Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՂԸ՝ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻ ՍԿԻԶԲ

December 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՎԱՂԸ՝ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻ ՍԿԻԶԲ

 

 

Առ ի գործադրութիւն երկամսեայ պատերազմը դադրեցուցած համաձայնութեան, զինադադարին ընթացքը դիտարկող եւ հաւանական խախտումները գրանցող հնգակողմ յանձանախումբը իր աշխատանքները սկզբունքով կը սկսի վաղը՝ Ուրբաթ, առաջին ժողովը գումարելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հարաւի սահմանային Նաքուրայի կեդրոնակայանին մէջ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մաղթեց, որ յանձնախումբը անյապաղ սկսի աշխատանքի, պահանջելով որ ան որոշումներ չպարտադրէ, այլ պարզապէս Լիբանանին օգնէ՝ իրականացնել սեփական որոշումները: Պըրրի երէկ տեսակցեցաւ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Վերջինս վստահեցուց, որ զինադադարը դիտարկող յանձնախումբին աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ օրերուն:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին յայտնեց, որ գործող կառավարութիւնը Շաբաթ օր իր նիստը պիտի գումարէ հարաւային Սուր քաղաքի Պենուա Պարաքաթի անուան զօրանոցին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ յայտարարուած զինադադարի համաձայնութիւնը կը ներառէ զինեալ բոլոր կազմակերպութիւններու ապազինում՝ ներառեալ Լիթանիէն հիւսիս գտնուող շրջաններուն մէջ: Իսկ ամերիկեան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվըն Թել Աւիւէն պահանջեց յստակօրէն յայտարարել Լիբանանի հետ կնքուած զինադադարը յարգելու մասին:

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

  4047 ՄԱՀ եւ 16593 ՎԻՐԱՒՈՐ

Next Post

  4047 ՄԱՀ եւ 16593 ՎԻՐԱՒՈՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.