Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

December 5, 2024
in Գաղութային
0
ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 

Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կʼողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու եւ ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը՝ տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու ազգային իմաստով: Իր եկեղեցիներով, մշակութային, կրթական ու ընկերային կեդրոններով եւ իր հայաբոյր մթնոլորտով Հալէպը եղած է ճառագայթող ներկայութիւն յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Ղեկավարներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ ու հասարակական գործիչներ, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Երեւան, եւրոպական ոստաններէն սկսեալ մինչեւ ատլանտեանի ափերը, իրենց խոր արմատները ունին Հալէպի մէջ:

Այսօր, տագնապի մէջ գտնուող Հալէպի հայութիւնը առանձին չէ: Մենք բոլորս իր կողքին ենք՝ աղօթքի, սիրոյ ու զօրակցութեան ճամբով: Հալէպը մեր ժողովուրդին համար անցեալ չէ՝ իր փառքի օրերով, իր կարեւոր իրագործումներով ու առանցքային դերակատարութեամբ: Հալէպը միշտ պիտի մնայ ներկայ ու նաեւ՝ ապագայ: Ազգի մը հզօրութեան աղբիւրը իր հաւաքական հաւա՛տքն է, տագնապները դիմագրաւելու իր հաւաքական կա՛մքն է, եւ ապագան կերտելու իր հաւաքական յո՛յսն է:

Այսպէ՛ս կը հաւատայ Հալէպի հայութիւնը: Մենք այսպէ՛ս տեսանք ու վկայեցինք, երբ շուրջ տասը տարի առաջ, տագնապի օրերուն այցելեցինք Հալէպ ու եղանք մեր ժողովուրդին հետ: Այսպէս տեսանք ու վկայեցինք, երբ երկրաշարժի օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասին քալեցինք Հալէպի հայահոծ փողոցներէն: Յուսահատութիւն ու անորոշութիւն հեռու են Հալէպի հայութեան կեանքէն:

Մենք միշտ եղած ենք ու պիտի մնանք Սուրիոյ կողքին: Մենք չենք մոռնար, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները իր հողերուն վրայ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ Սուրիան: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը Սուրիոյ պէտք է մնայ ամուր:

Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան, մեր համայնքի բարօրութեան աշխատանքներուն լծուած մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, մեր ժողովուրդին առօրեայ կարիքներուն հասնող մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Ջերմօրէն կ’ողջունենք ներկայ տագնապը միասնական ոգիով ու ճիգով դիմագրաւելու Հալէպի հայութեան ամուր կամքը:

Կ’աղօթենք, որ Աստուած հեռու պահէ Հալէպի հայութիւնը ամէն տեսակ վտանգներէ: Թող սէրն ու խաղաղութիւնը կամար կապեն Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին վերեւ:

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

02 Դեկտեմբեր 2024

Անթիլիաս

 

Share66Tweet42
Previous Post

ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ

Next Post

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԽՆԿՈ ԱՊՈՐ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ (Բ. ՄԱՍ)

Next Post
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԽՆԿՈ ԱՊՈՐ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ (Բ. ՄԱՍ)

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԽՆԿՈ ԱՊՈՐ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ (Բ. ՄԱՍ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.