵՐ, ԵՐԿՈՒ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եկեղեցիէն վերջ դպրոցն եղաւ երկրորդ գանձն իմ պատանեկութեան. երկու սիւներ, հոգեւոր ու մտաւոր, որոնց վրայ հաստատուեցաւ ամբողջ սերունդ մը յետ Ցեղասպանութեան: Երկու անձնաւորութիւններ, պերճախօսներ, գրեթէ ամէն օր հարստացուցին գիտելիքներս: Առաջինը՝ Գնէլ վարդապետ Ճէրէճեան, որ, աւելի ուշ, դարձաւ արքեպիսկոպոս, ինծի փոխանցեց հայրենական ժառանգութիւնները, եւ երկրորդը՝ պարոն Բենիամին Ժամկոչեան, դպրոցին տնօրէնը, իմ մէջ ձեւաւորեց մարդկային լաւագոյն յատկանիշերը։ Այս դպրոցին մէջ ես կը հանդիպէի ուսուցիչներու, որոնք պիտի արձանագրեն ամբողջ հոսանք մը մտածողութեանց եւ փիլիսոփայութեան իրենց ժամանակաշրջանին։ Անոնց շարքին երախտագիտութեամբ կը փափաքիմ նշել պարոնայք՝ Բենիամին Ժամկոչեան՝ Մաթեմաթիկի ուսուցիչ, Հրանդ Գանգրունի` Հայոց գրականութեան, Յովհաննէս Հաննէսեան՝ Յունաց պատմութեան, եւ Յովհաննէս Երէցեան՝ Հայոց լեզուի:
1952-ի սկիզբը, ես վեցերորդ դասարանի ուսանող էի, երբ մեր տնօրէնը, առաւօտեան ատենամարզանքի ընթացքին, մեզի յայտնեց գոյժը վախճանման Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին: Մեծապէս տխուր էր` մեզի ներկայացնելով մեծութիւնը կորուստին եւ դժուարութիւնը զայն փոխարինելու։ Ան մեր առջեւ վեր առաւ կրօնական կոչումը՝ կարելի լոյսով մը զինքը յաջորդելու: Այս ելոյթն իմ վրայ թողուց հիմնական տպաւորութիւն մը եւ անդառնալի դարձուց որոշումը՝ երթալու դպրեվանք եւ մտնելու Կրօնական կարգէ ներս:
ԴԷՊԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔ
Աւելի ուշ, Յուլիս ամսուն, Անթիլիասի վանքը գացի, որու մասին իմ տնօրէնը յաճախ կ’ակնարկէր: Յաջողեցայ քննութեանցս մէջ. երկու ամիս ետք, ես կը դառնայի ուսանող դպրեվանքի։
Ծնողքս ստացան դրական պատասխան այն քննութեանց, որ ես յանձնած էի դպրեվանքի մէջ: Ես ընդունուեցայ: Ճամպրուկ մը պատրաստուեցաւ: Քոյրերս բոլոր ներքին հագուստներուս վրայ կարած էին անունիս սկզբնատառերը՝ Ժ. Ճ.
1952-ի Սեպտեմբերի առաջին շաբթուան աւարտին, երբ հազիւ 15 տարեկան էի, եղաւ իմ առաջին տեղափոխութիւնը. կը թողնէի հայրական տունը՝ հաստատուելու դպրեվանքէն ներս:
72 թեկնածուներէն միայն 38 ընդունուեցան. ես ասոնց մէջ էի՝ մեծ զարմանք Իլիմոն քրոջս համար, որ չէր հաւատար։ Քանզի, ան կը խորհէր, որ ես շատ անհանդարտ էի՝ ընդունուելու համար կրօնական ուխտէ մը ներս: Այդ իսկ տարին, մենք դարձանք 76 ուսանողներ` կազմելով վեց դասարաններ։
ԱՒԱՐՏ
Պօղոս Առաքեալ կրնար եզրակացնել իմ աշխատասիրութիւնս՝ «Եղիցի ճշմարտութիւն քո», մեր հաւատքը եւ մեր քրիստոնէական համոզումը կենդանացնող հետեւեալ քանի մը բառերուն ընդմէջէն.
«Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը։ Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար Դատաւորը, այն օրը, իբրեւ հատուցում. եւ ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ անոնց որ սիրեցին Անոր յայտնութիւնը» (Բ Տիմթ. Դ 7–8):
Տարօն Եպս. Ճէրէճեան, «Եղիցի Ճշմարտութիւն Քո», Երեւան 2009 թ.: