Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

December 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր ամսական նիստին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի, կոչ ուղղելով անյապաղ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի Լիբանան ընթանայ սպասուած բարեկարգումներուն եւ անվտանգութեան ամրապնդումին ուղղութեամբ:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Հանրապետութեան մուֆթի շէյխ Ապտ էլ-Լաթիֆ Տըրիանին ու յայտնեց, որ սկսած է խորհրդակցութիւններու շարք մը՝ քննարկելու լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները: Պասիլի խօսքով, կարելի չէ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը առնչել տարածաշրջանային զարգացումներուն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն ուրախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարը կը գործադրուի, որոշակի խախտումներով հանդերձ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալմանի հետ համաձայնած է աշխատանք տանիլ՝ լիբանանեան բանակին նիւթականով եւ սարքաւորումներով աջակցելու ուղղութեամբ, որպէսզի ան կարենայ երաշխաւորել զինադադարի գործադրութիւնը: Երկու ղեկավարները համաձայնած են նաեւ Յունիսին կազմակերպել պաղեստինեան պետութիւն հաստատելու աշխատանքին նուիրուած համաժողով մը:

Share64Tweet40
Previous Post

  4047 ՄԱՀ եւ 16593 ՎԻՐԱՒՈՐ

Next Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

Next Post
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՀԱՆԴԱՐՏԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.