Գրադարանները կը մնան ոչ միայն ընթերցանութեան վայր, այլեւ ձեռնարկներ կատարելու, մշակոյթ տարածելու եւ զարգացնելու տարածք՝ համագործակցելով դպրոցներու հետ: Ի շարս նորարարական ձեւաչափերով ստեղծուած համացանցային հարթակներուն, գրադարանի դերը զօրացնելը անհրաժեշտութիւն է՝ ներկայացնելով տարբեր բովանդակութեամբ գիրքեր, որոնք կը նպաստեն ընթերցանութեան խթանումին, երեխաներու ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնարտայայտութեան դրսեւորումներուն:
Գրադարանային աշխոյժ միջավայրերէն մին է Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը, ուր սրահները լեցուն են գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի շունչով: Հոս կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ զանգուածային միջոցառումներ՝ ինչպէս «Տարուայ յոբելեար»-ը, «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր», հանդիպումներ, երաժշտական ցերեկոյթներ, գիրքի շնորհահանդէսներ, վէպի քննարկումներ, բանաստեղծութեան ժամեր, մրցոյթներ, հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ, տօնավաճառներ, գարնանային եւ ամառնային ճամբարներ, որոնք ունին եզակի հնարաւորութիւն, օրինակ՝ ամառը անցընել գիրքերու աշխարհին մէջ` հետաքրքրական, ուրախ, ուսուցանող, ստեղծագործական միջավայրի մէջ:
Կը կազմակերպուին համակարգչային գրագիտութեան դասընթացքներ, գրադարաններու նորարարական կառավարման մեթոտները (Strengthening Innovative Library Leaders-(SILL) թեմայով գրադարանավարներու վերապատրաստութեան դասընթացներ:
Գրադարանին առաքելութեան մաս կը կազմէ գրադարանագիտական, տեղեկատու-մատենագիտական, մեթոտական, մշակութային եւ կրթադաստիարակչական գործունէութիւն մը հետեւեալ մանրամասնութեամբ.-
- Սպասարկման սրահներու (ըստ տարիքային եւ բաժիններու շերտաւորման) եւ գիտական բաժիններու միջոցով:
- Գրադարանի ընթերցասրահը՝ 100 տեղով, կը սպասարկէ տարիքային տարբեր խումբերու:
- Գրադարանը ունի գիրքի անկիւններ-բաժիններ: 2019-ի տարեվերջին գրադարանի գերմանական, իրանական եւ չինական անկիւններուն կողքին աւելացաւ եւս մէկը՝ արաբական բաժինը։
- Գրադարանը ունի օտար լեզուներու սրահներ, երաժշտութիւն ունկնդրելու, հեքիաթի եւ ազատ ժամանցի:
- Գրադարանը ունի ընթերցասրահներ: 2006-էն ի վեր գրադարանին մէջ կը գործէ «Իրանական ընթերցասրահ»-ը, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան եւ Իրանի մշակոյթի զարգացման մանկական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Գրադարանին մէջ կը գործէ «Գերմանական ընթերցասրահ»-ը՝ գերմանալեզու հարուստ հաւաքածոյով:
«Գարնանային ճամբար»-ին նպատակն է 6-13 տարեկան երեխաները աւելի մօտեցնել գիրքին եւ ընթերցանութեան եւ ապահովել երեխաներու բազմակողմանի գիտելիքներու ձեռքբերումը երկշաբաթեայ գարնանային արձակուրդներու ընթացքին:
«Ամառնային ճամբար»-ը կը գործէ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ՝ Երկուշաբթի-Ուրբաթ, ժամը` 10:00-17:00: Ծրագիրը նախատեսուած է 6-12 տարեկան երեխաներու համար: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ ժամանցային դասընթացքներ, ճանաչողական այցելութիւններ եւ զբօսապտոյտներ տարբեր մշակութային կեդրոններ:
Գիրքի ճամբար մարզերու երեխաներու համար
Ծրագրին նպատակն է նպաստել 1) մանկապատանեկան ընթերցանութեան մշակոյթի համաչափ զարգացման Հայաստանի տարածքին, մասնաւորապէս սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, 2) նպաստել, որ գիրքը դառնայ մանկապատանեկան կրթամշակութային դաստիարակութեան, մտաւոր զարգացման, ինչպէս նաեւ ամառնային հանգիստի բովանդակալից միջոց մը, 3) նպաստել ընթերցելու մշակոյթի զարգացման եւ գիրք-ընթերցող կապի սերտացման:
Գրադարանին մէջ կը գործեն նաեւ թատերական, նկարչական եւ պարի խմբակներ:
