Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՔ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

December 5, 2024
in Միջազգային
0
ԻՐԱՔ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

 

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Սուրիոյ հարցի քննարկումի արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին միջազգային պատուիրակ Կիր Փեթըրսըն ահազանգեց, որ զինեալ կազմակերպութիւններուն գործողութիւնները կը թիրախաւորեն նաեւ հանրային կառոյցներն ու հիւանդանոցները: «Ճգնաժամը կարելի չէ լուծել ռազմական միջոցներով, այլ անհրաժեշտ է քաղաքական ծրագիր մշակել՝ վերջ տալու սուրիական հարցին»: ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչը իր կարգին դիտել տուաւ, թէ երկրի հիւսիսային շրջաներուն ուղղութեամբ զինեալներուն յարձակումը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց թրքական-իսրայէլեան միացեալ հրահանգի: Իսկ Լիբանանի ներկայացուցիչ Հէտի Հէշէմ արաբական խմբաւորումին անունով դատապարտեց Հալէպի դէմ զինեալներուն յարձակումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ զօրակցելով Դամասկոսին:

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքճի վստահեցուց, որ Թեհրան պիտի ուսումնասիրէ զինուորական ուժեր Սուրիա առաքելու հնարաւորութիւնը, եթէ Դամասկոս այդ մասին դիմում ներկայացնէ Իրանին: Իսկ Իրաքի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ վարչապետ Մոհամմատ Շայյահ Սուտանի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին տեղեկացուցած է, որ Իրաք ձեռնածալ պիտի չմնայ Սուրիոյ մէջ ծաւալող վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց: Սուտանի շեշտած է, թէ հնարաւոր բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ՝ պահպանելու թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Սուրիոյ անվտանգութիւնը: Նախապէս, Թուրքիոյ նախագահը իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած էր քաղաքական լուծումի ջանքերուն Սուրիոյ կառավարութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Էրտողան Անքարայի աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Սուրիոյ ամբողջականութեան եւ հակամարտութեան վերջնական ու արդար լուծումին: Քրեմլին միւս կողմէ հաղորդեց, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին Էրտողանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է Սուրիոյ պետութեան դէմ զինեալ կազմակերպութիւններուն յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը, առաջարկելով վերադառնալ Մոսկուա-Թեհրան-Անքարա խորհրդակցութեանց եռեակին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

Next Post

ԵԹԷ ԻՄԱՆԱՅԻՆՔ…

Next Post
ԵԹԷ ԻՄԱՆԱՅԻՆՔ…

ԵԹԷ ԻՄԱՆԱՅԻՆՔ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.