Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

December 5, 2024
in Միջազգային
0
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

 

 

Սուրիական զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Ըտլիպի եւ Համայի զանազան շրջաններու մէջ կը շարունակէ հարուածել զինեալ կազմակերպութիւններուն դիրքերը, գործածելով հրետանային եւ հրթիռային միջոցներ, ինչպէս նաեւ սուրիական եւ ռուսական օդուժը: Ըստ բանակին, «անցնող 24 ժամերուն սպաննուած է շուրջ 200 զինեալ եւ կործանուած են անոնց պատկանող զինամթերանոցներ ու հրամանատարական կէտեր, իսկ շաբաթ մը տեւած մարտերուն ընթացքին մահացած զինեալներուն թիւը հասած է 1600-ի»:

Սուրիական զինեալ կազմակերպութիւնները, միւս կողմէ, յայտարարեցին բանակի երեք հրասայլ կործանելու մասին: Ըստ զինեալներուն, գործողութիւնները շարունակուած են Համայի գիւղական շրջաններուն ուղղութեամբ՝ անօդաչու սարքերու գործածութեամբ: «Քրտական ուժերուն 80 առ հարիւրը Հալէպի նահանգէն քաշուած է դէպի Ռըքքա», ըսին զինեալ կազմակերպութիւնները: Անոնց համաձայն, վերջին մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած է նաեւ սուրիական բանակի յատուկ ուժերու հրամանատար Սուհէյլ Հասանը:

Համացանցի վրայ երէկ տարածուած տեսագրութիւն մը ցոյց տուաւ «Դամասկոսի ազատագրութեան խորհուրդ» (նախապէս՝ Ժըպհէթ Նուսրա) զինեալ կազմակերպութեան  ղեկավար Ապու Մոհամմատ Կոլանիի Հալէպի պատմական բերդ այցելութիւնը: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Հալէպին տիրապետած զինեալ կազմակերպութիւններուն գլխաւոր ուժն է Կոլանիի գլխաւորած շարժումը: Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ արելեան շրջանին մէջ դիպուկ հարուածներով թիրախաւորած է զինուորական շարք մը դիրքեր, որոնցմէ վերջերս կրակ բացուած էր ամերիկեան ուժերուն ուղղութեամբ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

Next Post

ԻՐԱՔ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

Next Post
ԻՐԱՔ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

ԻՐԱՔ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.