Գրադարանին բոլոր սրահներուն մէջ տարբեր տարիքի ընթերցողներուն համար կը կազմակերպուին օրուայ խորհուրդին համահունչ բազմաբնոյթ, հետաքրքրական կրթամշակութային միջոցառումներ. –
- Տիկնիկային ներկայացում, («Հեքիաթ»-ի սրահին մէջ գրադարանի տիկնիկային թատրոնը եւրոպական հեքիաթի հիման վրայ կը բեմադրէ ներկայացումը):
- Գերմաներէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, դանիական մանկապատանեկան պատմուածքներու ընթերցում եւ քննարկում, ՄԱԿ-ի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործունէութեան մասին:
- Նկարչական ցուցահանդէս (ուր աշակերտներու աշխատանքներուն մէջ կը ներկայացուին պատկերացումները եւրոպական մշակոյթն ու արուեստը, որոնք կ՛արտացոլեն հեղինակներու ստեղծագործական երեւակայութիւնն ու հմտութիւնները):
- Հեքիաթներու բարձրաձայն ընթերցանութիւն:
- Բաց դաս (կը ցուցադրուին եւրոպական գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի մասին պատմող տեսանիւթեր, եւրոպական մշակութային ժառանգութիւնն ու անոր պահպանման կարեւորութիւնը):
- Երաժշտական վիքթորինա՝ գրադարանի ձայնադարանէն կը հնչեն Պեթհովէնի, Շթրաուսի, Մոցարթի ու Վիվալտիի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, այնուհետեւ մասնակից Երեւանի դպրոցի աշակերտները կը գուշակեն ստեղծագործութիւններու հեղինակները, ապա կը ծանօթանան երգահանի կենսագրութիւններուն եւ գործունէութեանը:
«Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ճամբար» նախագիծի երեք օրերու ընթացքին տեղի կ’ունենան նկարչութեան վարպետութեան դասեր, հեքիաթապատումներ, քննարկումներ: Ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ մարզերու երեխաներու եւ պատանիներու համար:
Գրադարանավարի վերապատրաստութեան դասընթացք
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը կ’իրականացնէ «Վարպետաց դասեր» խորագրով «Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացք» ծրագիրը:
Ամէնամեայ ծրագրին նպատակն է ապահովել շարունակական կրթութիւնը գրադարանային ոլորտին մէջ, նպաստել գրադարանավարներու մասնագիտական աճին եւ կարողութիւններու զարգացման:
Մեթոտներու կիրառման գործին մէջ առաջնակարգ կը համարուին գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութեան ձեւաւորման, քննական մտածողութեան, նիւթի շուրջ երկխօսելու եւ միտքեր փոխանակելու ունակութեան զարգացման ուղղուած քայլերը:
Նաեւ իւրաքանչիւր տարիքային խումբի համար կիրառելի մեթոտներէն են՝ թատերականացուած բեմադրութիւններու եւ պատկերազարդումներու ազդեցութիւնը երեխայի մտաւոր եւ յուզական ներաշխարհին վրայ, ուր գրական ստեղծագործութիւններու հերոսները տարբեր իրավիճակներու մէջ ուղիներ գտած են յաղթահարելու դժուարութիւններն ու խնդիրները:
Ծանօթագրութիւն
Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը հիմնադրուած է 1933-ին: 1935-էն ի վեր կը կրէ մանկագիր «Խնկո Ապոր» անունը: 1962-ին ստանալով պետական կարգավիճակ, դարձած է հանրապետութեան մանուկներուն ու պատանիներուն սպասարկող մանկական եւ դպրոցական գրադարաններու մեթոտական կեդրոն մը:
- Գրադարանի հաւաքածոն: Առ 1 Յունուար 2024, հաւաքածոն կը կազմէ 544.282 գիրք, պարբերական մամուլ, տեսալսողական նիւթեր, ելեկտրոնային տեղեկատւութեան ժամանակակից միջոցներ (հայերէն, ռուսերէն եւ 58 օտար լեզուով):
- Տարուայ ընթացքին գրադարանը կը կազմակերպէ աւելի քան 100 կրթամշակութային միջոցառումներ:
- 2004-ին միացած է Հայաստանի գրադարանային միացեալ (automated) ինքնաշխատացման ցանցի ձեւաւորման աշխատանքներուն. «Aleph» ծրագրով կը կատարուի հայատառ եւ ռուսատառ գրականութեան մուտքագրում, իսկ 2014-ին ստեղծուած ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանը ստեղծուած է ընթերցողներու սպասարկումը արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:
«Տարբերակ21»